Քամփ Արմէնի վերակառուցման համար կազմուած յանձնախումբը 10 Օգոստոս չորեքշաբթի օր հանդիպում մը ունեցաւ Իսթանպուլի Քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի հետ։ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի գլխաւորած յանձնախումբին մաս կը կազմէին նախագծի համակարգող Թալին էրկիւնէշ Կազէր, լրատուութեան խորհրդատու՝ Ժանեթ Զորպազ, թեքինկ պատասխանատու, Մուրատ Ճաւաք, թեքնիկ խորհրդատու՝ Մուրատ Տուվարճը, շինարար՝ Յարութիւն Սեմերճի, թեքնիկ՝ Իւմիթ Քեսքին, նախագծի քարտուղար՝ Նարօտ Սիրանոյշ Մինասեան, իրաւաբանական խորհրդատու՝ փաստաբան Էօմեր Քանթիկ։
Քաղաքապետարանի անունով հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ՝ Մշակութային Ժառանգի Պահպանման Խորհուրդէն Օքտայ Էօզէր։
Էմիրկան Սպիտակ Դղեակի մէջ կայացող հանդիպման ընթացքին Քաղաքապետ Իմամօղլու ուշադրութեամբ լսեց վերաշինութեան մասին իրեն փոխանցուած տեղեկութիւնները եւ խոստացաւ կարելի բոլոր միջոցներով աջակցիլ այս խիստ շահեկան նախաձեռնութեան։
Ինչպէս պիտի յիշուի պետական անարդար դաւադրութիւնով մը խլուած Հայ Աւետարանչական Եկեղեցւոյ սեփականութիւնը վերահաստատուած էր Նոր Զարթօնք Երիտասարդական Շարժումի յամառ պայքարի շնորհիւ։ Դիմադրութեան այդ փառահեղ պայքարի աւարտին իշխանութիւնները յօժարած էին օրինական սեփականատիրոջ՝ այսինքն Հայ Աւետարանչական Եկեղեցւոյ վերադարձնել հողատարածքի սեփականութիւնը։
Այժմ կը նախատեսուի Թուզլայի այդ տարածքին վրայ երիտասարդական ճամբարի մը կառուցումը։