ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Երբ թափանցիկութիւնը կը բացակայի

Պոլսոյ հա­յու­թեան իբ­րեւ կազ­մա­կեր­պո­ւած հա­մայնք քայ­քա­յու­մը սկսաւ եր­ջանկա­յիշա­տակ Մես­րոպ Պատ­րիար­քի հի­ւան­դութեան յայտնու­թիւնով։ Պատ­րիար­քա­րանի շրջա­նակ­նե­րը այդ օրե­րուն վա­րանե­ցան յստակ իրո­ղու­թիւնը խոս­տո­վանե­լու։ Փոր­ձե­ցին եր­կար ժա­մանակ քօ­ղար­կել այն իրո­ղու­թիւնը, որ հետզհե­տէ բա­ցայայտ դար­ձած էր։ Ի՞նչ էր այդ գաղտնա­պահու­թեան տրա­մաբա­նու­թիւնը։ Ի վե­րջոյ երբ հար­կադրո­ւեցան յայ­տա­րարել այն ինչ որ իրո­ղու­թիւն է, այս ան­գամ ալ գո­յացաւ ուիշ յի­մար մտա­վախու­թիւն մը՝ իբ­րեւ թէ այսպէ­սով խնա­յած պի­տի ըլ­լա­յինք Պատ­րիարք Սրբա­զանի ար­ժա­նապա­տուու­թիւնը։ Ան­շուշտ ան­հասկնա­լի է թէ ինչպի­սի՞ առնչու­թիւն մը կը տես­նէին հի­ւան­դութեան եւ ար­ժա­նապա­տու­թեան մի­ջեւ։

Սա­կայն այս ալ որոշ չա­փով կա­րելի է հաս­կա­ցողու­թեամբ դի­մաւո­րել, քա­նի որ ըն­կե­րու­թեան մէջ ալ յա­ճախ կը հան­դի­պիք այդ նոյն բծախնդրու­թեան։ «Չըլ­լայ որ մարդ լսէ, ոչ ոք լուր չու­նի տա­կաւին»։ Ի՞նչ կայ այս գերզգա­յուն մեր­ձեցման ետին չեմ կրցած գու­շա­կել։ Հա­սարակ մարդկանց պա­րագա­յին որ­քան ալ անտրա­մաբա­նական թո­ւի, կա­րելի է յար­գանք ցու­ցա­բերել եւ ըսել որ «Քա­նի որ չեն ու­զեր, չենք խօ­սիր այս մա­սին»։ Բայց երբ խօս­քը կը վե­րաբե­րի ազ­գա­պետի կո­չում ու­նե­ցող մէ­կու մը, այն ատեն ոչ ոք իրա­ւունք ու­նի նման անի­մաստ գաղտնա­պահու­թեան։

Պատ­րիար­քա­րանի թե­րացու­մը այդքա­նով ալ կանգ չա­ռաւ, երբ ի դէմ բժշկա­կան տե­ղեկա­գիր­նե­րու պաշ­տօ­նապէս յայ­տա­րարե­ցին թէ հրաշքնե­րու կը հա­ւատան եւ հե­տեւա­բար չեն ցան­կա­նար յու­սալքո­ւած կեր­պով ընտրու­թիւն կազ­մա­կեր­պե­լու։

Այ­սօր ահա­ւասիկ այդ մո­լորած ռազ­մա­վարու­թիւննե­րու քան­դիչ հե­տեւանքներն են, որ կ՚ապ­րինք։ Կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ մե­զի պար­տադրո­ւեցաւ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու վար­չութիւննե­րը ընտրե­լու նոր կա­նոնա­գիր մը։

Այդ կա­նոնա­գիրը զա­նազան թե­րու­թիւննե­րով լե­ցուն էր։ Տրա­մաբա­նու­թիւնը կը պա­հան­ջէր իս­կոյն առար­կել այդ սխա­լու­թիւննե­րուն եւ պա­հան­ջել կա­տարե­լագոր­ծո­ւած կա­նոնա­գիր մը։ Որ­քան զար­մա­նալի է թէ իշ­խա­նու­թիւննե­րը կարճ ժա­մանա­կահա­տուա­ծի մը մէջ երկրորդ ան­գամ հայ հա­մայնքը կը դնէին պար­տադրան­քի դի­մաց եւ իբ­րեւ թէ այս հա­մայնքի բա­նիմաց զան­գուածը փո­խանակ սխա­լի սրբագ­րութիւ­նը պա­հան­ջե­լու, իս­կոյն կը հա­մակեր­պէր ճամ­բայ բա­նալով նոր անել­նե­րու։

Այ­սօր Խորհրդակ­ցա­կան Ատեանի մօտ եր­կու դատ բա­ցուած է ընտրու­թիւննե­րը չե­ղար­կե­լու պա­հան­ջով եւ ան­դին թա­ղական խոր­հուրդ մըն ալ ինքնա­կամ որո­շու­մով դի­մած է իշ­խա­նու­թիւննե­րուն իր իսկ որո­շած թո­ւակա­նին ընտրու­թիւն կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար։

Այս պա­հուն է որ երե­ւան կու գայ նոր սխալ­նե­րու փունջ մը։ Այս ան­գամ Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիարքն է որ իր հա­մայնքի հաս­տա­տու­թիւնը կը բո­ղոքէ Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հին։ Ան­կէ կը խնդրէ թէ ար­գելք ըլ­լայ ինքնա­կոչ որո­շումնե­րու գոր­ծադրու­թեան։

Ահա այս է որ կ՚ապա­ցու­ցէ հա­մայնքի քա­յաքա­յու­մը։ Այս քայ­քա­յու­մը հետզհե­տէ դուռ պի­տի բա­նայ ան­տէ­րու­թեան եւ հա­մայնքի մէջ բո­լոր անոնք որոնք կը փոր­ձեն ազ­գին հա­սարա­կապատ­կան հարստու­թիւնը իւ­րացնել, դար­ձեալ գրա­ւած են դաշ­տը։ Ցարդ ոչ ոք քա­ղաքա­ցիական հա­մար­ձա­կու­թիւն ու­նե­ցած է ընտրու­թիւննե­րու ըն­դա­ռաջ իր թեկ­նա­ծու­թիւնը յստա­կօրէն հրա­պարա­կելու։ Այդ պա­րագա­յին ան­խուսա­փելի է որոշ շշուկնե­րու տա­րածու­մը եւ յայտնենք թէ այդ շշուկնե­րով լսո­ւած անուննե­րը այնքան սոս­կա­լի են որ վեր­ջին հա­շուով կրնանք այդքան դժգո­հու­թեան ար­ժա­նացող նախ­կիննե­րը նա­խընտրել, լսե­լով այդ բամ­բա­սանքնե­րը։

Ան­թա­փան­ցիկ ռազ­մա­վարու­թիւնը շատ սուղ ար­ժեց եւ ըստ երե­ւոյ­թի պի­տի շա­րու­նա­կէ իր կոր­ծա­նիչ ազ­դե­ցու­թիւնը։

pakrates@yahoo.com