ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
«Մահ չիմացեալ մահ՝ մահ իմացեալ անմահութիւն»։ Այս էր խորագիրը Անդրանիկ Արշակեանի Արցախեան առաջին պատերազմէն ետք գրի առած յուշագրութիւններու հատորին։ Արշակեան մի առ մի այցելած էր պատերազմի ընթացքին զոհուած զինուորներու եւ քաղաքացիներու տուները։ Հարազատներէն եւ ամենամտերիմներէն լսած էր անոնց մահուան դրուագները։ «Աշխատանքի լծուած օրերուս մազերուս մէջ համարեա սպիտակ թել չկար, իսկ աւարտին մազերս բոլորովին ճերմկած էին» պատմած էր մեր զրոյցներէն մէկու ընթացքին։
Այս անգամ մեր սեղանին դրուած է 44 օրեայ պատերազմի մասին վկայութիւններ բերող նոր հրատարակութիւն մը՝ «Վիրաւոր Արծիւը»։ Գիրքի հեղինակը՝ Տեմիր Սէօնմէզ հայ արմատներ ալ ունեցող թուրքիացի քիւրտ մըն է, որ իբրեւ անկախ ֆոթոլրագրող կ՚ապրի ու կ՚աշխատի Զուիցերիա, ուր ստացած է նաեւ այդ երկրի քաղաքացիութիւնը։ Լսելով 27 Սեպտեմբեր 2020 թուականի առաւօտեայ ժամերուն Արցախի տարածքին ուղղեալ լայնածաւալ յարձակումները, Տեմիր Սէօնմէզ կ՚որոշէ երթալ Արցախ ու պատահածներէն իրազեկ դարձնալ համաշխարային հասարակութիւնը։
Համավարակի պարտադրած սահմանափակումներու պայմաններուն տակ հազիւ 22 Հոկտեմբեր թուականին է որ կը յաջողի ճամբորդել դէպի Երեւան։ Զուարթնոց օդակայանի մէջ զինք կը դիմաւորէ մեր սիրելի բարեկամ Ռաֆֆի Հերմոն։ Իսկոյն կը դիմեն Արցախի Հանրապետութեան Երեւանյան ներկայացուցչութիւն, վիզա ստանալու համար։ Ապա Սէօնմէզ կ՚ուղուի դէպի Ստեփանակերտ։
«Վիրաւոր Արծիւ»ը հայերէն եւ անգլերէն երկլեզու գիրք մըն է, ուր տեղ գտած են ֆոթոլրագրողի բազմաթիւ լուսանկարները։ Լուսանկարներ՝ որոնք կը նկարագրեն 44-օրեայ պատերազմի ցնցիչ ապրումները, յատկապէս խաղաղ բնակիչներու ապրումներէն դրուագներով։
Հատորի սկիզբին տեղադրուած է Արցախի պատմութեան մասին հակիրճ տեղեկութիւն։ Երկրորդ բաժինը կ՚ընդգրկէ Տեմիր Սէօնմէզի վկայութիւնները եւ մեկնաբանութիւնները։ Անոր առաջին տպաւորութիւնը պատերազմի ծաւալին կը վերաբերի։ Հայերը ոչ միայն ազերիներու, այլ ՆԱԹՕ-ի երկրորդ հզօր բանակին՝ Թուրք Զինեալ Ուժերու եւ անոնց Սուրիայէն բերած ճիհատական ահաբեկիչներու դէմ պաշտպանեցին իրենց երկիրը։ Հեղինակը կը փոխանցէ նաեւ ժողովուրդի ապրած մեծ հիասթափութիւնը, քանի որ գերպետութիւններ դիտումնաւոր կերպով անտեսած են գործադրուած ռազմական յանցագործութիւնները։ Աւելին, համաշխարային հասարակութիւնը տարուած էր Ատրպէյճանի ապատեղեկատուութենէն, ըստ որու պատերազմը ծագած էր Հայաստանի յարձակումով։ Թրքական լրատու գործակալութիւնները պատերազմի տեւողութեամբ շարունակեցին այս սուտը, մինչեւ որ Ալիեւ ինք անձամբ դրժէր իր իսկ ներկայացուցած պնդումը։
Խիստ հետաքրքրական ակնարկներով լեցուն այս հատորի էջերէն իրազեկ կը դառնանք այնպիսի տեղեկութիւններու, որոնք ցարդ չեն լսուած այլ աղբիւրներէ։ Օրինակի համար օտար լրագրողներու իջեւանած «Արմենիա» հիւրանոցի անձնակազմը պատերազմէ ետք հեռացած է Ստեփանակերտէ։ Անոնց բաց թողած ծառայողթիւնը եւ սպասարկութիւնը կատարելու համար կամաւոր եղած են ԼԿՊԹ անհատները, որոնց յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Տեմիր Սէօնմէզ, գնահաատելով իրենց անձնուէր ու ազգասէր աշխատանքը։
Պատերազմը նաեւ փորձի դաշտ է մարդու տեսակը որակաւորելու համար։ Հոն է որ կը տեսնենք խաղաղութեան պայմաններու մէջ յոխորտացողներու, ճակատի խրամատներուն մէջ ինչպէս սմքելուն։ Կարելի է հանդիպիլ ընկերային միջավայրի մէջ առիւծի նման մռնչողին, ճակատի վրայ մուկի նման ճչոց արձակելու երեւոյթներուն։ Կամ ալ ճիշդ հակապատկերը, սովորական կեանքի մէջ նման յաւակնութիւններ չ՚ունենալով հանդերձ, օրհասական պահուն մեծ հերոսութիւններ ցուցաբերողներուն։
10 Նոյեմբերի զինադադարէն ետք լրագրողը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը այս անգամ Հայաստանի մէջ։ Թէժ կռիւները հանգած են, բայց ցաւն ու կսկիծը կը շարունակէ հայոց երկրի մէջ։ Օրեր շարունակ անյայտ կորած զինուորներու աճիւններ կը յայտնաբերուին եւ կ՚ուղարկուին Հայաստան։ Այս անգած թաղման արարողութիւնները, սգահանդէսները կամ հոգեճաշերը պատմական վկայութիններու կը վերածուին Տեմիր Սէօնմէզի ոսպնեակով։
Ժնեւի Լուսանկարիչներու Միութեան կողմէ հրատարակուած «Վիրաւոր Արծիւ»ը Արցախի 44-օրեայ պատերազմի մասին շատ կարեւոր վկայութիւններ բերող գործ մը ըլլալով իր արժանի տեղը գտած է հայ գրական գանձարանին մէջ։ Մեզի կը մնայ շնորհաւորել ֆոթոլրագրող Տեմիր Սէօնմէզը, համաշխարային հասարակութեան կոյր, խուլ ու համր նկարագրին իջեցուցած այս հուժկու հարուածին համար։