Մեզ յղկող միջավայրի մասին (Գ)
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
12Սեպտեմբեր 1980-ի զինուորական յեղափոխութիւնը շատ ծանր աւեր գործած էր երկրի ընկերային կեանքի վրայ։ Արգիլուած էին քոլոր քաղաքական կուսակցութիւնները, աշխատողներու արհմիութիւնները, հասարակական կազմակերպութիւնները եւ «միութիւն» բառով ներկայացող բոլոր կազմակերպութիւնները։ Պոլսոյ հայ վարժարաններու սաներուն իրենց դպրոցի անունով կազմած հասարակական կազմակերպութիւններն ալ կը կրէին միութիւն կոչումը։ Հետեւաբար մօտ չորս տարի արգիլուեցաւ նաեւ անոնց աշխատութիւնները։
Այս չորս տարուայ ընդհատումը շատ սուղ վճարեցին մեր սանուց միութիւնները։ Անոնցմէ շատեր կը գործէին իրենց դպրոցներու պատկանող կալուածներու մէջ։ Բայց կար նաեւ վարձուած շէնքի մէջ գործող միութիւններ։ Այդպիսին էր Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի սանուց միութիւնը, որ վերաբացման շրջանին դէմ առ դէմ մնաց վարձերու կուտակուած բարձր պարտքով մը։ Այդ իսկ պատճառաւ միութիւնը լքեց քաղաքի կեդրոնական թաղամասին մէջ գտնուող իր հաւաքատեղին եւ հարկադրուեցաւ Նարլըգաբուի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ համալիրին մէջ իրեն տրամադրուած վայր մը փոխադրուիլ։ Մնացեալ միութիւնները հարկադրուեցան չորս տարի փակ մնացած իրենց շէնքերը լուրջ վերանորոգութեան մը տանելու։ Միութիւնները յատուկ եկամուտներ չեն ունեցած։ Իրենց ընթացիք ծախսերը կ՚ապահովէին միութենական համեստ աշխատանքներով։ Մանաւանդ բոլորն ալ հարկադրուած էին արդէն ժամկէտը լրացած վարչութիւնները վերակազմելու։
Սակայն բոլոր այս աննպաստ համայնապատկերին մէջ կար վերակազմաւորուելու կամք մը։ Այդ կամքով առաջին գործի լծուողներէն եղաւ Մխիթարեան Սանուց Միութիւնը, որ այս արտակարգ շրջանի համար դիմեց միութեան աւագ անդամներուն, նոյնիսկ հիմնադիրներուն աջակցութեան։
Աւագ սերունդը ոգեւորութեամբ ընդառաջեց Մխիըարեանի երիտասարդ վարչութեան այս կոչին, որուն ամենացայտուն հետեւանքներէն մէկը եղաւ միութեան պաշտօնաթերթ «Սան»ի վերհրատարակութիւնը, այս անգամ «Նոր Սան» անունով։
Համարեա նոյն օրերուն նման յուզումներ կ՚ապրուէր Կեդրոնական Սանուց Միութենէ ներս եւ հոն ալ նոր ոգիով սկսաւ հրատարակուիլ երբեմնի «Հանդէս Մշակոյթի» պարբերականը, այս անգամ «Հոպինա» անունով։
Կեդրոնականէ ներս սկսած էր նաեւ Կեդրոնական եւ Սայաթ Նովա Երգչախումբերու հերթական փորձերը։ Գործի լծուած էր բեմադրիչ Արթօ Պէրպէրեան, որ պատրաստեց Ակաթա Քրիսթիի թատրերգութիւններէն մէկուն բեմադրութիւնը։
Նոյն շրջանի շատ հետաքրքրական նախաձեռնութիւն մըն ալ առաջարկուեցաւ միութեան նախկին անդամներէն Ռուբէն Մաշոյեանի կողմէ։ Մաշոյեան օրինակ ունենալով Յովհաննէս Թումանեանի Թիֆլիսի իր բնակարանին մէջ այդ ժամանակուայ գրական, գեղարուեստական ու մտաւորական անձերու մէկտեղումով գոյացած «Վեռնատուն»ը, կ՚առաջարկէր նման նախաձեռնութիւն Կեդրոնական Սանուց Միութեան երդիկին տակ։ Առաջարկը խանդավառութեամբ դիմաւորուեցաւ այդ շրջանի վարչութեան կողմէ, որուն մաս կը կազմէի նաեւ ես։ Կատարուեցան կարծիքի փոխանակումներ եւ վերջապէս որոշեցինք մեզի