Հրանդ Տինք Հիմնարկի արեւմտահայերէնի աշխատանոցը կը մեկնարկէ 25 Յուլիսին։ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի աջակցութեամբ ընթացող աշխատանոցը շաբաթը մէկ անգամ 1,5 ժամուայ մէկտեղումներով պիտի շարունակուի մինչեւ 30 Սեպտեմբեր։
Աշխատանոցը ուղղուած է հայերէնի հիմնական գիտելիքներ ունեցողներուն խօսակցական վարժութիւնը զարգացնելու։
Աշխատութիւնները պիտի կայանան առաւելագոյն 10 մասնակիցներէ բաղկացող խումբերով։ Պահանջի համաձայն կարելի է նոր խումբեր ձեւաւորել, դարձեալ 10 հոգիի սահմանումով։
Դիմողներէն կը պահանջուի 200 ԹԼ.-ի ուսման վարձք ամբողջ ծրագրին համար։ Նախագիծի մանրամասնութիւններու համար կարելի է դիմել Հրանդ Տինք Հիմնարկի կայքէջը։