Արմէնփրէսի հաղորդումներով կարելի է ըսել թէ շաբաթավերջին եւս հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ կացութիւնը լարուած մնաց։ Արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած մարտական դիրքին մէջ, 6 Օգոստոսի երեկոյեան, թշնամիի կրակոցներէն վիրաւորուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պարտադիր ժամկէտային զինուոր, շարքային Նուէր Գէորգեան։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն՝ նշելով, որ զինուորին կեանքը վտանգուած չէ։
Աւելի ուշ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց Գեղարքունիքի մարզի Սոթքի հատուածին մէջ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ զինադադարի դրութեան խախտումը։ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի, որ 6 Օգոստոսին, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ՝ Գեղարքունիքի մարզի Սոթք շրջանին մէջ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ արձանագրուած զինադադարի խախտումին պատճառով վիրաւորուեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու զինուոր մը։
7-8 Օգոստոս լուսցող գիշերը եւ առաւօտեան էական միջադէպեր չեն արձանագրուած սահմանին վրայ, սակայն լարուած վիճակը տիրական է։
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն տեղեկացուցին, որ Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծի որոշ հատուածներու մէջ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները խախտեցին զինադադարի պահպանման դրութիւնը՝ կիրարկելով հրաձգային զինատեսակներ։
Ըստ նախարարութեան՝ ռուսական զօրակազմի միջնորդութեամբ կը շարունակուին աշխատանքները իրավիճակի հետագայ կայունացման ուղղութեամբ։
Նախարարութիւնը նաեւ հերքեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, ըստ որուն, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները խախտեցին զինադադարի պահպանման դրութիւնը՝ շեշտելով, որ ասիկա իրականութեան չի համապատասխաներ։
Նշենք որ 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութիւնով կնքուած զինադադարը յաճախ խախտեցաւ Անրպէյճանի զինեալ գործողութիւններով։ Վերջին ոտնձգութիւններէ ետք Հայաստանի մէջ հարցականի տակ դրուած է Ռուս Խաղաղապահ զօրքի առաքելութիւնը։ Մինչեւ օրս Խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը դիտորդի դիրքէն դուրս չէ եկած։ Այս երեւոյթը կասկածի տակ կը դնէ արցախահայութեան անվտանգութիւնը երաշխաւորելու ակնկալութիւնները։ Ի մասնաւորի Արցախը Հայաստանի կամուրջով Լաչինի տարածքի մասին Ատրպէյճանի սպառնալիքները կ՚ապացուցեն թէ յառաջիկայ օրերը դարձեալ ծանրաբեռնուած են ռազմաքաղաքական լուրջ խնդիրներով։