Համայն մարդկութիւնը համաձայնած է պատերազմի կործանիչ հետեւանքներուն մասին։ Այս համաձայնութիւնը ալ աւելի կը շեշտադրուի հայ անհատի համար։ Հայու առաջնահերթութիւնն է իր ընտանիքի անվտանգութիւնը։ Այդ մտատանջութիւնը իր հետ կը բերէ նաեւ գաղթելու գաղափարը։ Ներկայ իրողութեան մէջ կարեւորագոյն բախման դաշտ մըն է Ուքրաինան, որ արեւմտեան երկիրներու գրգռումով ենթարկուեցաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան յարձակումներուն։ Ուքրաինացիք յանկարծակիօրէն յայտնուեցան պատերազմի կրակին մէջ։
Փոխանակ պատերազմի մասին ամբողջական վերլուծումներ ընելու, նախընտրեցինք պատերազմի իրողութեան անհատներու վրայ գործած ազդեցութիւնը նիւթ առնել։ Այս մասին կը լսենք 10 տարեկանին Հայաստանէն ընտանիօք Երեւանէն Ուքրաինա գաղթած Ռուզաննա Նաումենքոյի ապրումները եւ խորհուրդները։
ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
2014-ին, երբ Ռուսիա առաջին անգամ փորձեց Ուքրաինան արշաւել, այդ պահուն չէի մտածած թէ գործերը այս աստիճանին կը հասնին։ Այս վերջին պատերազմին ալ կը կարծէի թէ Քիեւ զերծ կը մնայ այս բախումներէն։ Դուստրս ութերորդ դասարանի աշակերտ է։ Ուսուցիչը դասի պահուն իրենց բացատրեր է թէ ինչպէս կրնան շտապօգնութեան ծրար պատրաստել։ Դպրոցէն վերադարձին, երբ խօբեցաւ այս տնային պարտականութեան մասին, թէ ինք եւ թէ ես ծիծաղած էինք։ Վերջապէս քանի մը շիշ ջուր, քանի մը պահածոյ սննդեղէն, մկրատ, վիրակապ եւ այլ հիմնական նիւթերէ բաղկացած շտապօգնութեան ծրարը միասին պատրաստեցինք։
24 Փետրուարի երեկոյեան Քիեւի մէջ լսեցինք հրթիռներու ձայնը։ Վախազդու էր։ Պատերազմը թակած էր նաեւ մեր դուռը։ Իւրաքանչիւր ամսուն 24-րորդ օրը ինծի համար դժբախտութիւն կը յուշէ։ Որդիս կորսնցուցած էի 24 Նոյեմբերին։ Հրթիռներու ձայնը լսելով դարձեալ այդ օրը յիշեցի։
Ես աղջկանս հետ կ՚ապրիմ։ Իսկ միւս որդիս մեզմէ երկու շէնք անդին։ Մեր բնակարանը կը գտնուի 23-րդ յարկի վրայ։ Այդ բարձրութենէն աւելի յստակ կը լսենք հրթիռներու ձայնը ու կը տեսնենք լոյսերու ճաճանչումը։ Իսկոյն ճամբռուկ մը պատրաստեցինք եւ ելեկտրական հոսանքը կրնայ անջատուիլ խորհելով ներքեւ իջեցուցինք եւ տեղաւորեցինք ինքնաշարժի սնտուկը։ Վերադարձանք տուն, բայց քնանալ կարելի չէր։ Առաւօտուայ դէմ անգամ մը եւս ցնցուեցանք պայթիւնի հուժկու աղմուկով մը։ Որոշեցի թէ պէտք է երթանք։ Նախ փորձեցի որդւոյս հետ խօսիլ, բայց անհասանելի էր։ Ապա մայրս փնտռեցի եւ իմաց տուի որ կու գանք զինք առնելու։ Նախ դուստրս ինքնաշարժ տեղաւորեցի, ապա գացի որդւոյս տունը։ Պահեստի բանալին իմ մօտս էր։ Արթնցուցի զինք եւ մեկնեցանք մօրս տունը։ Մայրս ալ վերցնելով