Պոլսահայ անուանի ճարտարապետ Նշան Եաղուպեան մահացաւ 94 տարեկան հասակին։ Ան վերջերս կը դարմանուէր Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցին մէջ։
Ծնած էր 1928-ին Քատըգիւղ Եէլտեղիրմենի թաղի մէջ։ Էսքիշեհիրէն գաղթած համեստ ընտանիքի մը չորս զաւակներէն կրտսերագոյնն էր։ Քոյրերուն նման ինք ալ տառապեցաւ թոքախտէ, որու հետեւանքով հարկադրուեցաւ Կեդրոնական Վարժարանի ուսումը կիսատ թողուլ։
Ապա շարունակեց ուսումը եւ յաջողեցաւ Իսթանպուլի Թեքնիկ Համալսարանի ճարտարապետական բաժնի արձանագրուիլ։ Շրջանաւարտ ըլլալէ անմիջապէս վերջ Արման Կիւրան եւ Յարութիւն Վափորճեանի հետ գրասենեակ մը բացաւ Ճիհանկիրի մէջ։ Կարճատեւ այդ ընկերութենէ ետք Եաղուպեան Վափորճեանի հետ միասին Փերայի մէջ նոր գրասենեակ մը բացաւ։ Անոր առաջին իրագործուած նախագիծը եղաւ Վալիքոնաղը փողոցի վրայ «Սիւմպիւլ Ափարթման»ի շինութիւնը։ 1954-55-ին կառուցուած շէնքի առանձնայատկութիւնն էր ճակատի որմնաքանդակները որոնց հեղինակն էր անուանի քանդակագործ Գուզկուն Աճար։
1956 թուին Էնիս Քորթան, Յարութիւն Վափորճեան եւ Աւերինոս Անտոնեատիսի հետ մասնակցեցան Սաքարիա քաղաքի կառավարական շէնքի մրցումին ու նուաճեցին առաջնութիւնը։
Յաջորդող տարիներուն Եաղուպեան 69 անջատ ճարտարապետական մրցումներու ընթացքին վեց անգամ յաջողեցաւ առաջնութիւնը նուաճելու։
Եաղուպեանի մրցանակաւոր բոլոր նախագիծները շինութեան վերածուած են։
Ան 1959-1970 տարեթիւերուն օգտուելով կրթաթոշակէ մը, ԱՄՆ-ի մէջ շարունակեց իր ստեղծագործական աշխատութիւնները։ Անոնց կարգին են՝ 11 Սեպտեմբեր 2001 թուականին ահաբեկչական աննախադէպ յարձակումի մը թիրախը դարձած զոյգ աշտարակներու շրջակայքի շինութիւնները։
Սաքարիայի կառավարական շէնքը 1999-ի կործանիչ երկրաշարժէն անվնաս դուրս եկած էր։ Ապա այդ շինութիւնը քաղաքապետարանի որոշումով փլցուեցաւ։
Եաղուպեան եւ ընկերները նուաճած էին նաեւ Գոճաթեփէ մզկիթի մրցումը։ Սակայն կազմակերպիչները փոխանակ առաջնութիւն նուաճած նախագծին համաձայնեցան աւելի աւանդական ոճի մը վրայ։
Արդի ճարտարապետական դպրոցի ներկայացուցիչներէն համարուող Եաղուպեան Թուրքիա վերադառնալէ ետք Պոլսոյ հայ համայնքի ի նպաստ նախագիծներ հեղինակեց։ Անոնց կարգին են Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցւոյ շրջապատի շինութիւնները եւ Գալֆայեան Որբանոցի յաւելեալ հատուածները։
Նշան Եաղուպեանի կեանքը եւ գործը նիւթ դարձաւ Ադոմ Շաշկալի պատրաստած վաւերագրական ժապաւէնի մը։
Ծ. -Նշան Եաղուպեանի կենսագրութեան մասին տեղեկութիւնները քաղուած են Տոքթ. Էվին Էրիշի «Եափը» պարբերականի մէջ հրատարակուած յօդուարէն։