Մարդու Իրաւունքներու Միութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղի մէջ 10 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ քաղբանտարկեալ Այթէն Էօզթիւրքի հետ զօրակցութեան ձօնուած մամլոյ ժողով մը։ Ժողովին ներկայ գտնուեցաւ Թուրքիոյ ձախակողմեան շարժումէն զանազան կազմակերպութիւններ։
Մարդու Իրաւունքներու Իսթանպուլի ներկայացուցիչ Իւմիթ Էֆէ 412 օրերէ ի վեր տնային կալանքի դատապարտուած Այթէն Էօզթիւրքի հիւանդանոց երթալուն իրաւունքէն անգամ զրկուելը նշեց։
Հանրածանօթ երգչուհի Փընար Այտընլար ալ յայտնեց թէ Իպրահիմ Քայփակքայայի օրինակէն մեկնելով շատ լաւ գիտեն այս երկրի մէջ տանջանքներու դաժան գործադրութիւնը։
Էօզթիւրքի իրաւապաշտպան Տողա Ինճէսու ալ ընթերցեց իր պաշտպանեալի ղրկած պատգամը։
Այթէն Էօզթիւրք Անգարայի գաղտնի մէկ խուցին մէջ բերման ենթարկուելով երկարատեւ տանջանքներու մատնուած էր։