Վերեւի սիւնակներուն մէջ անդրադարձած էինք Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի Իրանի մէջ մասնակցած եռակողմ վեհաժողովին։ Տակաւին այդտեղ խօսուած եւ նիւթերը բանակցութեան ճամբով լուծելու մասին թելադրանքները կեանքի չէին կոչուած, երբ Թուրքիա 20 Յուլիս չորեքշաբթի օր ռմբակոծեց քրտաբնակ Զախօ քաղաքը, որու հետեւանքով մահացան 10 հոգի, որոնցմէ 9 արաբ զբօսաշրջիկներ էին, ներառեալ 2 երախա եւ երեք կիներ։
Վիրաւորուեցան նաեւ 22 անձեր, որոնց մէկ մասը դարձեալ անչափահասներ էին։ Ռմբակոծման պահուն դէպքի վայրը գտնուող Հիւսիսային Իրաքի Քրտական Վարչութեան հեռուստակայանի թղթակիցը ռմբակոծումը իսկոյն վերագրեց Քրտական Բանուորական Կուսակցութեան, այսինքն ՓՔՔ-ի։
Սակայն շուտով պարզուեցաւ ապատեղեկատուութիւնը, քանի որ արձակուածը Թուրքիոյ զինեալ Ուժերու օգտագործած թնդանօթներու ռումբեր էին։ Լուրը խմբագրուած պահուն միջազգային լրատու գործակալութիւններ, Իրաքի եւ Հիւսիսային Իրաքի իշխանութիւններն ալ յայտարարութիւններ չէին ըրած։
Տեղացիներ կը յայտնեն թէ ռմբակոծուած վայրը զբօսայգի մըն է, ուր միայն խաղաղ բնակիչներ կ՚ային։ Տեղացիները նախորդ փորձերէն գիտեն թէ նման դէպքերէ ետք պաշտօնական Անգարան իսկոյն կը հրապարակէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ տեղեկութիւններ, որոնք բացարձակապէս չեն համապատասխաներ իրողութեան։