Մեզ յղկող միջավայրի մասին (Դ)
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Զինուորական յեղափոխութենէ ետք վերաբացուած միութիւնները տարիներու ընթցքին կորսնցուցին իրենց յուզումները։ Այլերս վերացած էր ընտրութիւններու նախորդող շրջանին տիրող մրցակցական մթնոլորտը։ Ալ աւելի ցաւալին՝ միութենական աշխատութիւնները մեծ մասամբ ագուցուեցան խնամակալութիւններու կամ թաղականութիւններու։ Այս երեւոյթը սակայն մերթ ընդ մերթ ունեցաւ ընդհակառակ պատկերներ։ Օրինակի համար՝ երբ Մխիթարեան Միաբանութեան վարդապետները կը մտմտային դպրոցը փակելու մասին, նախկին շնջանաւարտները իսկոյն արտակարգ ժողովներ գումարեցին միութեան երդիկին տակ։ Այդ ժողովներով կանխեցին դպրոցը փակելու միտող ճանապարհը եւ լծուեցան վարդապետներու դէմ յանդիման գտնուած անելները լուծելու։ Այդ օրերու անցուդարձներուն հետեւելով կարեւլի է եզրակացնել թէ միութիւնը փրկարար դերակատարութիւնը ունեցաւ դպրոց առաքելութեան յարատեւ միալու խնդրին մէջ։
Ուրեմն փաստացի օրինակ մըն է թէ սանուց միութիւն կոչուած հաստատութիւնը ի պահանջել հարկին կրնայ շատ լուրջ հեղինակութիւն ունենալ։
Եթէ այս պատահածը Մխիթարեան Միաբանութեան Վիենական Ուխտին վիճակած էր, տարբեր բնոյթով, բայց նոյնքան էական փորձի մը առջեւ յայտնուած էր նաեւ Միաբանութեան Վենետիկեան Ուխտին պատկանող նախակրթարանը։ Ան ալ պետական անարդար կարգադրութիւններով եւ իբրեւ թէ օրէնքներու թոյլտուութեամբ կը խլուէր իր սեփականատէրներէն այսինքն Մխիթարեան Միաբանութենէն։ Ցաւալի է որ այդ տարիներուն գոյութիւն չունէր նման անարդարութեան դէմ պայքարելու տրամադիր սանուց միութիւն մը։ Այդ բացթողումը լրացնել վիճակեցաւ հրատարակութեան սկզբնական տարիներուն գտնուող «Ակօս»ին։
Անարդարութեան դէմ «Ակօս»ի ընդվզումը պատշաճ արձագանգը գտաւ երկրի մամուլի մէջ ալ։ Ընդվզումը բոցավառեց դիմադրութեան կամքը եւ այսպէս աշակերտութիւն եւ ծնողքներ փութացին գրաւելու դպրոցի յարատեւ մնալու։ Մեկնարկեց երկարատեւ դիմադրութիւն մը կազմակերպուեցաւ հերթապահութեան ծրագիր մը, որու շնորհիւ Փետրուար ամսու այդ ամենացուրտ օրերուն իսկ մարդիկ համախմբուեցան խարոյկի բոցերուն շուրջ եւ ի վերջոյ ապահովեցին նախ Շիշլիի Քաղաքապետարանի եւ ապա Իսթանպուլի Կուսակալութեան միջամտութիւնը։ «Ակօս»ի հրատարակութիւններով լսելի դարձած էր ուսման տարեշրջանին մէջ դպրոց փակելուն որոշումին դէմ բողոքը։
Մեր յիշողութեան մէջ անմոռանալի կը մնայ այն պահը՝ երբ Իսթանպուլի Կուսակալութենէն հասաւ ուսման նոյն շէնքի մէջ շարունակելու որոշումը։ Դասարաններէն պարտէզ շպրտուած նստարանները գրասեղանները կամ գրետախտակները քանի մը ժամուան մէջ կրկին փոխադրուեցան դասարաններ եւ դպրոցը պատրաստ եղաւ յաջորդ օր ուսում ջամբելու։ Այդ տակնուվրայութեան մէջ ես ու Հրանդ Տինքն էինք, որ մեր ձեռքին ցախաւելներով կ՚աւելէինք դպրոցի պարտէզը։
