Քննութեան վերջին գայթակղութիւնը տեղի ունեցաւ պետական պաշտօնէութեան անցնելու համար կատարուած քննութեան ընթացքին։ KPSS կրճատումով ծանօթ քննութեան հարցումներուն կարեւոր մէկ մասը նախապէս հրապարակուած էին եւ առկայ պնդումներու համաձայն թեկնածուներուն վաճառուած 1000 ԱՄՆ տոլարով։ Այս լսումներուն օրակարգի գալէն անմիջապէս ետք Համալսարաններու Մտից Քննութեան Խորհուրդի (ÖSYM) նախագահ Հալիս Այկիւն հերքումով մը հանդէս եկաւ ու մերժեց բոլոր պնդումնեերը։ Գայթակղութիւնը յստակ էր, հետեւաբար Հանրապետութեան Նախագահը նախ պաշտօնի կոչեց Պետական Քննիչ Խորհուրդը եւ ապա կէս գիշերային որոշումով մը պաշտօնանկ ըրաւ Հալիս Այկիւնը։
Ընդդիմադիրները այժմ կը պահանջեն քննութեան կրկնութիւնը։