ծանօթ գրագիրներ, արուեստի մարդիկ, մտաւորականներ եւ գրասէրներէ բաղկացեալ անուանացանկ մը պատրաստել։ Այդ անձերուն ուղղուած գրաւոր հրաւէրով մը կայացաւ Գրական Ակումբի առաջին մէկտեղումը։ Այդ օր ինծի վիճակած էր այս նախաձեռնութեան միտքն ու նպատակը յայտարարել։ Պարզած էի թէ կ՚ուզենք գոյացնել միջավայր մը, ուր տիրողը պիտի ըլլայ միայն գրականութիւնը, իր բոլոր ճիւղերով։ Շեշտեցի նաեւ թէ գրական ակումբը պիտի չ՚ունենայ վարչակազմ եւ ազատ ամպիոն մը պիտի ըլլայ բոլոր մասնակիցներու դիմաց, որոնք խօսք ունին գիր ու գրականութեան մասին։
Յաջորդ օր այս նախաձեռնութիւնը ջերմօրէն կ՚ողջունուէր հայերէն օրաթերթերու էջերէն։ Նման ոգեւորութեան մէջ էր մօտ ապագային «Ակօս»ը հրատարակելու պատրաստուող Հրանդ Տինք։
Գրական Ակումբի յաջորդող ժողովները ընթացան նախատեսուած պատկերը արդարացնելով։ Յատկապէս կ՚ուզեմ նշել «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի ներդրումը այս նախաձեռնութեան։ Ան իւրաքանչիւր մէկտեղման կու գար իր թեւին տակ ունենալով մի քանի նոր հրատարակութիւն եւ մեծ վարպետութեամբ կը ձեւաւորէր տուեալ օրուայ օրակարգը։
Պոլսահայերս ունինք մեզի յատուկ սխալներ։ Հակառակ որ ի սկզբանէ յայտարարուած էր թէ Գրական Ակումբի առաքելութիւնը պիտի ըլլայ լոկ գրականութեան վրաբերող զրոյցի ազատ դաշտ մը, գտնուեցան մարդիկ, որոնք ապարդիւն գտան միայն խօսելով անցնող մեր հերթական հանդիպումները։ Առաջարկեցին աւելի գործնական արդիւնքներու ձեռքբերում։ Կ՚ըսէին թէ հրապարակի վրայ սպառած եւ անգտանելի դարձած հայ դասական գրականութեան նմոյշներուն վերհրատարակութիւնը շատ աւելի իմաստալից ծառայութիւն մըն է բաղդատմամբ շօշափելի ոչ մէկ արտադրութիւն խոստացող գրական զրոյցներէ։ Ամբողջովին դէմ էի այս կարծիքին եւ կրնայի կռահել նման քայլի մը դիմելով հաւանական կործանիչ հետեւանքները։ Սակայն ճառահատ էի, այս առաջարկը ներկայացնողներու մեծամասնութեան դիմաց։ Յաջորդեցին նախ ո՞ր գիրքերը հրատարակելու մասին թերուդէմ կարծիքներ։ ապա որոշում կայացաւ «Մարմարա» կամ «Ժամանակ» թերթերէն հաւաքուած 30 կտրօններու փոխարէն գիրքերը անվճար ցրուել բոլոր ցանկացողներուն։ Այդ պահուն յայտնուած էր նոր անել մը՝ պիւտճէի խնդիրը։ Վերջապէս գիրք հրատարակելը գումար պահանջող նիւթ մըն է։ Դարձեալ յայտնուեցան սրամիտներ, որոնք մեծ ինքնավստահութեամբ յայտնեցին թէ համայնքը ստիպուած է գրականութիւնը եւ մշակութեային նախաձեռնութիւնները խրախուսելու։
Քայլ առ քայլ կը մօտենայինք քայքայման, քանի որ դարձեալ մեծամասնութեան կամքով որոշուեցաւ քանի մը հոգիով այցելել Պատրիարքարան եւ պատրիարքէն պահանջել տպագրութեան ծախսերը։ Օրուայ պատրիարքն էր Գարեգին Գազանճեան։ Լրջօրէն լսեց մեզ եւ իմաստալից գտաւ մեր պահանջը։ «Տարուայ ընթացքին իմ մասնակցած բոլոր սիրոյ սեղաններուն գանձուած նուիրատուութեան որոշ մէկ մասը կրնամ յատկացնել այս նպատակին» ըսաւ Գազանճեան Պատրիարք եւ ապա հարցուց մեզի համար ամենաողբալի, իսկ իրեն համար ամենաէական հարցումը. «Ո՞վ է ձեր նախագահը»։ Եթէ յիշենք Գրական Ակումբի ձեւաւորման օրերուն տիրող այդ խիստ համեստ տրամադրութիւնները, սոսկալի էր Գազանճեան