Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 10 Օգոստոս 2022, Չորեքշաբթի առաւօտ, օդային ճամբով մեկնեցաւ Ատանա, մասնակցելու համար Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին առթիւ աւանդական Մուսա Լերան ուխտագնացութեան։ Նորին Ամենապատուութեան այս այցելութեան մասնակցեցաւ նաեւ գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Մեր Հոգեւոր Պետը Ատանայի օդակայանի մէջ դիմաւորուեցաւ Գաւառի մեր համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեանի, Թորոս եւ Մուրատ Թաշեարի կողմէ։
Նորին Ամենապատուութիւնը անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Մէրսինի նորանշանակ Կուսակալ Ալի Համզա Փէհլիվանին։
Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց Մէրսինի Մայր Քաղաքապետարան եւ ընդունուեցաւ Քաղաքապետ Վահափ Սէչէրի կողմէ։
Մեր Հոգեւոր Պետը, երեկոյեան, շքախումբով այցելեց Մէրսինի Սուրբ Միքայէլ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ Տ. Իսբիր Թէյմուր Քահանայի կողմէ։ Եկեղեցւոյ մէջ Նորին Ամենապատուութիւնն ու ընկերակիցները կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը։
Օրուան վերջին այցելութիւնը տրուեցաւ քաղաքի Ս. Անթուան Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցիին, ուր մեր Հոգեւոր Պետը դիմաւորուեցաւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Հ. Ռոշան Վրդ. Քորտէիրոյի կողմէ։
Մեր Հոգեւոր Պետը նոյն գիշեր իջեւանեցաւ եկեղեցւոյ հիւրանոցը։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 11 Օգոստոս 2022, Հինգշաբթի, շարունակեց իր ճամբան դէպի Հաթայ, մասնակցելու համար Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին առթիւ աւանդական Մուսա Լերան ուխտագնացութեան։
Մեր Հոգեւոր Պետը առաւօտուն հրաժեշտ առաւ Մէրսինէն եւ ցամաքի ճամբով անցաւ Թարսուս։ Այս քաղաքը ծննդավայրն է Ս. Պօղոս Առաքեալի։ Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց քաղաքի Ս. Պօղոս պատմական եկեղեցին, ուր կատարեց իր ուխտի աղօթքը։
Կէսօրին, Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց Ատանայի մեր համայնքէն Սաթանօղլու ընտանիքի բնակարանը, ուր հիւրասիրուեցաւ սիրոյ սեղանով։
Նորին Ամենապատուութիւնը երեկոյեան հասաւ Իսկենտէրուն եւ հովուապետական անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ տեղւոյն Ս. Քառասուն Մանկունք Եկեղեցւոյ։
Ժամը 18.00-ին, Եկեղեցւոյ զանգի զուարթ ղօղանջը աւետեց Հայոց Պատրիարքի այցը։ Մեր Հոգեւոր Պետը աղ ու հացի օրհնութենէ ետք, Հրաշափառ շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի։ Կանոնական աղօթքներէ ետք, Գաւառի Տեսուչ եւ տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն շնորհաբեր այցելութեան համար եւ բարի գալուստ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն իրիկուն ընդունեց Իսկենտէրունի, Քըրըքխանի եւ Վաքըֆգիւղի եկեղեցիներու ծխական խորհուրդներու ներկայացուցիչները, որոնց հետ եկեղեցիներու մասին խորհրդակցելէ ետք, մէկտեղուեցաւ սիրոյ սեղանի շուրջ։
Պատրիարք Հայրը ժամանեց Վաքըֆգիւղ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 12 Օգոստոս Ուրսաթ օր ժամանեց Վաքըֆգիւղ եւ դիմաւորուեցաւ Գաւառի Մերազն Ժողովուրդի Տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի գլխաւորութեամբ գիւղացիներու կողմէ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Վաքըֆգիւղցիներ, Պատրիարք Հայրը ողջունեցին գիւղական խրախճանքի երաժշտութեամբ եւ ապա Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդեցին դէպի Ս. Աստուածածին Եկեղեցի։
Պատրիարք Հայրը, 13 Օգոստոս 2022, Շաբաթ երեկոյեան, գիւղի Ս. Աստուածածին գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կանոնական երեկոյեան ժամերգութեան, մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու, Իսթանպուլէն յատկապէս ժամանած սարկաւագներու եւ դպիրներու, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդի բազմութեան։
Յաւարտ ժամերգութեան, եկեղեցւոյ մուտքին կատարուեցաւ աղի օրհնութեան կարգը։ Այս աղն է, որ կը դրուի մատաղօրհնութեան առթիւ պատրաստուած հարիսայի կաթսաներուն մէջ։
Պատրիարք Հայրը ընթրիքի սեղանով պատուասիրուեցաւ գիւղի Մուսա Լեռ ճաշարանին մէջ։
