Որքան ալ յայտարարուի թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի առանց նախապայմանի, զարգացումները կը պարզեն թէ թրքական կողմը յառաջընթացի իբրեւ նախապայման իր ձեռքին մէջ կը պահէ Զանգեզուրի Միջանցքի պարտադրանքը։ «Ասպարէզ» խնդիրը կը ներկայացնէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Թաշքենթի հանդիպման շրջագծին մէջ։ Չաւուշօղլու եւ Պայրամով խնդիրը կը ներկայացնեն միջազգային հաղորդակցութեան կապերու ընդլայնման ձեւաչափով։ Միւս կողմէ թրքական «Սապահ» թերթը նախորդ հինգշաբթի օրուայ համարով խոստովանած էր այս նիւթի մէջ թուրք ազգայնական միտքի դրսեւորումը Զանգեզուրի Միջանցք կոչուած հատուածը «Թուրանի Ճամբայ» համարելով։
Միջպետական յարաբերութիւններու թելադրածը եւ թուրք- ազէրիական պահանջատիրութիւնը իրարու հակասող երեւոյթներ են։ Բոլորովին ուրիշ բաներ են մարդկանց եւ ապրանքներու ազատ փոխադրութիւնը եւ երկրի մը պետական սահմաններուն անգոյ համարուիլը։ Առաջինը համաշխարհային հասկացողութիւնով ընդունելի է, իսկ երկրորդը բացարձակապէս ոչ։