Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահները Թեհրանի մէջ մէկտեղուեցան Աստանայի ձեւաչափով։ Թէեւ երեք նախագահներու օրակարգը կը բաղկանար տարածքաշրջանային խնդիրներէ՝ բայց Էրտողան փորձեց զօրակցութիւն ձեռք բերել իր երկրի զինեալ ուժերու դէպի Սուրիոյ հիւսիսային հատուածէն ներխուժելու մասին։
Ծանօթ է որ Էրտողան երկրէ ներս օրըստ օր արժեզրկուած վարկը կ՚ուզէ ամրացնել երկրի սահմաններէ դուրս արկածախնդրութիւնով մը։ Այդ մասին նախ փորձեց բաւականին սրել Յունաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները։ Տրուած ըլլալով որ Յունաստան ԵՄ-ի անդամ երկիր է, նման արկածախնդրութեան մը հետեւանքները բաւական սուղ պիտի արժէին։
Այս տեսնելով Էրտողան իր սլաքները ուղղեց դէպի Հիւսիսային Սուրիա, ուր նման փորձի մը համար պիտի կրնար շահագործել ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի պատրուակը։
Յիշենք որ նման պատճառաբանութիւնը յաճախ ընդունելի գտնուած էր արեւմտեան աշխահի կողմէ, որոնք ընդմիշտ կ՚արդարացնէին Թուրքիոյ իր սահմաններու անվտանգութեան մասին մտահոգութիւնները։
Սակայն նոյն պատճառաբանութիւնը ընդունելութեան չ՚արժանացաւ Թեհրանի վեհաժողովի ընթացքին։ Թէ Իրանի նախագահ Ռէիսի եւ թէ Փութին շեշտեցին առկայ խնդիրներուն բանակցութիւններու ճամբով լուծուելու վարկածը։
Փութին իր կարգին յայտնեց թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը նախ պէտք է սկսի ՏԱԻՇ-ի դէմ։ Փութինի այս խօսքերը պաղ ցնցուղի ազդեցութիւն գործեցին, քանի որ համաշխարհային հասարակութեան համոզումով այդ ահաբեկչական բանակը կը վայելէ Թուրքիոյ աջակցութիւնը։
Էրտողանի համար ոչ ձեռնտու եղաւ նաեւ Իրանի Հոգեւոր Առաջնորդ Ալի Համանէյի հետ ունեցած հանդիպումը։ Համանէյն ալ իր կարգին զգուշացուց Էրտողանը Իրան-Ատրպէյճան սահմանի մասին։ Համանէյի վերապահութիւնը դէտեր կը վերագրեն Ալիեւի եւ Էրտողանի յամառօրէն օրակարգի բերած Զանգեզուրի միջանցքի դէմ կանխազգուշացում մը ըլլալով։
Հետեւելով այս բոլորին կարելի է ըսել թէ Էրտողան Պայտընէ եւ Եւորպական երկրներէ վերջ չէ կրցած ապահովել նաեւ Իրանի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան աջակցութիւնը։