ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Երբ հետզհետէ կը մօտենանք յօդուածաշարքին աւարտին կ՚ուզեմ վերջին ակնարկով մը վերադառնալ ածականներու նիւթին։ Ինչպէս նշած էի, միութենական կեանքի մէջ հնչող ածականներու կարեւոր մէկ մասը ժառանգուած է դպրոցական ապրումներէ։ Այս առթիւ Կեդրոնական Վարժարանի Զ. դասարանէն դրուագ մը, որ դրոշմուած է յիշողութեանս մէջ։ Դասապահերու միջեւ գործադրուող 5 վայրկեանի միջնարարները կատաղութեան պահեր էին աշակերտութեան համար։ Այլանդակութեան նոպայ մը կը տիրէր դասարանէն ներս ու անիմաստ աղմուկով մը կը դնդար դպրոցի առաջին յարկը, ուր տեղադրուած էին երեք դասարաններ։ Խեղճ հսկիչը կը մտնէր այդ երեքէն մէկը եւ հոն որոշակի զսպուածութիւն կը տիրէր։ Նոյն պահուն միւս երկու դասարանները կարծես պիտի կործանին։ Այդպիսի պահ մըն էր, երբ դասարանի ամենաբարի ու պարկեշտ աշակերտներէն համարուող Յարութիւնը եւս տարուեցաւ ժխորի հրապոյրէն եւ կողքի ընկերոջ հաստափոր «աղտոտի տետրակ»ը վերցնելով ետեւի նստարաններէն շպրտեց դէպի գրետախտակ։ Աղտոտի տետրակի դեղին էջերը այնպէս մը բացուեցաւ որ, այդ կարճատեւ ճամբորդութեան ընթացքին, մեր սիրելի ընկերը չկրցաւ զսպել իր չարութեան պատճառած ուրախութիւնը եւ աղաղակեց՝ «Ուչթիիի՜», այսինքն թռաւ պոռալէն։ Մեր այսօրուայ սիրելի Զատիկ Վարդապետ Պապիկեան, այդ պահուն անշուշտ չէր գիտեր թէ իր ձայնով կը կերտէ սեփական ածականը ու այդ պահէն ետք երկար տարիներ պիտի յիշուի Ուչթի ածականով։ Այսօր ալ զինք կը յիշենք իբրեւ «Ուչթի հայր սուրբ »։
Այդ նոյն տարիէն մնացած ածական մըն է նաեւ «Բզէզ»ը։
Վերեւ յիշուած հսկիչն էր դասարանի ամենափոքրակազմ մեր ընկերոջ՝ Նուպար Սարըյուրթի վզին փաթթուելով «Հիմա պիտի խեղդեմ քեզ բզէզ» պոռչտուքը եւս դրոշմուած է մեր յիշողութեան մէջ։ Նուպար Սարըյուրթ Ուչթիի նման մինչեւ օրս դասընկերներուն կողմէ կը յիշուի Բզէզ ածականով։
Յօդուածաշարքը կ՚ուզեմ աւարտին բերել միութենական կեանքի մէջ խոր հետքեր թողած Ռաֆֆի Արաքսը յիշատակելով։ Ռաֆֆի ալ Սիրակ Արմանի նման իր հօր՝ աւագ սերունդի կարկառուն դէմքերէն բժիշկ Հերմոն Արաքսի թելադրանքով սկսած էր յաճախել միութիւն։ Ան միութեան երդիկին տակ շուտով գտաւ իրեն համար հետաքրքրութիւն պատճառող դաշտեր։ Ռաֆֆի Արաքս օժտուած էր բեմի շնորհով։ Բացի այդ բնազդով համարձակ էր ու չէր վարաներ իր միտքն ու խօսքը հրապարակելէ։ Թէեւ դպրոցական տարիներուն այդ համարձակութիւնը բաւականին սուղ արժած էր իրեն համար։ Դպրոցի իւրայատուկ կարգապահութեան պարտադրանքը դժուար տանելի էր Ռաֆֆիի համար։ Միութեան մէջ գտած էր շատ աւելի ազատ միջավայր, ուր ինք եւս զարգացուցած էր, թէ խօսք ածելու եւ թէ իր հանճարը դրսեւորելու միջավայրը։ Ան օժտուած էր նաեւ կազմակերպչական շնորհով։ Իր շնորհիիւ «Մարմարա» թերթի էջերուն վրայ լոյս տեսան «Մենք Նոր Սերունդ» խորագրեալ միտքերը։
Ռաֆֆն Արաքսի կեանքի ուղին ալ ընթացաւ իր բնազդին համապատասխան կերպով։ Որոշ ժամանակ Փարիզի մէջ լրագրողութիւն ընելէ ետք անցաւ Հայաստան։ Շարժանկարի ոլորտէ ներս իբրեւ օգնական աշխատակցեցաւ անուանի բեմադրիչ Հենրիկ Մալեանի հետ։ Այդ տարիներուն ծանօթացաւ իր տիկնոջ Սիլվայի հետ։ Կրկին վերադարձաւ Փարիզ ու լծուեցաւ լրագրողի աշխատանքին։ Ի վերջոյ հասաւ պահը ու վճռեց թէ այսքան պանդխտութիւնը բաւարար է։ Վերադարձաւ Պոլիս եւ իր վաղեմի բարեկամի անուանի հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլուի թելադրանքով ստանձնեց Կղզիաց Քաղաքապետի տեղակալի պաշտօնը։
Ռաֆֆին ինք պատկերալից կերպար ըլլալով երբեք չունեցաւ զինք բնութագրող ածական մը։ Ափսոս որ շատ կանուխ հրաժեշտ տուաւ իր սիրելիներու ու մեզի մնաց թողած յիշատակով մխիթարուիլ։
Գիտեմ որ այս հանգրուանին իսկ տակաւին շատ բան կայ պատմելու արժանի կամ շատ անձնաւորութիւններ, որոնք զանցառած եմ, բայց այս պահուն կը հարկադրուիմ վերջակէտ մը դնելու։