Պատրիարքի հարցումը։ Քաղաքակրթութեան հիմնական պահանջները իսկ անտեսելով կը կրկնէր իր հարցումը։ «Ես որո՞ւ պիտի վստահիմ այս գումարը յանձնելու համար»։ Այդ շրջանին ես 30-ական տարիքով չափահաս մըն էի եւ զինք այցելող խմբակի ամենակրտսերը։ Բոլորս ալ համայնքի մէջ ծանօթ դէմքեր էինք, բայց պատրիարքը բոլորիս աչքերուն մէջ նայելով ինք տուաւ հարցումի պատասխանը։ «Ես իմ վստահած անձ մը կը նշանակեմ այս գումարը ծախսելու համար» ըսաւ ու արտասանեց բոլորիս ծանօթ բարերարի մը անունը։
Գազանճեան Պատրիարքի այդ մերձեցումը վառ ապացոյց մըն էր թէ պոլսահայ համայնքի տիրող մտայնութիւնը ինչ վերաբերում կրնայ ունենալ հեղինակաւոր գրողներու եւ մտաւորականութեան հանդէպ։ Ես ներքուստ մեծ ընդվզում կ՚ապրէի գրական ակումբի մէջ զիս եւ ինձ նման այս ակումբի առաքելութեան հաւատացող մարդիկ այս խայտառակ դիրքի մատնողներու հանդէպ։
Վերջապէս հրատարակուեցան քանի մը գիրքեր, բայց այդ նոյն գիրքերը նաեւ վերջակէտը դրին Գրական Ակումբի, որ մեկնարկած էր շատ համեստ ակնկալութիւններով եւ զոհը դարձած ամէն գործի մէջ շոշափելի արդիւնք պահանջող շուկայական մտայնութեան մը։
Գրական Ակումբի հետզհետէ հանգելուն զուգահեռ հանգեցաւ նաեւ Արթօ Պէրպէրեանի նոր բեմադրութիւններ կատարելու ոգեւորութիւնը։ Պէրպէրեան այդ շրջանին նպատակադրեց աւելի լուրջ բեմադրութիւն մը՝ ներշնչուելով Յովհաննէս Թումանեանի «Անոյշ»էն, որ կը կոչուէր «Անուշիկ»։ Այս գործին համար անբաւարար պիտի մնար միութեան բեմը, հետեւաբար «Անուշիկ»ը ներկայացուեցաւ Քենթեր Թատրոնի սրահին մէջ։
Նոյն շրջանին միութեան երդիկին տակ թատերական աշխատանքներու լծուեցաւ նոր բեմադրիչ մը՝ Հերման Վարիշ։ Վարիշ եւս հաւատարիմ մնաց իր նախորդներու թատերական ոճին եւ օճառի փրփուրով ծանրութիւն ունեցող թրքերէն զաւեշտներ բեմադրեց։ Ի դէմ այդ նահանջի երեւոյթներուն Կեդրոնական Սանուց Միութեան մէջ մերթ ընդ մերթ կը կայանային գեղանկարչական ցուցահանդէսներ կամ որոշ որակ ապահոված երաժշտական ունկնդրութիւններ։
Վերջակէտ դրուած էր նաեւ սերտողութեան պահերուն, որոնք կրտսեր սերունդի միութեան հետ շփուելու խնդրին մէջ առանցքային նշանակութիւն ունէին։ Այս պահուն պոլսահայ միութենական կեանքը լուսարձակի տակ կը դնենք Կեդրոնականի օրինակով։ Սակայն միութենական կեանքէ ներս նահանջը հետզհետէ կը ստանար համատարած բնոյթ։ Իզուր կը մնար նաեւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի ջանքերը։ Ան իւրաքանչիւր տարի Հոկտեմբեր ամսուն, երբ կը մօտենար Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը, խորհրդակցութեան կը հրաւիրէր սանուց միութիւնները եւ իր կարգին առաջարկներ կը ներկայացնէր Թարգմանչաց Շաբաթի համար։ Սակայն ափսոսանքով կը տեսնէր թէ միութիւններու վարիչները մեծաւ մասամբ անհաղորդ կը մնային իր այդ առաջարկներուն։ Թերեւս այդ էր պատճառը, որ Մեսրոպ Սրբազան նկատի ունենալով հայ դպրոցի փոխարէն օտար վարժարաններ յաճախող երիտասարդները, նախաձեռնեց «Երիտ» անունով նոր հարթակի մը կազմութեան։ Անցնող տարիներու փորձը պարզեց թէ կղերի հովանիին ներքեւ հասարակական կազմակերպութիւն երազելն ալ ապարդիւն մնալու դատապարտուած է։