Սիրելի Չիղտեմ, հոգիս…
Օտար երկիր ապրելը ինծի յարմար չէ» ըսած էիր։ Դատուելու համար Գերմանիայէն եկար, իսկ անոնք քեզ ձերբակալեցին չփախչիս ըսելով։ Ո՞վ կը վստահի այս որոշումներուն, ո՞վ յարգանք կը ցուցաբերէ։
Չէինք յուսար այս պատահածները։ Ոչ ոք կը յուսար։ Մինչդեռ մեր բարեկամները հալածեցին, զրպարտեցին։ Ահմետ Ալթանը կը խորհիմ, Ահմետ Շըքը, ապա մեր Էօզլեմը, Օսմանը, մեր Պիրճանը, Թուրքիոյ բոլոր վիշտերուն հասնող մեր փաստաբան ընկերները՝ Սելչուք Քօզաղաչլըն, Խաղաղութեան Ակադեմականները, ՀՏՓ-ի քաղաքական գործիչները, Այսէլ Թուղլուքը։ Տակաւին չեմ խօսիր Ջութակիս ըրածներնուն համար։ Նորէն ալ չէինք յուսար։
Եղածները տեսնելով ըլլալիքները ենթադրելը շա՞տ դժուար է։ Ենթադրելը ուրիշ բան է, յուսալը ուրիշ։ Կը խորհիմ թէ ԱՔՓ-ի առաջին տարիներուն որքան մեծ յոյսեր սնուցած էինք։ Եւրոմիութեան չափանիշներուն յարմարուելու տրամադիր կ՚երեւար։ Ակադեմականները, մտաւորականները, գրողներ, գծողներ համարեա ամբողջ ժողովրդավարական հասարակութիւն, մը ներառեալ Ջութակս ինչ մեծ յոյսով կը խրախուսէինք։ Պետական բռնութեան վերանալու հաւանականութիւնը որքան ալ յուսադրիչ էր։ Եւ ամենադժուար օրերնուս։ Մարդու Իրաւունքներու արմատանալուն, արդարութեան, խօսքի ազատութեան որքան մեծ կարօտ ունէինք։ Անցեալի հետ բարեխղճօրէն առերեսուելու շատ ու շատ կարիքը կը զգայինք։ Տակաւին ալ այդպէս է։
Յանցագործութիւնը յանցագործութեան վրայ, մեղքը մեղքի վրայ բազմացաւ։ Ոչ մէկուն հետ առերեսուեցան եւ ալ աւելի ցեխաթաթախ եղան։ Ափսոս որ ինքնագովութենէ տարուելով սուտի մատնուեցան։ Դրամին ծառան դարձան։ Արդարութիւնն ալ, ամօթի զգացումն ալ, Աստուծմէ վախնալն ալ մոռցան։ Ոչ թէ բռնութիւնը, այլ բռնակալները փոխուեցան։ Նոյնիսկ անոնք ալ չեն փոխուած։ Նոյն մութ ու խաւար դէմքերն են հրապարակի վրայ։ Որքան գրաւիչ է ուժը։ Իրենց դահիճներուն հետ խրախճանքի սեղանը նստան։ Հինումաշ ալպոմներուն իրենց դէմքերը կպցուցին։
Սուրբ Գիրքի մէջ կը հարցուի. «Ո՞վ Տէր, ո՞վ կրնայ այցելել քու վրանը, ո՞վ կրնայ բնակիլ քու սուրբ լերան վրայ։ Անթերի կեանք վայելողը, արդարը, ճշմարտախօսը։ Ան որ չի զրպարտեր։ Ան որ չի վնասեր բարեկամին, հարեւանին»։
Սիրելի Չիղտեմս, դուն միշտ մեզ հետ էիր։ Քո սրտիդ բաբախումով ջերմացուցիր մեզ ալ։ Մեր ընկերը ու բարեկամը դարձար։ Տակաւին կը շարունակես ճշմարտութեան եւ արդարութեան համար պայքարիլ։ Բոլոր տուժածներուն կողքին ես, ինչպէս սիրելի ամուսինդ Մուրատը, հայրդ եւ սիրելի մայրդ։
Խորապէս ցնցուած ենք։ Զարմանքով կը դիտենք «Կէզի» զբօսայգիի դատավարութեան վճիռները։ Չեն յուսալքուած։ Օրը կը հասնի այս չարխը կը շրջի եւ արդարութիւնը կը կայանայ։ Իրողութիւնը վաղ թէ ուշ կը պարզուի։ «Կէզի» զբօսայգիի այդ վսեմ ոգին իրենց ոխակալութեամբ դատի վերածեցին եւ բազում բարի կեանքեր խլեցին։ Ջահել ջիվան երիտասարդները եւ անոնց ընտանիքները մարմնապէս, թէ հոգապէս վիրաւորեցին։ Պատմութիւնը պիտի արձանագրէ թէ մարդիկ ինչու համար բողոքեցին, ինչպէս վարուեցան եւ անոնց ինչ արժանի տեսնուեցաւ։ Իրաւ յանցագործը յստակօրէն պիտի պարզուի։
Ոխը եւ ատելութիւնը միշտ ցաւ կը բերէ։ Այս է ճշմարտութիւնը։ Անձը իր մէջ սնուցած ցեղապաշտութիւնով, ինքնակեդրոն մերձեցումով իրմէ չեղողին դէմ յարուցած ոխ ու ատելութիւնով կամ նախանձով առանց առերեսուելու դոյզն իսկ չի կրնար ուղղուիլ։ Կը շարունակէ նոյն սխալ ընթացքը։
Մեր հայեացքը միշտ երկրին լուսաւոր երեսին ուղղուած է։ Ջութակս յուղարկուաւորելու պահուն ալ, «Կէզի»ի դիմադրութեան օրերուն ալ։ Պիտի շարունակենք այդ լուսաւոր երեսին նայիլ եւ հոն քու լուսեղէն դէմքդ պիտի տեսնենք։ Քու եւ քեզ նման պայքարող բարեկամներուդ լուսեղէն դէմքը եւ բարի սիրտը պիտի տեսնենք։
Սիրելի Չիղտեմ քու եւ «Կէզի»ի դատավարութեան բոլոր բանտարկեալներու ազատ արձակումը անհամբեր սպասելով սիրով ու կարօտով կը գրկեմ քեզ։ Ծնունդդ շնորհաւոր
Ռաքէլ Տինք