Մեզ յղկող միջավայրի մասին (Ե)
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Միութեան երդիկին տակ շատեր կը յիշուէին իրենց վայելեցուած ածականներով։ Այդ ածականները շատ անգամ կու գային դպրոցի տարիներէն։ Ոմանց մականունը ինքնաբերաբար ածականի վերածուած կ՚ըլլար։ Այդպիսիներէն էր Յովհաննէսը եւ Յակոբը, որոնք միշտ կը յիշուէին Քուլաք կամ Բանտես կոչումներով։ Ներառեալ ես շատեր չէինք գիտեր թէ ո՞ւրկէ կու գայ Արթին Էսքիհանճըի «Շեֆ» կոչումը։ Յօդուածաշարքի հրապարակումէն ետք Երիտասարդաց Յանձնախումբի մեր տարեկիցներէն Արսէն Քանթարճը «Թիմատետր»ով իմացուց թէ ինք եղած է այդ կոչումի հեղինակը։ «Աշակերտութեան տարիներուս կ՚աշխատակցէի նաեւ «Փարք Օթել»ի հաշուապահական գրասենեակը։ Արթօն այդ սենեակի շեֆն էր, որ բոլոր աշխատողներս այսպէս կը դիմէինք իրեն։ Ես նոյնը շարունակեցի միութեան մէջ եւ այդ կոչումը տարածուեցաւ նաեւ հոն» կը պատմէ Արսէն Քանթարճը։ Նշեմ որ իր ածականն ալ «Պօզիթ» էր։ Քանի որ դերասանական շնորհով կը ոռնար ծիծաղելով Թուրք Ալգայնական Շարժումի գորշ գայլերը։ Կարապետ Գարագայան (Տաքեսեան) բոլորին վրայ թողած էր գիտուն առաջնորդի մը տպաւորութիւնը, որու հետեւանքով զինք կը կոչէինք «Քափթան»։
Արա Ղուպեսէրեանը «Աւուքաթ Արա» կոչելով կը զանազանէինք Արա Սրապեանէն, այսինքն «Փիճ Արա»էն։ Ատամնաբոյժ Վարուժան Ասատուրը «Գոչում», իսկ Կարապետ Քիւրքչիւն «Միր» ածականներով ծանօթ էին։ Իրենք էին այդ ածականներու հեղինակները, քանի իրենց զրուցակիցներուն կը դիմէին «գոչում» կամ «միրիմ» ըսելով։
Սանուց Միութեան երդիկին տակ ցնցուեցանք երկու անձնասպանութեան դէպքերով։ Թէ Սիրակ Արման եւ թէ Մուրատ Գարասու լրջօրէն կը տառապէին շիզոֆրենի կոչուած հոգեկան հիւանդութենէ։ Սիրակը Կեդրոնական Երգչախումբի անմոռանալի խմբավար Կարօ Արմանի որդին էր։ Կեդրոնական Սանուց Միութիւնը իր միակ ընկերային միջավայրն էր։ Կարճ շրջան մը դաշնամուրի ուսուցման հետեւելով քաջաբար կը տիրապետէր այդ նուագարանին։ Հիացումով կը լսէինք Ռահխմանինոֆի սոնատները իր կատարումով։ Սովորելու արտակարգ ունակութիւն ունէր։ Երբ ճատրակի տախտակի վրայ սորվեցաւ քարերու շարժման կանոնները, ոչ ոք կրնար երեւակայել թէ քանի մը օր ետք Սիրակի վարպետութեան համապատասխան խաղացող պիտի չգտնուէր։ Վերջապէս անպարտելի Սիրակը քանի մը շաբաթ անց ստիպուեցաւ արտերկրի խաղացողներու հետ նամակցելով մրցիլ։ Որոշ պարբերականներու մէջ հրատարակուած շախմատի խնդիրները դիւրաւ կը լուծէր առանց խաղատախտակի, թուղթին վրայ տեսած սխեման ակնթարթի մէջ պատկերացնելով։ Յայտնի էր թէ մեզ սովորականներէս շատ աւելի տարբեր կ՚աշխատէր իր ուղեղը։
Երկրորդ կարեւոր կորուստն էր Մուրատ Գարասու, որ ինքնափաստութեան եղանակը գտած էր կերամիկայի մէջ։ Երկուքն ալ իրենց հիւանդութեան բնորոշ եղանակով բարձունքէն վար նետուեցան։
Կեդրոնական Սանուց Միութիւնը եւ հաւանբար նման բոլոր միութիւնները ընկերային միջավայր ըլլալու կողքին գեղարուեստական օրրաներ էին նաեւ։ Հոն կար գիր ու գրականութիւն, երգ ու երաժշտութիւն, բեմ ու բեմադրութիւն։ Թէեւ այս յօդուածաշարքի նախորդ բաժիններուն մէջ յիշեցինք Միսակ Թորոս, Արթօ Պերպերեան կամ Հերման Վարիշ անունները, բայց առանց վերապահութեան կարելի է ըսել թէ Կեդրոնականի բեմին խորհրդանշական անունը եղած է Պօղոս Չալկըճըօղլու։
Վարժարանի տարիներէն սկսած թատրոնի սէրը մինչեւ այսօր չէ ցամքած իր մէջ։ Ան տակաւին դասախօսութիւններով, ուսումնասիրութիւններով եւ հրատարակութիւններով կը ծառայէ պոլսահայ բեմին։
Պօղոսի այդ յատկութիւնը գնահատողը եղաւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Գեռապայծառ Լեւոն Զէքիեան, որ անոր վաստակը գնահատեց Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի շքանշանի հանդիսաւոր տուուչութեամբ։
Այս պահուն վստահ եմ թէ անցնող աւելի քան 50 տարիներու ընթացքին Պօղոսին հետ ծանօթացած իւրքանչիւր անձ, այդ տուուչութեան շնորհիւ բաժնած է, այն մեծ ուրախութիւնը, որը վայելած էր ինք՝ պարգեւատուեալը։
Պօղոսի մականին տակ հասակ առած անուններէն Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի մասին ալ պիտի խօսինք յաջորդով։