Երբ հետզհետէ կը մօտենայ համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւններու թուականը, կը լսենք նոր առարկութիւններով դատարան դիմելու դէպքեր։ Այդ առումով առաջին օրինակը հանդիսացաւ Պէյօղլուի Թաղական Խորհուրդի նոր կանոնագրի չեղարկման պահանջով Խորհրդակցական Ատեան դիմումը։ Նման բնոյթով դատարան դիմելու կը պատրաստուի նաեւ համայնքի ծանօթ փաստաբաններէն Սեպուհ Ասլանկիլ։ Ան ալ իր կարգին կը նշէ թէ պարտադրուած կանոնագրով թրքահայ համայնքի ձեռքբերումները կը վերանան։ «Անարդարութեան դէմ համակերպիլը անընդունելի է, հետեւաբար ստիպուած ենք մեր իրաւունքները օրէնքի շրջագծին մէջ պաշտպանելու»։
Միւս կողմէ Օրթագիւղի Թաղական Խորհուրդն ալ անտեսելով նոր կանոնագրի թելադրանքները, ընտրութիւնը նեղ սահմանի մէջ, միայն 800 ընտրողներով անցկացնելու համար դիմում կատարած է Վաքըֆներու Տնօրէնութեան։ Օրթագիւղի Թաղականութիւնը իր այս որոշումին դէմ կայացած դժգոհութեան դիմաց հարկադրուեցաւ ետք քայլ ընելու։
Յայտնի է որ առաջին օրէն իսկ գոնէ նոյնիսկ ձեւական կերպով համայնքի միասնութիւնը խորհրդանշող ԷՐՎԱՊ-ի նիստերէն խուսափողները հիմա ալ իրենց աթոռը պահելու համար պիտի դիմեն ինքնակամ ու ինքնակոչ քայլերու։