Հետզհետէ մտահոգիչ դարձած են գաւառապետներու կամայական որոշումներով փառատօններու կամ համերգներու արգիլուելու երեւոյթները։ Այս տեսակի վերջին օրինակը տեղի ունեցաւ Պալըքէսիրի Պուրհանիէ գաւառին մէջ, ուր գաւառապետը գործադրումէն քանի մը օրեր առաջ յայտարարեց մօտալուտ փառատօնի չեղարկման լուրը։
Գաւառապետը նաեւ ներկայացուց այս որոշումին տեղի տուող պատճառաբանութիւնները, որոնք իսկապէս ծիծաղաշարժ էին։ Սակայն ծիծաղաշարժ ըլլալու կողքին կը պարզէին նաեւ երկրէ ներս տիրող մտայնութեան հասկացողութիւններու միտքը։ Գաւառապետը կը նշէր թէ նման որոշումի մը յանգած է նկատի ունենալով իրեն հասած բողոքները։ Իսկ ինչե՞ր էին այդ բողոքները եւ ո՞ր աղբիւրններէն եկած էին՝այս հարցումին պատասխանը արդէն բացայայտ կը դարձնէր կատարուածը։ Պուրհանիէի մէջ Իսմայիլ Աղա աղանդի անդամներ եւ «Գիտութիւնը Տարածելու Միութիւն»ը աղերսագրով մը դիմած էր գաւառապետին, պնդելով թէ նախատեսուած ռաք փառատօնի մէջ երիտասարդներ ալքոլային խմիչքներ պիտի օգտագործեն եւ անոնց ազդեցութեան տակ ալ պիտի կայանան անկարգութեան դէպքեր, որոնք բացարձակապէս ցանկալի չեն մահմետական հասարակութեան համար։
2002 թուականին Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան ընտրութիւններէն յաղթանակով դուրս գալէ ետք շատերու մտավախութիւնն էր մարդկանց կենցաղին միջամտելու վարկածը։ Այս մասին նախագահ Էրտողան, որ այդ տարիներուն տակաւին վարչապետ էր ամէն առիթով կը յիշեցնէր թէ երբեք նպատակ պիտի չունենան մարդկանց անհատական նախասիրութիւններուն միջամտելու։
Սակայն դէպքերու զարգացումը ապացոյց մը եղաւ հաստատելու թէ խիստ տեղին էին այդ մտահոգութիւնները եւ Էրտողան իշխանութեան գալով պիտի փորձէր քայլ առ քայլ կերտել իսլամական հանրապետութիւն մը, որ անխուսափելիօրէն պիտի միջամտէր հասարակութեան ապրելաոճին։
Սուրբ Աստուածածնի փառատօնն ալ ջնջուած
Փառատօններու դէմ արգելքներու հոսանքը կը շարունակուի համատարած կերպով։ Աւանդաբար Օգոստոս ամսուայ մէջ յոյն ուղղափառ համայնքը կ՚ապրէր երկու տօնական միջոցառում։ Անոնցմէ առաջինն էր Տրապիզոն, Ժայռափոր Սիւմելա Վանքի ուխտագնացութիւնը։ Այս առթիւ յատկապէս Ուքրաինա, Վրաստան եւ Յունաստանէն մեծ թիւով ուխտաւորներ կը ժամանէին Ուղղափառ Եկեղեցւոյ այս եզակի միջոցառման ներկայ գտնուելու համար։
Այս տարի իշխանութիւնները սահմանափակած են այս պատմական եկեղեցի այցելել փափաքող ուխտաւորներու թիւը։ Թոյլ տրուած է միայն 100 ուխտաւորներու մասնակցութիւնը կատարուելիք արարողութեան։ Նման որոշում մըն ալ եկած է Իմրոզ Կղզիէն։
Յոյն ժողովուրդի պատմութեան մէջ շատ դառն յիշատակներով լեցուն այս կղզին հանրապետութեան հիմնադրութեան տարիներուն ամբողջութեամբ յոյներով բնակեցուած էր։ Յաջորդող տարիներուն պետութեան վարած քաղաքականութիւնով կղզին տասնամեակներու ընթացքին կորսնցուց իր հարազատ ժողովուրդը իր տեղը զիջելով Թուրքիոյ զանազան քաղաքներէն յատկապէս Սեւ Ծովի շրջանէն ներգաղթած մահմետականներու։
Վերջին տարիներուն երկրի ժողովրդավարացման գործընթացի զուգահեռ Իմրոզի մէջ վերաբացուած էր յունական նախակրթարան մը եւ վերահաստատուած էր հին աւանդութիւն մը՝ Սուրբ Աստուածածնի տօնախմբութիւնը։ Օգոստոս ամսուայ ընթացքին կատարուող այս տօնախմբութիւնն ալ այս տարի չիրականանար Հանրապետութեան Նախագահի գրասենեակին ուղարկուած բողոքի նամակներուն պատճառաւ։
Յայտնիէ թէ մահմետական կրօնամոլ շրջանակներ փորձած են այս եղանակով արդիւնք քաղելու միջոցը եւ զրպարտութիւններով կը փորձեն արգելք հանդիսանալ բոլոր այն միջոցառումներուն, որոնք իրենց կամքով չեն։