Նախորդ շաբթու մէջ, երբ կը պատրաստուէինք թերթի էջերը տպարան ուղղարկելու, լրատու գործակալութիւնները իբրեւ վերջին պահու զարգացում կը հաղորդէին Հիւսիսային Իրաքի քրտական հատուածի Զախօ քաղաքի մերձակայ Փարուխ գիւղի մէջ պատահած ողբերգութեան մասին։ Զբօսավայրի մը մէջ զոհուած էին 9 արաբ զբօսաշրջիկներ, որոնք օդափոխութեան եկած էին Պաղտատէն։ Լրահոսը կը շարունակուէր եւ կը պարզուէր թէ, բացի զոհուած ինը անձերէ կար նաեւ 23 վիրաւորներ, որոնց 5-ը ծանր վիճակի մէջ։
Պայթումէն անմիջապէս ետք Իրաքի իշխանութիւնները ռմբակոծութիւնը հասցէագրեցին Թուրք Զինեալ Ուժերու։ Իսկոյն մեկնարկեց նաեւ դիւանագիտական գործընթաց։ Իրաքի կառավարութիւնը Թուրքիոյ աւագ դեսպանը Արտգործ Նախարարութիւն կանչելով, պահանջեց որ Անգարա պաշտօնական կերպով ներողութիւն խնդրէ եւ իր բանակը ետ քաշէ Իրաքի հողերէն։ Մինչ այդ Իրաքի վարչապետ Մուստաֆա ալ Քազըմի ըսաւ որ թնդանօթաձգութիւնը երկրին ինքնիշխանութեան բացայայտ խախտում մըն է։ Սպիտակ Տունն ալ դէպքը պախարակելով յայտնեց որ կը հետեւին նոր զարգացումներուն։ Իրաքի կառավարութիւնը խնդիրը փոխանցած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին։