ՎՈՒՐԱԼ ԷՕԶՏԷՄԻՐ/ԹՈՐՈՆԹՕ
ԹԱՐԳՄԱՆՈՂ։
ԱՐԹՈՒՆ ԿԷՊԷՆԼԻՕՂԼՈՒ
«Զոմպի ռամկավարութիւնները», որոնք իբրեւ ընտրական քաղաքական համակարգեր, առկայ են ձեւով, բայց զուրկ էութենէ, հիմնական սպառնալիքներ են համաշխարհային ժողովրդավարութեան համար։ Զոմպի ռամկավարութիւնը ճնշումի շատ կոշտ ձեւ մըն է, ուր տեղի կ’ունենայ պարբերական ընտրութիւններ, բայց վարչակարգը նոյնիսկ չձեւացներ, թէ ընտրութիւններն ազատ են կամ արդար։ Զոմպի ռամկավարութիւնը «ընտրական քաղաքական համակարգերուն կենդանի մեռեալն է, որ ճանաչելի է ձեւով, բայց զուրկ որեւէ նիւթէ»։
Զոմպի ռամկավարութիւնները տարածուած են։ Անոնք տեղի կ’ունենան երկրագունդի հիւսիսի եւ հարաւի տարածքին։ Ամբոխապաշտ ինքնակալները յաճախ կը նպաստեն զոմպի ռամկավարութիւններու ստեղծման։ Զոմպի ռամկավարութիւններու դէմ պայքարելու համար նախ պէտք է անջատենք ամբոխապաշտ ինքնակալներու հոգեբանութիւնը։ Օրինակ՝ ինչպէ՞ս կը մտածեն եւ կը զգան ամբոխապաշտ ինքնակալները։ Ի՞նչ բան անոնք կ’արթնցնէ կէս գիշերին։ Ի՞նչ բան անոնք յամառաբար կը մղէ քաղաքական իշխանութիւնը պահելու։
Ամբոխապաշտ ինքնակալ՚ անսահման մեղրի կառչած ճանճ։ Ամբոխապաշտ ինքնակալը նման չէ վերէն վար իշխող աւատական կառավարչի, որու իշխանութիւնը կը փոխանցուի իր ընտանիքի։ Ամբոխապաշտները ունին ընտրողներու հիմք, ընտրուած են, բայց պետական պաշտօնէն միշտ չեն հեռանար ընտրութիւններով։ Ամբոխապաշտ ինքնակալները կը շահարկեն ժողովրդավարութեան գործարանային կարգաւորումները, կը ջնջեն օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու առաքելութիւնը։ Կը փորձեն վերաշարադրել սահմանադրութիւնները։ Իրենց նպատակն է հանրային աղբիրները ու բնութիւնը անձնական շահի համար արտահանել եւ հասարակութեան միամշակոյթ թողել։ Ընտրութիւնները կորսնցնել եւ պետական պաշտօնը թողել կը նշանակէ մեղադրութիւն իրենց բռնակալութեան համար։ Բանտարկութեան կամ ի գին ամէն զոհողութեան քաղաքական իշխանութեան կառչելու միջեւ ընտրութեան առջեւ կանգնած՝ ամբոխապաշտ ինքնակալը կ’ընտրէ երկրորդը՝ առաջինէն խուսափելու համար։
Ամբոխապաշտ ինքնակալը կը նմանի ճանճին, որ կառչած է անսահման մեղրի (այսինքն՝ իշխանութեան), ինքը կարող չըլլար հանգստի կոչուելու կամ հեռանալու քաղաքական պաշտօնէն, եթէ նոյնիսկ ցանկայ։
Ամբոխապաշտ ինքնակալներու շուրջ վերլուծութիւնները կեդրոնացած են անոնց ամբարտաւանութեան եւ իշխանութեան մոլուցքի վրայ։ Անշուշտ, անոնք ունին ամբարտաւանութիւն եւ կը սիրեն անսահման ուժ։ Բայց ինքնակալներու ներքին մտահոգութիւնը, իշխանութեան կորուստով մեղադրուելու վախը, ամենայն հաւանականութեամբ շատ աւելի մեծ նշանակութիւն կ’ունենայ իրենց արարքներու համար, քան ամբարտաւանութեանն ու իշխանութեան տենչը։ Այս հոգեբանութիւնը, որ թաքնուած է ամբոխապաշտ ինքնակալներու ուժեղ հասարակական կերպարներու յետին, մեզ խորհիլ կու տայ, որ անոնք, միեւնոյն ժամանակ, աներեւակայելին երեւակայով ազատ եւ արդար ընտրութիւնները կը զոհեն՝ իրենց իշխանութիւնը պահպանելու եւ կրցածին չափ երկարելու համար։
Ի՞նչ պէտք է ընեն ընդդիմութիւնը եւ ռամկավարութան հաշոյն աշխատողները այն երկիրներուն, որտեղ կը գործեն ամբոխապաշտ ինքնակալական կառավարութիւններ, ինչպէս Թուրքիան, Հունկարիան, Պրազիլը եւայլն։
Նախ՝ մեծ մասամբ կեդրոնանալով ընտրողներու ցանկի եւ ընտրութիւններու թուաբանութեան շուրջ՝ «քուէներու քանի՞ տոկոսը ո՞ր կուսակցութեան բաժնին կ’երթայ» մտածումը բաւարար չէ, եւ իրապէս սահմանափակ նշանակութիւն ունի, եթէ ընտրութիւնները ազատ ու արդար չեն։ Պէտք է շատ աւելի մեծ թափ տրուի ընտրութիւններուն ազատ եւ արդար կատարումը ապահովելու աշխատանքին։
