14Օգոստոս կիրակի օր, կէսօրուան ժամը 1։23-ին, Երեւանի Արշակունեաց 15 հասցէին գտնուող «Սուրմալուէ» առեւտուրի կեդրոնին մէջ մեծ պայթում մը պատահեցաւ։
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, պայթումի հետեւանքով զոհուածներու թիւը արդէն 16-ի բարձրացած է։ Հայաստանի Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան բանբեր Հայկ Կոստանեան 16 Օգոստոսին տեղեկացուց, որ 16 զոհերէ 13-ին ինքնութիւնը արդէն պարզուած է։ Զոհերու շարքին գտնուած են յղի կին մը եւ իր երեխան։ Ըստ վերջին տուեալներուն, ներկայիս կորսուածներու թիւն է 9։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, զոհերու շարքին կան նաեւ օտարերկրեայ քաղաքացիներ։ Հիւանդանոցներու մէջ բուժուած վիրաւորներու վերաբերեալ վիճակագրական տուեալները կ՚ապացուցանեն, որ անոնց թիւը կը նուազի։ Ըստ վերջին լուրերուն, հիւանդանոցներու մէջ դարմանման տակ մնացած է 7 վիրաւոր։
Հայաստանի Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 99 տոկոսով համոզուած է, որ «Սուրմալու» կեդրոնին մէջ պատահած պայթումը ահաբեկչական արարք չէ։ Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամբուխչեան ըսաւ, թէ պայթումի պահը ուսումնասիրելով՝ ակնյայտ կը դառնայ, որ ահաբեկչական արարքի տուեալներ չկան, որովհետեւ նախ սկսած է հրդեհ, ծուխ բարձրացած է, այնուհետեւ պատահած է պայթումը։ «Այսինքն ինչ-որ չափաբաժին կրակ է եղել, այնուհետեւ տարածուել է պայթուցիկ նիւթերի վրայ։ Սա, ըստ արտակարգ իրավիճակների նախարարութեան, 99 տոկոսանոց ճշմարտութիւն է», ըսաւ Փամբուխչեան։
Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարի առաջին տեղակալ Արտիւշ Գրիգորեան 15 Օգոստոսի երեկոյեան յայտարարեց, որ Երեւանի «Սուրմալուէ» կեդրոնի տարածքին մէջ հրդեհը մարելու աշխատանքները բոլորովին դադրեցուած են։
Ան նաեւ նշեց, որ կը քննարկուի պայթումին պատճառով կիսաքանդ մնացած շէնքի սիւներու վնասազերծման աշխատանքներ իրականացնելու հարցը՝ դիտել տալով, որ կայ կառոյցի ամբողջական փլուզման վտանգ։
Նոյն օր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի տարածքը, ուր անոր ներկայացուեցաւ որոնողափրկարարական եւ հրդեհի մարման աշխատանքներուն ընթացքը։
Հայաստանի քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան ծանր յանցագործութիւններու քննութեան բաժինէն հաղորդեցին, որ, ըստ ստացուած տուեալներու, պայթումին պատճառով վնասուած են նաեւ առեւտուրի կեդրոնի տարածքին մէջ գտնուող տաղաւարներ, ինչպէս նաեւ՝ յարակից շինութիւններ եւ հոն կանգնած ինքնաշարժներ։
Միւս կողմէ, 15 Օգոստոսի երեկոյեան, արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը տեղեկութիւն ստացաւ, որ մեթրոյի բոլոր կայարաններուն, զինուորական եւ քաղաքացիական բոլոր կարեւորագոյն կառոյցներուն, առեւտուրի բոլոր կեդրոններուն, կենդանաբանական այգիին, Ազգային ժողովին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պայթուցիկ սարքեր տեղադրուած են։ Իսկոյն քաղաքացիները հանուած են նշեալ վայրերէն։
Աւելի ուշ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը հաստատեց, որ ոչինչ գտնուած է, եւ մեթրոյի աշխատանքները վերսկսած են։