Ճիշդ է որ այս վերջին օրինակը ուղղակիօրէն առնչութիւն չունի մեր սանուց միութիւններուն հետ։ Բայց Հրանդը, ես եւ մեր կողքին հաւաքուած տասնեակ մը գործիչներ բոլորս ալ ունէինք միութենական անցեալ։ Այսօր ցաւալի է տեսնել թէ մեր համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւններու մէջ չնչին փոքրամասնութիւն կը մազմեն միութենական կեանքի փորձառութիւն ունեցողները։ Այդ զանգուածը աւելի շուկայական միջավայրի մէջ ձեւաւորուած է դիմադրելու փոխարէն աւելի ունակ է գոյացող պայմաններու համակերպելու։ Մանաւանդ երբ այդ պարտադրանքները կու գան պետական շրջանակներէն։
Դարձեալ ցաւալի է տեսնել թէ, միութենական գործողութեան ցամքիլը եղաւ ինքնաբերաբար։ Նոյնիսկ կը կարծեմ թէ եթէ միութեանական կեանքի դէմ պետութեան կողմէ արգելքներ պարտադրուէին հրաժարումը այսքան դիւրին չէր ըլլար։ Այդ է պատճառը որ երանութեամբ կը յիշենք պոլսահայ սանուց միութիւններու հիմնադիրները։ Անոնք անգոն գոյութեան վերածեցին։ Եթէ Կեդրոնականի օրինակը վերայիշենք յաջողեցան միութեան հաւաքատեղին սեփականութիւն դարձնել։ Ուրիշներ՝ օրինակի համար Դպրեվանքի Սանուց Միութիւնը յաջողեցաւ տարիներ շարունակ վարձակալութեան պարտքը վճարել առանց սայթաքելու։
Ներկայ պատկերը հիասթափեցնող է։ Կարծես այլեւս կարիքը չէ մնացած սանուց միութիւններուն։ Ուրիշ ինչպէ՞ս բացատրել Էսաեան Սանուց Միութեան դռներու կամայական փակուիլը։
Տարիներ շարունակ շրջանաւարտներ տուած այդ հաստատութենէն ոչ մէկ առարկութիւն՝ այս կատարուածին դիմաց։ Նոյնն է երեւոյթը Լուսաւորիչ Երգչախումբի համար։ Հոն եւս երիտասարդական բազմանդամ խումբ մը թաղականութեան որոշումով զրկուեցաւ իր հաւաքատեղիէն եւ փորձավայրէն, այսինքն Նարեկեան սրահէն։
Միութիւնները մեր համայնքի հասարակական կազմակերպութիւններն էին, որոնք նաեւ ստանձնած էին այս համայնքի մշակութային գործունէութիւնը։
Համատարած համոզում մըն է թէ երկրի քաղաքական միջավայրը իր ցոլացումը կ՚ունենայ նաեւ փոքրամասնութիւններու հաւաքականութիւններուն վրայ ալ։
Երբ երկրէ ներս հետզհետէ կը զարգանայ մենատիրական վարչակարգ մը, մերոնք եւս կը ձգտին նոյն յատկութեան։ Այսօր Թուրքիոյ մէջ մեծ աւանդութիւն ունեցող պետական կառոյցները բոլորովին հեղինակազուրկ դարձած են։ Համալսարանները նոյնպէ՛ս։ Կարծես շուրջ 90 միլիոն բնակչութիւնով երկիր մը, բոլոր որոշումները կախեալ են մէկ անձի տրամադրութենէն։ Հայ համայնքն ալ որդեգրած է նման եղանակ մը, որ ինքնաբերաբար կ՚ունենայ ծանր հետեւանքներ։
Քաղաքակրթութիւնը անցեալին յստակօրէն ապացուցած էր թէ հասարակութեան յառաջընթացը եւ զարգացումը ուղղակիօրէն առնչուած է անոր կազմակերպուելու կարողութեան։ Մենք անզգալաբար այդ կարողութիւնն է որ կը կորսնցնենք։ Ժամանակը հասած է սթափելու եւ կազմակերպուած համայնքի մը պատշաճողյատկութիւնները վերազինուելու։