Քովիտ 19-ի համավարակը նոր թափ ստացած է։ Հետաքրքրական տարբերութիւն մը ըլլալով նախորդ փորձերու հետ՝ այս անգամ նախ մարդիկ իրենց շուրջ բոլորը նկատեցին դէպքերու յաճախականութիւնը եւ լրատու գործակալութիւններ հազիւ օրեր անց անդրադարձան ժահրի ոստումին։ Ըստ երեւոյթի պիսակաձեւ ժահրը յատկութիւն փոխած է եւ շատ աւելի դիւրաւ կը կը փոխանցուի հասարակութեան մէջ։ Դարձեալ այս նոր տարբերակի յատկութիւն ըլլալով դէպքերը աւելի նուազ մահացու են։ Նոյնպէս հիւանդանոց դիմողներու թիւն ալ աւելի սահմանափակ մնացած է։ Այս երեւոյթին մէջ կարեւոր գործօն մըն է նաեւ այն երեւոյթը, ըստ որու մարդիկ վարակուելու մասին վերահասու կը դառնան դեղարաններէ գնուած թեստերու միջոցաւ, որոնց ճշգրտութիւնն ալ բաւական վիճելի է։ Հետեւելով համաշխարհային մամուլին, կարելի է ըսել թէ երեւոյթը համատարած է բոլոր երկիրներու համար։
Նմանապէս համավարակի դէմ գործադրուող կանխամիջոցները վերացած են ամենուրէք։ Հանրային փոխադրամիջոցներու մէջ հազուադէպ են դիմակ կրողները։
Մասնագէտներ նախապէս ալ յայտարարած էին թէ տակաւին երկար տարիներ պիտի ապրինք պսակաձեւ ժահրի տարբեր բնոյթի յատկանիշներ ցուցաբերող օրինակներուն հետ։