Երկրորդ, ռամկավարութան հաշոյն աշխատողները պէտք է պատրաստուին ազատ եւ արդար ընտրութիւններու դէմ սպառնալիքներու համար եւ սովորականէն դուրս վտանգներն ալ նկատի պէտք է առնեն։ Անցեալ ժամանակներուն, ամբոխապաշտ ինքնակալները խաթարումի ենթարկած են ազատ եւ արդար ընտրութիւնները՝ անոնք դիտմամբ կազմակերպելով ներքին եւ միջազգային հարցերուն վերաբերեալ ընկերային հակամարտութիւններու հետ միաժամանակ։ Թէեւ կարեւոր է նկատի ունենալ ընտրութիւններու դէմ ուղղուած այս սպառնալիքները, ամբոխապաշտ ինքնակալներու հոգեբանութիւնը միշտ անոնց փնտրել կու տայ ինքնապահպանման եւ քաղաքական իշխանութեան նոր ուղիներ։
Նախազգուշական պատմութիւն մը արդէն հասանելի է Covid-19-ի հետ կապուած փորձառութենէ։ Համաճարակը որոշ երկիրներու պատրուակ է ընծայած իշխանութեան կեդրոնացման համար՝ ծայրայեղ տիժիթալ վերափոխման եւ կարեւոր հանրային տարածքներու եւ այլախոհութեան ջնջման միջոցով։ Տիժիթալ վերափոխումն եւ նորութիւնները, թէեւ հեռանկարներ կը ներկայացնեն նախընտրական քարոզարշաւներու եւ քուէարկութեան հանրային մասնակցութեան բերելու համար, միւս կողմէն կարող են հանգեցնել յաւելեալ քաղաքական ուժ ինքնակալներու ձեռքին։ Ազատ եւ արդար ընտրութիւններու համար հանրութեան եւ ժողովրդավարութեան դիտորդներուն անհրաժեշտ է տիժիթալ տեղեկատուութեան կարողութիւններու զարգացում՝ տիժիթալ փոխակերպումը զսպելու համար, ներառեալ քուէներու տիժիթալ հաշուական գործընթացները։ Տրուած քուէներէ բաղկացող պարկերու հսկողութիւնը բաւարար պիտի չըլլայ տիժիթալ ըլլալով ձեւափոխուած ընտրութիւններու պարաքային։
Զոմպի ռամկավարութիւններու մէջ արձագանգի խուցեր
Արձագանգի խուցերը ապատեղեկատուութեան կեդրոններ են, իբրեւ ընկերական կառոյցներ՚ համակարգուած կերպով կը խնայեն ճշմարտութիւնը իր անդամներէ։ Արձագանգի խուցի մը բնակիչները չեն վստահիր արձագանգի խցիկի դուրսէն ստացուած գիտելիքներու եւ անոնց համար միւս համապատասխան ձայները եւ ճշմարտութիւնը «աշխուժօրէն կ’արտաքսուի եւ կը վարկաբեկուի»։ Արձագանգի խուցին մէջ ապրիլը կը նմանի պաշտամունքի անդամակցութեան։ Շատ դժուար է «քակել» արձագանգի խուցը, երբ այն ձեւաւորուի, եւ իր անդամները համոզուին ապատեղեկատուութիւն ընդունելու համար։ Որոշ երկիրները արձագանգի խուցեր դարձած են։
«Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն» յանձնաժողովի ղեկավարներէն փոխանցուած փոքրամասնութիւններու միատարրացման եւ ցեղապաշտ ատելութեան պետական նախագիծը եւ գլխաւոր պատմութիւնը կը շարունակուի այսօր ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ՝ ստեղծելով ապատեղեկատուութեամբ լի իսկական արձագանգի խուց։ Մինչ զանազան քաղաքական կուսակցութիւններ եկեր եւ գացեր են քաղաքական իշխանութեան վերջին հարիւր տարուայ ընթացքին, միատարրացման գերիշխող գլխաւոր պատմութիւնը մնացած է ամուր՝ ժխտելով Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ բազմաթիւ փոքրամասնութիւններու դէմ բազմաթիւ պատմական անարդարութիւնները։ «Հոգեցնցում եւ կայունութիւն. հայերը Թուրքիոյ մէջ» գիրքին մէջ հեղինակ Րաֆֆի Պետրոսեանը կը նշէ. «Ցեղասպանութեան ժխտումը անոր շարունակումը ըսել է»։ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը պէտք է վերջ գտնէ։
Թուրքիան փոփոխութեան տակ է, բայց միատարրացման ցեղասպանական գլխաւոր պատմուածքը՝ ոչ։ Այս կը դրսեւորուի յատկապէս փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ճնշումներով, եւ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն՝ առողջապահութեան, առեւտուրի, հանրային փոխադրութեան մէջ։ Քաղաքական առաջնորդներու ռամկավար կեցուածքը հաւատալի չկրնար ըլլալ, մինչեւ որ Թուրքիոյ մէջ անջատուի ապատեղեկատուութեամբ լեցուած արձագանգի խուցերը, եւ միատարրացման ցեղասպանական գլխաւոր պատմութիւնը բացայայտուի բոլոր երեսակներով։ Միայն այդ պարաքային հնարաւոր է թանձրացեալ քայլեր նետել դէպի արմատական, ամուր եւ իրական ժողովրդավարութեան եւ ազատագրել մեր կեանքերը։