Միջոցէ մը ի վեր յատկապէս անասուններու իրաւունքները պաշտպանողներու համար գլխացաւ դարձած համացանցային ծրագիրը իշխանութիւններու որոշումով անհասանելի դարձած է։
Համացանցի վրայ տեղադրուած քարտէզի ծրագիր մը եղող «Հաւրիթա» ցոյց կու տար քաղաքի փողոցներուն մէջ անտէր անասուններու՝ մանաւանդ ալ շուներու գտնուած վայրերը։ Փողոցի անասուններուն իրաւունքները պաշտպանորղ միութիւններ շուտով անդրադարձան թէ այդ նշումներուն հետեւող մարդիկ իսկոյն կը փութան նշուած վայրը եւ կը սպաննեն, այդ անտէր անասունները։
Թուրքիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ հետզհետէ տարածուն երեւոյթ մըն է տուներէ ներս ընտանի անասուն խնամելու հոսանքը։
Սակայն կան նաեւ այս հոսանքին դէմ դժգոհութիւն յայտնող զանգուած մը։ Այս վերջինները իրենց դժգոհութիւնը առաջին հերթին կը ձեւաւորեն առողջապահական պատրուակներով։ Կը պնդեն թէ անասուն պահող բնակարաններէն տհաճ հոտեր կը բուրեն։ Այս բողոքներուն իբր հետեւանք շէնքերէ ներս բնակարաններու միջեւ հակաճառութիւններ ալ կը նկատուին, որոնք նոյնիսկ չափազանցութեան հասնելով կրնան աւարտիլ մարդասպանութեամբ։
Նիւթը քանի կը հրահրուի կը հնչեն նաեւ այլ պատճառաբանութիւններ։ Ոմանք նոյնիսկ կրօնքի թելադրանքներու ոտնակոխում կը համարեն տան մէջ անասուն պահելու երեւոյթը։
Կասկած չկայ որ խնդիրը ունի նաեւ դասակարգային բնոյթ։ Հասարակութեան քաղքենի հատուածն է որ կը հակի անասուն պահելու սովորութեան։ Նաեւ նշենք թէ այդ անասուններու սնանումը եւ խնամքը իր կարգին տնտեսական նոր շուկայի մը զարգացման պատճառ դարձած է։
Որոշ թաղամասերէ ներս իւրաքանչիւր քայլափոխին կարելի է ընտանի անասուններու համար սննդանիւթ վաճառող խանութներու հանդիպիլ։ Վերջապէս նաեւ կարելի է ընկերային կեանքէ ներս անհանդուրժողականութեան պատկերներ ալ տեսնել այս խնդրին մէջ։
Ըստ երեւոյթի այս նոր հոսանքը ընկերային խաւերու միջեւ պառակտման նոր գործօն մը ըլլալով տակաւին որոշ ժամանակ պիտի յուզէ հանրային կարծիքը, մինչեւ որ մարդիկ ընտելանան անասուն պահելու գաղափարին։