Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 22 Օգոստոս 2022-ին գրի առած պաշտօնագրով Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտօղանի բարձր նկատառման յանձնեց Համայնքային Վաքըֆներու Ընտրութեան Կանոնագրութեան կարգ մը վաքըֆներու վարչութեանց կողմէ համայնքի անդամներու ընտրելու իրաւունքը սահմանափակող մեկնաբանութիւններէն եւ կիրառումներու ձեռնարկներէն զգացած անհանգստութիւնը։
Ըստ երեւոյթի, այս իրաւունքի բռնագրաւման համայնքային շրջանակներէ ներս յառաջացուցած անհանգստութիւնը, ստեղծած է վտանգաւոր միջավայր մը, որ կրնայ ընտրութիւններու չմասնակցելու դուռ բանալ։
Նամակին մէջ ընդգծուած է, որ կարելի կ՚ըլլայ հարցին լուծում գտնել այն պարագային, երբ Վաքըֆներու Տնօրէնութիւններու կողմէ բոլոր վաքըֆներու վարչութիւններուն բացայայտօրէն կը հրահանգուի, որ ըստ կանոնագրի իւրաքանչիւր վաքֆի վարչութիւն յետ այսորիկ շրջանային հասարակաց ընտրողական ցանկը կը ներկայացնէ որպէս իր ընտրողացանկը։
Ընդգծուած է նաեւ, որ Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի նախաձեռնութիւնը ծնունդ տուած է իրաւաբանական վէճի մը։ Սա դիւրաւ կարելի կ՚ըլլայ լուծել, եթէ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը նոր կանոնագրութիւնը մեկնաբանէ իր բուն ոգիին ու տարրին համապատասխան։ Ուստի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս ուղղութեամբ խնդրած է Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահին միջամտութիւնը։
***
Պատրիարքարանի կայքէջէն ընդօրինակուած այս լրատուութիւնը մտածել կու տայ թէ որքանո՞վ ճիշդ է ներհամայնքային խնդրի մը կարգաւորման համար պետութեան միջամտութիւնը խնդրել։
Նախքան պատրիարքական ընտրութիւնները Սահակ Արք. Եպսկ. Մաշալեան դժգոհութիւն յայտնած էր կոյուղիի հոտերուն մասին։ Այդ օր ակնարկուածը Պատրիարքարանի շրջանակներու մասին էր։ Այսօր տեսնելով վիճայարոյց մի այլ թաղականութեան՝ Պիւյիւքտերէի Սուրբ Հռիփսիմեան Եկեղեցւոյ վարչութեան ալ Օրթագիւղի օրինակին հետեւելու որոշումը անվարան պիտի ըսենք թէ այդ քարշելի հոտը կը բուրէ բովանդակ համայնքի տարածքին։