Մեզ, թրքահայոց համար յաւելեալ մտահոգութիւն է Թուրքիոյ մէջ նկատուած թերութիւններու նմանները տեսնել Հայաստանի մէջ։ Թուրքիոյ մէջ երկար ժամանակէ ի վեր մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ ահազանգ կը հնչեցնեն բանտերէ ներս տեղի ունեցած բռնութեան դէպքերու եւ կասկածելի մահերու մասին։
Այս անգամ նման լրատաուութիւնը կը հասնի Հայաստանէն։ Սոյն տարուայ առաջին կիսամեակին Հայաստանի բանտերուն մէջ արձանագրուած է երկու անձնասպանութիւն եւ 7 մահուան դէպքեր։
Անցեալի տուեալներով Հայաստանի արգելանոցներու մէջ տեղի ունեցած մահուան դէպքերու մեծամասնութիւնը տեղի ունեցած է Նուպարաշէնի բանտին մէջ։ Այստեղ նշուած 144 դէպքերուն կը յաջորդեն 36 դէպքերով Արթիկի եւ 34 դէպքերով ալ Արմաւիրի բանտերը։ Դէպքերու մէջ ուշագրաւ են հացադուլի 60-րդ օրը՝ 28 Յունիսին մահացող 50 ամեայ Արմէն Մնացականեանի օրինակը։ Ան իր մահկանացուն կնքեց Արմենիա Բուժկեդրոնի մէջ։ Իսկ 16 Օգոստոսին ալ 33 ամեայ բանտարեալ Կ.Ն.-ի դին գտնուեցաւ բանտախցիկի լուսամուտի ճաղերէն կախուած ձեւով։
2021-ի տուեալներով Հայաստանի բանտերուն մէջ արձանագրուած էին 13 մահուան եւ 3 անձնասպանութեան դէպքեր։