Երբ 18 Յունիսին հրապարակուեցաւ 9 տարիէ ի վեր համայնքային ընտրութիւններու առկախման պատրուակ դարձած նոր կանոնագիրը, պոլսահայութիւնը անգամ մը եւս անպատրաստի գտնուեցաւ։ Կարծես մերոնք բոլորովին յոյսերնին կտրած ըլլային ընտրութիւններու մասին, տակաւին չենք կրնար կողմնորոշուիլ նախապատրաստութեան յստակ քայլերու դիմելու համար։ Պարտադրած կանոնագրի բացթողումներու պատճառաւ նոր տարակարծութիւններ կայացան։ Կանոնագրի սահմանափակումներուն դէմ առարկութիւն առաջարկողները անգամ կը կիսէին այն մտահոգութիւնը թէ նման քայլը նոր յետաձգումներու պատճառ կրնայ դառնալ։ Կառավարութիւնը պատրիարքական ընտրութենէն ետք երկրորդ անգամ պոլսահայութիւնը կը դնէր մատուցուածով գոհանալու հրամայականին առջեւ։ Վերջապէս դարձեալ պատրիարք սրբազանն էր որ առաջ անցնելով թելադրեց շտապել։ Համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւնները պահանջուած թուականին, այսինքն մինչեւ տարեւվերջ ի կատար հանել։
Նոյն թելադրանքը տիրապետեց նաեւ ԷՐՎԱՊ-ի այս շաբաթուայ նիստի ընթացքին, ուր վերահաստատուեցան նախապէս ճշդուած ընտրական յանձնախումբերը։ Մինչայդ պարտինք յիշեցնել թէ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան պատասխանատուներու հետ կատարուած բանակցութիւնները դրական արդիւնք չեն տուած։ Պետական պաշտօնեաները թելադրած են կանոնագրի հիման վրայ շարունակել գործընթացը եւ հաւանական թերութիւններու լուծում փնտռել ընտրութիւններէ ետք։ Այս մերձեցումըն ալ կը յիշեցնէ Ներքին Գործոց Նախարարի հրահանգները, ուր կ՚ըսուէր թէ «Դուք ըրէք ինչ որ անկ է։ Մենք ապա օրէնքները կը պատշաճեցնենք, գոյացած իրավիճակներու համաձայն»։