ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ՝ ԼԱՐԱ ԹԱՇ
Թուրքիոյ թատրոնի բեմերու եւ սպիտակ պաստառի իւրայատուկ աստղերէն Իրմա Ֆելեկեան կամ աւելի ծանօթ անունով Թօթօ Գարաճա իրանահայ ամոլի, անուանի դերասան Մարի Հերանոյշ Ֆելեկեանի եւ Յարութիւն Մարութեանի դուստրը ըլլալով ծնած է Պոլիս, 1912-ին։ 1939-ին ամուսնացած է դերասան Մեհմետ Գարաճայի հետ։ Որդին Ճեմ Գարաճա ալ թրքերէն ռաք երաժշտութեան ռահվիրան կը համարուի։ Թօթօ Գարաճա ուղիղ 30 տարի առաջ, 22 Յուլիս 1992-ին հեռացաւ այս աշխարհէն։ Զինք կը յիշատակենք իր վաղեմի բարեկամին՝ Յակոբ Այվազին հետ ունեցած գրութիւններու միջոցաւ։
«Մեր անզուգական Թօթոյին համար կարելի է գիրքեր գրել եւ կը կարծեմ որ նորէն ալ կարելի չըլլար իր արուեստի բարձրութեան պատկերացումը տալ» (Յակոբ Այվազ, «Քուլիս» 384, 15 Դեկտեմբեր 1962)։
Թատրոնի ջերմ սիրահար ու դերասան Յ. Այվազ, «Քուլիս» անուն՝ հանդէսին հետ ալ կը զբաղէր, կը կենար եւ այս հանդէսին համար, իր ամէն ինչը կը զոհէր, ամբողջ ուժը նուիրած էր։ «Ամէն անգամ, երբ «Քուլիս» կը բերէր մեզի, ես ներքնապէս կը խնդայի եւ կ՚ըսէի. –Այվազը պիտի սնանկանայ…, Որովհետեւ պիտի չի քալէ։ Պիտի չի ծախուի եւ այլն։ Այո՛, Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսաւ բազմաթիւ թերթեր ու հանդէսներ, որոնք կարճ կեանք ունեցան եւ միջոց մը վերջ դադրեցան հրատարակութենէ։ Բայց քեզի մեծ Պրաւօ՛ մը Այվազ։ Զիս պզտիկ ձգեցիր, քու դիմացդ նկուն դիրքի մատնուեցայ, ասոր համար ալ շատ գոհ եմ։
Հիմա պարծանք կը զգամ, «Քուլիս»ը ապրեցուցիր եւ տակաւին պիտի ապրեցնես։
Այսօր «Քուլիս»ի 40-ամեակը կը տօնես։ Վստահ եմ որ 50 ամեակն ալ պիտի տօնես» (Թօթօ Գարաճա, «Քուլիս» 963, 1 Փետրուար 1987)։
«Հետաքրքիր ընթերցողներ ու բարեկամներ Թօթոյին հետ ազգականական կապ մը փնտռեցին մեր միջեւ եւ մասնաորաբար իր մահէն յետոյ, երբ սգակիր ըլլալով տեղ գրաւեցինք եկեղեցւոյ մէջ։
Նախ պէտք է ըսեմ, որ որեւէ ազգականութիւն չունէինք եւ սակայն ազգականէ մը աւելի մօտ էինք ընտանիօք։ Յետոյ՝ մի քանի անգամ ալ խաղընկերս եղած էր Թօթօ։ «Արշին Մալ Ալան»ի եւ «Տէր եւ Տիկին Մօնկօտէններ»ու մէջ։ Քոյր, եղբայր էինք իրարու հետ։ (Յակոբ Այվազ, «Քուլիս» 1052, 1 Օգոստոս 1992)։
Հրանդ Տինք Հիմնարկ, Յակոբ Այվազի Արխիւ