Երեւան Փորձարարական Արուեստի Կեդրոնինի մէջ մեծ յաջողութեամբ ներկայացուեցաւ «Եոլճու» թատերախումբի բեմադրած «Կոմիտաս» թատրերգութիւնը։
Հրանդ Տինք Հիմնարկի աջակցութեամբ կայացող ներկայացումը հետաքրքրութիւն պատճառեց Երեւանի թատերասէր շրջանակներէ ներս։ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ Լուսաւորիչ Երգչախումբի մասնակցութիւնով խիստ տպաւորիչ այս ներկայացման հեղինակները նաեւ այցելեցին Երեւանի պանթէոնը, ուր յարգանքի տուրք մատուցեցին Մեծն Կոմիտասի անմահ յիշատակին։