Պարսկաստան Հայաստանի Կապան քաղաքին մէջ ձեռնարկած է հիւպատոսարան մը բանալու։ Այս մասին «Նիւզ ԱՄ» կայքին տեղեկութիւններ փոխանցած է Իրանի Խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Ռոպէրթ Պեկլարեան։
Տրուած տեղեկութեան համաձայն աւագ հիւպատոսի պաշտօնին նշանակուած է Ապետին Վարանին, որ այժմէն ձեռնարկած է իր դիւանագիտական շփումներուն մայրաքաղաք Երեւանի մէջ։
Իրանի Հայաստանի աւագ դեսպան Ապպաս Պատաքշան Զուհուրի նախապէս ալ յայտնած էր թէ երկու պետութիւններու միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած էր Սիւնիքի մարզի Կապան քաղաքի մէջ հիւպատոսարան հաստատելու մասին։
Կապան ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող քաղաք մըն է, յատկապէս Զանգեզուրի միջանցքի մասին Թուրք-Ատրպէյճանական պահանջներու յաճախակի դարձած այս օրերուն։
Իրան ալ իր կարգին յայտարարած էր թէ իրեն համար շատ կարեւոր է հայ-իրանական սահմանի անձեռնմխելիութիւնը։