ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Ռուս-Ուքրանական շարունակուող պատերազմը, ինչպէս գիտենք, արդէն երկուստեք տասնեակ հազարաւոր զոհեր, միլիոնաւոր տեղահանուածներ եւ գաղթականներ պատճառած է, մանաւանդ Ուքրանիոյ կողմին։ Տեղահանուածները հսկայական նիւթական բեռ են, անկասկած, արդէն իսկ ռազմական գործողութիւններու ահռելի ծախսերուն տակ կքած Ուքրանիոյ պետութեան համար, իսկ դրացի Եւրոպական երկիրներուն համար, որոնք ստիպուած եղած են ընդունելու գաղթականական այդ ալիքները, եթէ այսօր զգացնել չեն տար սուր բացասական հետեւանքները, հետագային անոնք անխուսափելի պիտի ըլլան։ Այդ գաղթականները կրնան աշխատուժի շուկան ողողելով՝ նուազեցնել միջին աշխատավարձը, որ պատճառ կրնայ դառնալ ընկերային ցնցումներու, արեւմտեան Եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ։
Աշխատավարձի նուազեցման զուգահեռ, անխուսափելի է նաեւ բնակարաններու վարձքերու բարձրացումը, ենթարկուելով առաջարկի եւ պահանջարկի շուկայական օրէնքին։ Այս վերջինի ազդեցութինը արդէն իսկ զգալի եղած է Հայաստանեան շուկային վրայ, ուր ռուսերու հաստատուելով, բնակարաններու վարձքերը զգալի բարձրացում արձանագրեցին, թերեւս նաեւ իրենց ներկայութեան պատճառով օտար դրամանիշներու արժոյթը անկում արձանագրեց, որ իր կարգին պատճառ դարձաւ ներկայի զգալի սղաճին։
Այս պատերազմին քարիւղը եւ կազը Ռուսերու կողմէ իբրեւ ճնշումի միջոց օգտագործուեցան արեւմտեան երկիրներու դէմ, զանոնք ստիպելու հրաժարիլ Ուքրանիոյ նեցուկ կանգնելէ, որ ցարդ չէ իրականացած եւ անոնք կը շարունակեն նեցուկ կանգնիլ անոր, սակայն ակնյայտ է, որ այդ զոյգ ուժանիւթերը որքան ռազմավարական արժէք ունին։
Քարիւղի եւ կազի փոխարէն, հաւանաբար, մօտիկ ապագային, արդի արհեստագիտութիւնը կարենայ այլընտրանքային ուժանիւթի աղբիւրներ գտնել, մոլորակի պէտքերը բաւարարելու համար, սակայն, ինչպէս բաւարարել աշխարհի երեսին յարաճուն կերպով բազմացող մարդկութեան սնունդի եւ ջուրի պահանջը։ Այդ սպառնալիքը ի յայտ եկաւ, երբ ներկայիս դէմ յանդիման եկանք, դարձեալ նոյն պատերազմին պատճառով, ռուսերու կողմէ ցորենի պաշարներու արտածման վրայ դրուած արհեստական արգելքներուն։
Արդարեւ, ցորենի եւ հացահատիկներու շտեմարան նկատուող Ուքրանիայէն եւ Ռուսիայէն արտածումներու նուազեցումը, իրենց շղթայական ազդեցութիւնը ունեցան ամբողջ աշխարհի սպառողական զամբիւղին վրայ, թէ՚ գնային եւ թէ քանակական առումով, իսկ ցորեն արտածող կարգ մը այլ երկիրներ, դադրեցուցին կամ նուազեցուցին իրենց արտածումները, ներքին սղաճը հաւասարակշռելու կամ արգելակելու համար, այնքան՝ որ այս երեւոյթը կը սպառնայ համատարած սովի պատճառ դառնալ։
Նկատի ունենալով որ մոլորակի բնակջութեան աղքատութեան շեմին գտնուող զգալի շերտին համար հացը սնունդի հիմնական մասն է, ցորենի արտածման վրայ դրուած այդ արգելքները արդէն իսկ սնունդի ճգնաժամ եւ հետեւաբար սղաճ ստեղծած է շարք մը երկիրներու մէջ։ Այս երեւոյթին զուգահեռ՝ կայ նաեւ ուրիշ պատճառ ցորենի գիներու աճին։ Մեծ զանգուածի մը աղքատութեան յաղթահարման պատճառով սննդեղէնի յաւելեալ սպառման կարիք կը զգացուի։ Միայն Հնդկաստանի եւ Չինաստանի օրինակները բաւարար են պատկերը յստակացնելու համար, որովհետեւ ըստ ՄԱԿ-ի վիճակագրական տուեալներուն, Հնդկաստանի մէջ տասնամեակ մը առաջ երկու հարիւր յիսուն միլիոն մարդ բարձրացած է միջին խաւի մակարդակին եւ նոյնքան ու աւելի՝ դրացի Չինաստանի մէջ։
