Հետզհետէ կայացած է գիտնականներու կանխատեսումները եւ երկրագունդը մատնուած՝ ընդհանուր ջեռուցման մը աւերիչ ազդեցութիւններուն։
Յատկապէս հիւսիսային երկրագունդի բոլոր երկիրները կը տառապին եղանակի անսովոր ջեռուցումէն։ Կարգ մը երկիրներ կ՚ապրին իրենց պատմութեան ամենաթէժ ամառը։ Այս երեւոյթը իր հետ կը բերէ մահուան դէպքեր յատկապէս տարեցներու մօտ։
Յաւելեալ աղէտ մըն է անտառներու հրդեհները, որոնք ընդարձակ տարածքներու ոչնչացման պատճառ կը դառնան։
Այսպէս Թուրքիա, Սպանիա եւ Յունաստան կ՚ապրին ծանր հետեւանքներու տեղի տուող հրդեհներ։ Երեւոյթը տարբեր չէ նաեւ Հայաստանի մէջ, ուր բժիշկներ յատկապէս սիրտ-անոթային հիւանդութիւններէ տառապողներուն կ՚ազդարարեն ցերեկուայ ժամերուն դուրս չի գալ եւ մնալ տունը խուսափելով նաեւ լուսամուտները բանալէ։