Երբ գիշերը սկսաւ իջնել Մուսա Լերան վրայ, Վաքըֆգիւղի հրապարակին վրայ սկսաւ նաեւ տօնական խրախճանքը։
Տարիներու աւանդութիւն է, որ Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնի նախորդ գիշեր գիւղի ժողովուրդն ու ուխտաւորները մինչեւ կէս գիշեր կը զուարճանան երգով ու պարով։ Նոյնը կատարուեցաւ նաեւ այս տարի։ Հրապարակին վրայ ներկաներ աւանդական ու նոր երգերով պարեցին եւ ուրախացան։
Կէս գիշերին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, իր շուրջ ունենալով հոգեւոր հայրերը եկաւ հերիսայի կաթսաներու գլուխը եւ միաբերան արտասանուած աղօթքով վառեց կրակը։
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի առթիւ կազմակերպուած ուխտագնացութիւնը իր կատարին հասաւ տաղաւարի Ս. Պատարագով։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 14 Օգոստոս 2022, Կիրակի առաւօտ նախագահեց Մուսա Լերան Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին։
Ս. Պատարագը մատոյց Հաթայի Ս. Եկեղեցեաց հովիւ եւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Հրաչեայ Սրկ. Սուրէնեան, Բրկ. Կսրկ.ներ՝ Կարապետ Եոնթան, Հերման Վեսքէ, Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեան եւ դպիրներ։ Ներկայ էր նաեւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ դպիրներու եւ հաւատացեալներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճուի։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Պատրիարք Հայրը քարոզեց ու բացատրեց Ս. Կոյս Աստուածամօր վերափոխումը՝ Անոր յետ մահու յարութիւնն ու երկինք փոխադրուիլը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ, որ կարեւոր է Ս. Աստուածածնի Վերափոխման դէպքը քանի ան նախախայրիքն է մեր յարութեան։Քանի գիտենք թէ Քրիստոնեայի համար մահը ոչնչացում չէ, այլ վիճակէ մը այլ վիճակի անցնիլ։ Եւ Տէր Յիսուս ունի խոստում, որ իր սիրելիներուն ապականման առիթ պիտի չտայ։ Յարութիւնը քնանալու վիճակէն արթննալն է։ Այսօր մեր Եկեղեցին Տիրամօր յետ մահու երկինք փոխադրուիլը կը տօնախմբէ։
Քարոզի աւարտին, Մեր Հոգեւոր Պետը թափօրով առաջնորդուեցաւ պարտէզ, ուր կատարուեցաւ խաղողօրհնէք։
Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ։
Նորին Ամենապատուութիւնը շարականներով, սուրբգրական ընթերցումներով եւ աղօթքներով, ապա ժողովուրդի եւս ձայնակցած ամէն ալէլուիաներով օրհնեց Եկեղեցւոյ դրան առաջ դրուած սեղանին վրայի խաղողի ողկոյզները, որպէս խորհրդանիշ տարուան ամբողջ բերքին եւ առատութեան։
Հուսկ, մեր Հոգեւոր Պետը առաջնորդուեցաւ հերիսայի կաթսաներուն գլուխը, ուր օրհնեց Մուսա Լերան աւանդական հերիսան։
Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ իր աւարտին հասաւ եկեղեցական արարողութիւնը։
Ապա ներկաներ ստացան իրենց խաղողի եւ հերիսայի բաժինները։ Այսպէսով իր աւարտին հասաւ նաեւ Մուսա Լերան այս տարուան աւանդական ուխտագնացութիւնը։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը ընդունեց պաշտօնական հիւրեր, որոնց հետ մէկտեղուեցաւ սիրոյ սեղանի շուրջ։ Նոյն առթիւ եկած էին Սամանտաղի Գաւառապետ Մուրատ Քիւթիւք, Քաղաքապետ Ռէֆիք Էրեըլմազ, Սամանտաղի Միւֆթիւ Մէհմէտ Տէմիր, Սամանտաղի Զինուորային Հրամանատար Սէրվէթ Ասլան եւ Իսլահիյէի Քաղաքապետ Քէմալ Վուրալ։
Տաղաւարի երկրորդ օրը՝ 15 Օգոստոս 2022, Մեռելոց յիշատակի առթիւ, Մուսա Լերան Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ ճաշու ժամ կատարուեցաւ, նախագահութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, մասնակցութեամբ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։
Յաւարտ ժամերգութեան, Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդուեցաւ գիւղի գերեզմանատունը, ուր պաշտօն կատարուեցաւ համայն ննջեցելոց հոգւոց ի հանգիստ։
Վերադարձ
Մեր Հոգեւոր Պետը, աւարտելով իր հովուապետական այցելութիւնը, երեկոյեան մեկնեցաւ Հաթայի օդակայանը։ Այստեղ Նորին Ամենապատուութեան ողջերթ մաղթելու փութացին Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Վաքըֆգիւղի Ծխական Խորհուրդէն Պետրոս Քեահեայեան, Իսկենտէրունի Ծխական Խորհուրդէն Կարպիս Քըսատուր եւ Քըրըքխանի Ծխական Խորհուրդէն Եուսուֆ Թապաշեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը ուշ գիշեր վերադարձաւ քաղաքս։