ԼԱՐԱ ԹԱՇ
1962 Թուականի Օգոստոսի վերջերն է, ծանօթ ջութակահար Նէճիպ Աշքընի երաժշտական գործունէութեան 55 ամեակին առթիւ յոբելենական միջոցառում մը կը կանզմակերպուի Հարպիէի բացօթեան թատրոնին մէջ։ Յակոբ Այվազ միջոցառման աւարտին իր մտերիմ բարեկամ թատերագիր ու դերասան Կալիպ Արճանի ընկերակցութեամբ կ՚այցելէ Նէճիպ Աշքընը իր Փենտիքի բնակարանին մէջ։
Այվազ Աշքընի բնակարանը նկարագրած պահուն կը նշէ թէ պատերը զանազան արուեստագէտներու լուսանկարներով զարդարուած էր, որոնց մեծագոյնն էր Յակոբ Վարդովեանը։
Վարդովեան ծնած է 1840-ին Պեշիքթաշ թաղը եւ աւելի ծանօթ է Կիւլլիւ Յակոբ անունով։ Ան Օսմանեան Թատրոնի հիմնադիրը կը համարուի։ 1868-ին այդ ժամանակի կարեւորագոյն դերասաններ Սերովբէ Պենկլիեան եւ Մարտիրոս Մնակեանի հետ հիմնած է «Օսմանեան Թատրոն» թատերախումբը։
Այս խումբը նախահայրը կը համարուի 1914-ին հիմնուած Տարիւլ Պետաիի, որ 1934-ին պիտի դառնար «Իսթանպուլի Քաղաքապետական Թատրոն»։
Բազմաթիւ հայ դերասաններու կողքին Ահմետ Նէճիպ, Ահմետ Ֆեհիմի նման մահմետական դերասաններ ալ առաջին անգամ այս թատերախումբի բեմին վրայ յայտնուած անուններ եղան։ 1882-ին Օսմանեան Պալատ ընդունուող Կիւլլիւ Յակոբ կրօնափոխ ըլլալով որդեգրած էր Մեհմետ Եագուպ անունը։
Նէճիպ Աշքըն Մեհմետ Եագուպի եւ Այշէ Հուրիէ հանըմի որդին ըլլալով ծնած է 1900 թուականին։ Թէեւ հազիւ 1,5 տարեկան էր հայրը մահացաւ, բայց ան հետեւեցաւ հօրը ճանապարհին եւ ուսումը շարունակեց պալատական երաժշտանոցի մէջ։ 11 տարեկան էր, երբ յաջողութեանմբ կատարեց Մենտելսոնի ջութակի քոնցերդը եւ փաստեց իր երաժշտական ունակութիւնը։ Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն հիւրահամերգներով հանդէս կու գայ Եւորպայի զանազան բեմերու վրայ, գլխաւորութեամբ Փարիզի։ Հանրապետութեան հռչակումէն ետք նախ կը հաստատուի Իսթանպուլ եւ ապա Անգարա։ Թուրքիոյ մէջ արեւմտեան դասական երաժշտութեան տարածման գործի առումով կարեւոր ներդրում ունեցող Նէճիպ Իսթանպուլի Ռատիօկայանի Սենեկային նուագախումբի հիմնադրութեան առաջնորդը եղած է։
Նէճիպ Պէյի եւ Կնոջ Էմինէ Նեզահաթ հանըմի որդին Եուճել Աշքըն եւս աւարտելով երաժշտանոցի դաշնամուրի բաժինը, աւարտած է նաեւ գիւղատնտեսութեան ֆակուլտետը։ Եիւճել Աշքըն 1999 եւ 2007 թուականներու միջեւ վարած է Վանի Համալսարանի տեսուչի պաշտօնը։ Ան 27 Մայիս 2007 թուականին «Ռատիքալ» թերթի մէջ հրատարակուած հարցազրոյցի մը ընթացքին կ՚ըսէ «Մեծ հայրս իբրեւ Կիւլլիւ Յակոբ անունով ծանօթ Յակոբ Վարդովեանն էր, որ կրօնափոխ ըլլալով ընդունած էր Եագուպ անունը։ Հպարտ եմ որ իր թոռն եմ, բայց իմ մէջ հայկական պատկանելութիւն մը չեմ զգար։ Վերադառնանք գրութեան սկզբնամասին եւ «Քուլիս»ի էջերէն հետեւին Յակոբ Այվազի գրածներուն.
Մէկէն կը հարցնեմ իրեն.
-Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ դերասանի մը զաւակ ըլլալով եւ այդ շրջանակին մէջ ալ ապրելով հանդերձ դերասանութեան չէք մօտացած։
Թեթեւ ժպիտ մը կ՚ուրուագծուի դէմքին վրայ ու կ՚ըսէ.
-Շատ փոքր տարիքէս, երբ տակաւին պալատի նուագախումբի ուսանողներէն էի, երբ մեծանուն դերասանուհի Էլիզա Պիննէմէճեանի կողքին դեր մը ստանձնեցի ու բեմ ելայ։ Մէկուկէս տարեկան էի երբ ողբացեալ հայրս կորսնցուցեր եմ։ Այնպէս որ այդ շրջանակին անծանօթ մնացի եւ արդէն փոքր տարիքիս մեծ հակում ունէի դէպի երաժշտութիւն։
-Ձեր երեք զաւակներէն մէկը գոնէ կը հետեւ՞ի երաժշտութեան։
- Ես ընդդիմացայ միշտ իրեն այդ փափաքին։ Իմ ճամբէս քալելը միշտ վտանգաւոր էր իրենց համար։ Եւ ինչո՞ւ, երբ օրինակը իրենց աչքին առջեւ է։ Նուագը ինծի ի՞նչ կեանքի ապահովութիւն բերաւ որ։ Գլուխս խոթելու բնակարան մը անգամ չեմ կրցած ունենալ։ Ո՞վ կը հետաքրքրուի մեզմով։
6 տարեկանին զինքը կ՚առաջնորդեն Միւզիքայի Հիւմայուն, որպէս ուսանող շատ փոքր տարիքէն հակումներ ցոյց կու տայ երաժշտական ասպարէզի հանդէպ։
Քանի մը տարիներ՝ բաւական եղան իր ձիրքերը ցոյց տալու համար։ Հազիւ 11 տարեկան կար, երբ նուագեց Մենտըլսնի ջութակի քօնչէրթոն։ Այս յաջողութիւնը նպաստեց իրեն եւ մուտք գործեց պալատ։
(«Քուլիս» թիւ 376 15 Օգոստոս 1962)