Համայնքային ընտրութիւնները լուրջ մարտահրաւէր կը դառնայ

Համայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու վար­չութիւննե­րու ընտրու­թեան խնդի­րը կը շա­րու­նա­կէ հա­մայնքա­յին օրա­կար­գի գլխա­ւոր նիւ­թը մնա­լու։

Մօտ 9 տա­րուայ ու­շա­ցու­մէ մը ետք հրա­պարա­կուած նոր կա­նոնագ­րութիւ­նը զա­նազան դժո­ւարու­թիւններ կը ներ­կա­յաց­նէ հայ հա­սարա­կու­թեան դի­մաց։ Նոր կա­նոնա­գիրը ներ­կա­յաց­նե­լու հանգրուանին կա­ռավա­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րը յայտնած էին թէ նկա­տի ու­նե­ցած են Ազ­գա­յին Ժո­ղովի պատ­գա­մաւոր­նե­րու ընտրու­թեան սկզբունքը։ Այդ սկզբունքի վրայ ճշդած են երեք ընտրա­տարածքներ։ Նաեւ պար­տադրած են որ վար­չութեան թեկ­նա­ծու­ներն ալ տո­ւեալ ընտրա­տարած­քի բնա­կիչ­ներ ըլ­լան։ Պայ­ման մը՝ որ գո­յու­թիւն չու­նի երես­փո­խանու­թեան թեկ­նա­ծու­թեան պա­րագա­յին։

Այս մա­սին որոշ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւններ իրենց դժգո­հու­թիւննե­րը յայտնե­ցին Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն։ Այսպէս նա­խորդ շա­բաթա­վեր­ջին Կե­տիկ­փա­շայի, Սա­մաթիոյ, Ֆե­րիգիւ­ղի եւ Օր­թա­գիւ­ղի թա­ղական խոր­հուրդնե­րէն ներ­կա­յացու­ցիչներ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն հետ եւ անոնցմէ ոմանք պա­հան­ջե­ցին, որ ընտրու­թիւննե­րը ­կա­յանան ամ­բողջ Իս­թանպու­լի տա­րած­քին։

Միւս կող­մէ պե­տական պաշ­տօ­նեաներն ալ նա­խապա­տուու­թիւն տո­ւին ընտրու­թիւննե­րուն օր առաջ կա­յանա­լուն։ Այս ծի­րէն ներս Սուրբ Խաչ Դպրե­վան­քի խնա­մակա­լու­թեան ատե­նապետ Փրոֆ.Թո­րոս Ալ­ճան ալ «Ակօս»ին բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ. «Թէեւ պաշ­տօ­նական դի­մում մը չենք տա­րած, բայց ընտրու­թիւննե­րը Իս­թանպու­լի տա­րած­քին կա­յաց­նե­լու հա­մար բա­նակ­ցութիւններ կ՚ունենանք»։ Ան նաեւ յի­շեցուց որ նա­խապէս նե­րառեալ Սուրբ Խաչ Դպրե­վան­քի խնա­մակա­լու­թիւնը, իբ­րեւ 5 ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն ընտրու­թիւննե­րը կը կա­տարէին ամ­բողջ Պոլ­սոյ մաս­նակցու­թեամբ։ Ալ­ճան հա­մոզո­ւած է որ խնդի­րը յստակ ներ­կա­յաց­նե­լով կա­րելի է դրա­կան ձեռքբե­րումներ ակնկա­լել։ Ան նաեւ նշեց որ շրջանա­յին ընտրու­թիւննե­րու առա­ջար­կը, որ կը սահ­մա­նափա­կէ թեկ­նա­ծու­թիւնը եկած է մեր կարգ մը հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րէ։

Այս մա­սին Խորհրդա­րանի հայ պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան ալ 6 հար­ցումնե­րէ բաղ­կա­ցող պաշ­տօ­նական դի­մում մը կա­տարած է Խորհրդա­րանի Նա­խագա­հու­թեան։

Կա­րօ Փայ­լա­նի հար­ցումնե­րը ուղղուած են Մշա­կոյ­թի եւ Զբօ­բաշրջու­թեան Նա­խարար Մեհ­մետ Նու­րի Էր­սո­յին, քա­նի որ Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թիւնն ալ այս նա­խարա­րու­թեան կցո­ւած է։

Փայ­լա­նի հար­ցումնե­րէն մէկն ալ կը վե­րաբե­րի հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ընտրու­թիւնը յե­տաձ­գե­լով Առող­ջա­պահա­կան Նա­խարա­րու­թեան կամ­քին յանձնուելուն։

Փայ­լան կը հարցնէ թէ ար­դեօք մտա­դի՞ր էք նաեւ դպրոց ու­նե­ցող հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րը Կրթու­թեան Նա­խարա­րու­թեան կցե­լու։

Ընդհա­նուր գնա­հատ­մամբ կա­րելի է ըսել թէ հա­մայնքէ ներս ալ հա­մաձայ­նութիւն մը չէ գո­յացած եւ իւ­րա­քան­չիւր հաս­տա­տու­թիւն նիւ­թին հետ կը վե­րաբե­րի ո՛չ թէ հա­մայնքա­յին հե­ռան­կա­րով, այլ իր վար­չա­կազ­մի ան­հա­տական ակնկա­լու­թիւննե­րով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