ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ՝ ԼԱՐԱ ԹԱՇ
Անկասկած որ ցարդ քաղաքապետ Լիւթֆի Քըրտարի ջանքերով բազմաթիւ գործեր երեւան եկան, սակայն բոլոր ասոնց վրայ աւելցաւ նաեւ Իսթանպուլի արժանավայել բացօթեայ թատրոն մը, որ 9 Օգոստոսին բացուեցաւ քաղաքապետական թատերախումբի կողմէ պատրաստուած Սոփոկլէսի «Իգիպոս Արքան» անուն ողբերգութիւնով։
Տոքթ. Լիւթֆի Քըրտար հակիրճ ուղերձով մը բացումը կատարեց թատրոնին, որմէ յետոյ սկսաւ ներկայացումը։
Արժէքաւոր բեմադրիչը Մուհսին Էրթուղրուլ, այս անգամ ալ ջանք չէր խնայած վերոյիշեալ ներկայացումը կարելի եղածին չափ փայլուն եւ հեղինակին արժանավայել գործ մը դարձնելու համար։
«Իգիպոս» ողբերգութիւնը դաշնաւորած էր ծանօթ երգահան Ճեմալ Ռեշիտ։
Գլխաւոր դերերը ստանձնած էին Հիւսէյին Քեմալ Կիւրմէն (Իգիպոս), Սամի Այանօղլու (Գրէօն), Թալաթ Արթեմել (Քոյր Թհերեսիա), Նեճլա Սերթել (Իօքասթ), Մահմուտ Մօրալը (Լրաբեր), Կալիպրճան, Հատի Հիւն, Միւֆիթ Քիբեռ, Քյանի Գըրչաք, եւլն...
Ներկայացումը աւարտեցաւ յաջողութեամբ եւ խանդավառ ծափերու մէջ։ Յետ այսու ամէն Երեքշաբթի, Հինգշաբթի, Շաբաթ եւ Կիրակի գիշերները պիտի կրկնուի նոյն ողբերգութիւնը։
Կը շնորհաւորենք Քաղաքապետը իր այս կարեւոր գործին համար եւ կը մաղթենք որ Իսթանպուլ ունենայ նաեւ իր փառքին եւ գեղեցկութեան վայել ձմեռային թատրոն մըն ալ, որուն պակասը իսկապէս մեծ ցաւ կը պատճառէ բոլորիս։ (Թիւ 16, 15 Օգոստոս 1947)