ուղղուեցամնք դէպի սահման։ Ճամբուն Ուքրաինական Բանակ ծառայող բարեկամներէս մէկը զանգահարելով խորհուրդ տուաւ որ սահմանի փոխանակ երթանք իր տունը։ Այդ տունը սահմանի հակառակ ուղղութեան վրայ էր։ Թէեւ ընկերոջս տունը գացած էինք, բայց տունէն աւելի մնացինք շէնքի նկուղը, ուր ապաստանած էին նաեւ բոլոր հարեւանները։ Նոյնիսկ վտանգաւոր կը թուէր մեր հագուստ- կապուստը փոխելու համար տուն բարձրանալը։ Քանի մը օր անց տեսանք թէ այսպէս շարունակելը բաւականին դժուար է, որոշեցի երկրի արեւմտեան հատուածը մօտ վեց ժամ հեռաւորութեան վրայ, ուրիշ քաղաք մը բնակուող բարեկամի մը մօտ երթալ։ Այդ վեց ժամուայ հեռաւորութիւնը հազիւ երկու օրէն աւարտեցինք։ Իւրաքանչիւր քառորդ ժամը անգամ մը կանգ կ՚առնէինք ստուգման կէտի մը մօտ։ Թէեւ գիտէինք թէ մեր ոստիկաններն են, բայց ընդմիշտ կ՚ապրէինք «Հապա եթէ ռուս ոստիկաննե՞ր են»ի վախը։ Ի վերջոյ հասանք եւ մինչեւ Մայիսի կէսերուն հոն մնացինք։
11 Մայիսին վերադարձանք Քիեւ։ Մինչ այդ յարձակումներն ալ բաւականին նուազած էին։ Տուն վերադառնալով լաց եկանք։ Անցնող այդ ժամանակահատուածին երբեք չէտի խնդացած։ Վախն ու սարսափը կլանած էր մեզ։ Նուազած էր Քիեւի ուղղեալ յարձակումները եւ մենք մեր տունն էինք։ Սակայն քանի մը ամիս անց, Յուլիսի սկիզբներուն կրկին լսուեցան հրթիռներու ձայները եւ ահազանգի ճչոցները։ Այս անգամ որոշեցի՝ երկրէն պիտի հեռանանք։ Մայրս 70 տարեկան է եւ առողջական զանազան խնդիրներ ունի։ Որոշեց իր վստահած բժիշկին մօտ մնալ։ Որդիս 30 տարեկան է եւ Ուքրաինական կառավարութիւնը արգիլած է մարտունակ տարիքի տղամարդկանց երկրէ հեռանալը։ Այսպէս ես ու դուստրս Թուրքիա եկանք եւ որոշած ենք Օգոստոսի սկիզբին ալ Երեւան մեկնելու։
Հիւրաբար կ՚երթամ Երեւան։ Իմ տունս Քիեւ է, եւ ես անպայման տուն պիտի վերադառնամ։ Իմ շրջապատի բոլորն ալ նոյն վճռակամութիւնով, վերադառնալու կամքով հեռացան Քիեւէն։ Խօսքս մեծահարուստներու մասին չէ։ Անոնք ուր որ ըլլայ կրնան ապրիլ։ Կային նաեւ Ուքրաինական անցագիրով Եւրոպական երկիրներ գաղթելու դիմողներ։ Բայց անոնց թիւը միշտ սակաւ էր։ Ինչպէս որ ըսի շատեր վերադառնալու միտքով հեռացան Քիեւէն։
Տեղւոյն հայ համայնքը զանազան միջոցներով օգնութեան փութացին ուքրաինացի զինուորներուն։
Թէեւ Երեւան ծնած եմ, բայց հոն չեմ կրնար ապրիլ։ Որքան ալ դադրած կ՚երեւի, Հայաստանն ալ պատերազմի մէջ է։ Երկու երկիրներ կան ուր կրնամ ապրիլ եւ երկուքն ալ պատերազմի մէջ են։ Հայաստան, երբ պատերազմի մէջ էր քոյրս կը մտածէր Քիեւ գալու մասին։ Եկուր տես որ Ուքրաինա յայտնուեցաւ պատերազմի մէջ ու հիմա ես Երեւան կ՚երթամ։ Բայց ինչպէս որ ըսի օր մը անպայման տունս պիտի դառնամ։