Համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ միջազգային յարաբերութիւնները սրելու ձգտումի վերջին օրինակը եղաւ ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու Տան նախագահ Նենսի Փելոսիի դէպի Թայուան կատարած այցելութիւնը։
Միջազգային դէտեր յատուկ նպատակներ կը վերագրեն Չինաստանի բաւականին խիստ ազդարարութիւնները անտեսելով կայացած այս այցելութեան։ Հեռաւոր Ասիայի այս հատուածին մէջ անլուծելի մնացած խնդիրներէն մէկն է «Ամբողջական Չինաստան» ընկալումը։ Արեւմտեան երկիրներ Ի դարու տեւողութեամբ յատուկ ջանք վատնեցին այդ հողամասի մէջ բեւեռացումը առկայ պահելու համար։ Այդ նպատակով շահագործեցին մերթ Ֆորմոզայի թերակղզին, մերթ Հոնքոնկը եւ ներկայ օրինակով ալ Թայուանը։ Համատարած կարծիքի համաձայն այս բոլորի ետին Չինաստանի համաշխարհային տնտեսութեան մէջ ստանձնած դերակատարութիւնը կայ։ Այդ ոլորտէ ներս Չինաստան Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր մրցակիցն է, որու արտադրութեան կարողութիւնը, այդ մրցակցութեան մէջ ալ աւելի ետկը մղէ ԱՄՆ-ի շահերը։
Թերեւս այս է որ դիւանագիտական այցելութիւն մը նոր պատերազմ մը սկսելու ներուժ կ՚ունենայ։ Արդարեւ երեքշաբթի օր արար աշխարհ շունչը բռնած կը հետեւէր Նենսի Փելոսին փոխադրող ինքնաթիռի վայրէջին։ Վայրէջքը տեղի ունեցաւ Չինաստանի օդային ուժերու կործանիչ ինքնաթիռներու սպառնացման ներքեւ։ Յայտարարուած ծրագրի համաձայն Փելոսի հանդիպումներ պիտի ունենայ Թայուանի նախագահին հետ եւ ելոյթ պիտի ունենայ Խորհրդարանի ամպիոնէն։
Նման լարուածութիւն մըն ալ ապրուեցաւ Եւորպայի կեդրոնին, Քոսովոյի եւ Սերպիոյ միջեւ։
Պալքանիան թերակղզիի այս երկու երկիրներու միջեւ ցարդ չէ հաստատուած վերջնական համերաշխութիւն մը։ Սերպիա կը մերժէ Ճանչնալ Քոսովոյի անկախութիւնը։ Բայց անդին կը գործէ անկախ պետականութիւն կերտելու յստակ քայլեր։ Այստեղ եւս օրակարգի կու գայ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը եւ սահմաններու պահպանման սկզբունքը։ Երեւոյթ մը՝ որ յարափոփոխ է իւրաքանչիւր օրինակի համար։ Քոսովոյի կառավարութիւնը վերջերս որոշումներ կայացուցած էր անցագիրներու եւ անոր հետ կապուած ինքնաշարժի համարներուն մասին։ Այս որոշումը սպառնալիք մըն էր Քոսովօ բնակող սերպերու համար։ Այդ լարուածութեան հետեւանքով հնչող ճչոցները սարսափի նոր ալիք գոյացուցին արդէն մահաբեր պատերազմով փորձուած հասարակութեան մօտ։
Խնդիրը առ այժմ դուրս եկած է հրատապ ըլլալէ, քանի որ Քոսովօ որոշումի գործադրութիւնը յետաձգած է։
Թուրքիոյ Սուրիոյ հիւսիսային հատուածը իբրեւ թէ անվտանգութեան պատրուակներով արշաւելու պատրաստութիւնը եւս յետաձգուած է համաշխարհային ուժերու առարկութիւններուն դիմաց։ Սակայն նախագահ Էրտողան կը շարունակէ յիշեցնել «Գիշեր կը յանկարծ կրնամ գալ» երգը, իբրեւ սպառնալիք իր շուրջբոլորին։
Եթէ յիշենք թէ ԱՄՆ ո՛չ միայն Չինաստանի, այլ Իրանի դէմ ալ կը շարունակէ լարուածութիւն ստեղծող քաղաքականութիւն, կարելի է պնդել թէ աշխարհ տնտեսական զանազան անելներու հետեւանքով դէմ յանդիման մնացած է կործանիչ նոր պատերազմի մը վտանգին դիմաց, որ սովորաբար կ՚անուանուի Համաշխարհային Գ. անունով։