Ցորենի, բրինձի եւ այլ հացահատիկներու կտրուկ պահանջին աւելացումը իր հետ բերած է, բնականաբար, մշակելի հողի սուր պակաս եւ երկիրներ՝ ինչպէս Չինաստան, սկսած են վարձել կամ գնել հողատարածքներ ուրիշ երկիրներէ, ինչպէս Ափրիկէի եւ Ռուսկոյ մէջ։ Հողի սակաւութեան իրենց բաժինը ունեցան նաեւ վերջին տասնամեակին ցորենի եւ կորեկի՝ իբրեւ ուժանիւթի աղբիւր օգտագործումը, գլխաւորութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու։
Մշակելի հողերու սակաւութեան պատճառներէն է նաեւ ներկայիս շատ տագնապալի մթնոլորտի ապականումը եւ տաքացման երեւոյթը, որուն պատճառով մշակելի հողերու շատ զգալի տարածքներ կ՚աղակալուին, իսկ ջուրի աղբիւրներ կը ցամքին եւ որոգող գետեր կը ցամքին, իսկ պատմութենէն գիտենք, որ հողի աղակալումը եւ ջուրի պակասը հին Շումերական, Մայայի եւ այլ քաղաքակրթութիւններու կործանման եւ վերացման կարեւոր գործօններէն էին։
Ռուս-ուքրանական պատերազմը եւ նշուած միւս ազդակները, մեզի կը յուշեն, որ գոնէ սնունդի պարագային, երկիրները պարտին կարելի եղածին չափ ինքնաբաւ ըլլալ եւ այդ նպատակին հասնելու համար, ամենայն բարեխղճութեամբ վարուին իրենց հողային եւ ջրային պաշարներուն հետ։
Սոյն իրավիճակը եւ փաստերը հասկնալի դարձուցին, որ ներկայիս, ցորենը նորօրեայ քարիւղն է, իսկ հողը՝ ոսկին։
Իսկ այդ զոյգ հարստութիւնները ինչպիսի՞ վիճակի մէջ են մեր սիրելի հայրենիքին մէջ.
Դժբախտաբար՝ ոչ-նախանձելի։ Այցելութիւն մը անտառային տարածքներ, գետեր, ջրամբարներ եւ լիճեր ի յայտ կը բերեն աղբի կոյտերու առկայութիւնը, համատարած թափթփածութիւնը եւ վերջապէս՝ սեփական երկրի հանդէպ սիրոյ պակասը։
Այս երեւոյթը եթէ բնակչութեան մեղքն է, միւս կողմէ պետութեան մեղաւորութիւնն է մեր ջրային սուղ եւ թանկագին պաշարներուն հանդէպ անհոգ եւ անտարբեր, շատ յաճախ ալ շահադիտական մօտեցումի հետեւանք։ Այդպէս է Ջերմուկի ջրային պաշարներու եւ Սեւանի նկատմամբ քաղաքականութիւնը կամ անոր բացակայութիւնը։ Նոյնիսկ մայրաքաղաքին մէջ տեսանելի են Հրազդանի եւ Գետառի ափերուն թափուող կենցաղային աղբերու գոյութիւնը, երբ ջուրը ուրիշ երկիրներու համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հարստութիւն է։ Կը բաւէ հետեւիլ Թուրքիոյ՝ Սուրիոյ վերաբերեալ իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ, Եփրատ եւ Տիգրիս գետերու օգտագործումը իբրեւ ճնշման լծակ։ Անոնց ակունքներուն եւ հոսանքն ի վար քսաներկու ամբարտակներու կառուցումով՝ Թուրքիա փաստօրէն որեւէ ժամանակ առանց ջուրի կրնայ ձգել թէ՚ Սուրիան եւ թէ Իրաքը։ Նոյնն է պարագան Նեղոսի ջուրերուն, որմէ առաւելագոյնս օգտուելու համար միշտ պատերազմի մը վտանգը կայ Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ միջեւ։
Հայաստանի մէջ, այս թանկ հարստութիւնները պահպանելու եւ անոնց նկատմամբ յոռի մօտեցումները փոխելու համար, երկար աշխատանք պէտք է՝ ընտանիքէն, դպրոցէն, պատկերասփիւռէն եւ մամուլէն սկսեալ։ Այդ աշխատնքներուն մասին ճիշդը եւ փորձուածը իմանալու համար, կ՚արժէ կարդալ Իսրայէլացի Սէթ Մ. Սիկըլի (Seth M. Siegel) Let There Be Water գիրքը։ Այդ գիրքէն կը հասկնանք, թէ ինչպէ՚ս Իսրայէլի պէս անապատային երկիրէն կարելի է ջուր, միրգ եւ բանջարեղէն արտածել դրացի Յորդանան եւ աշխարհի զանազան երկիրներ։
Մեզի մնացած այս բուռ մը հողին նկատմամբ պարտինք ցուցաբերել առաւելագոյն սէր, գուրգուրանք եւ պաշտամունք։
Ուրիշ հայրենիք չունինք։