3 Յուլիս թուականին Անգարայի մէջ կայացաւ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (ՀՏՓ) 5-րդ համագումարը։
Այս առթիւ կուսակցութեան նախկին համանախագահ, այժմ Էտիրնէի արգելանոցը բանտարկուած Սելահատտին Տեմիրթաշ «T24» կայքէջէն հրատարակուած յօդուածով մը քննարկեց Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու վարքը եւ իր կուսակցութեան դիրքորոշումը։ Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք Սելահատտին Տեմիրթաշի յօդուածը։
Պէտք է ամենահասկնալի կերպով բովանդակ Թուրքիոյ պատմենք թէ մենք ալ գիտենք որ քաղաքականութիւնը եւ բռնութիւնը միատեղ չեն ըլլար։ Բոլոր խնդիրներու լուծումները կը որոնենք Թուրքիոյ ամբողջութեան մէջ։ Կ՚աշխատինք պատուաւոր խաղաղութեան մը հասնելու համար։ Մեր այս բացատրութիւններով հանդերձ եթէ ընդդիմութիւնը կը յամառի ընկալումներու անձնատուր ըլլալու, այն ատեն մենք իրաւունք կ՚ունենանք սուր գամը իրենց մխրճելու։
ԱՔՓ եւ ՄՀՓ-ի յանցագործ ընկերութիւնը պետութիւնը ձեռք անցնելու եւ հասարակութիւնը հնազանդեցնելու համար անհաւատալի անարդարութիւններու եւ բարոյազրկութեան դիմելով փլցուց արդէն իսկ դժուարաւ ոտքի կեցող համակարգը։ Սոսկալի փտածութիւն մը կ՚ապրուի կեանքի բոլոր ոլորտներէ ներս։ Կարծես երթուղիի վրայ շարունակ գիծ փոխելով երթեւեկութիւնը խափանող վարորդ մը ըլլայ մեր առջեւ։ Ոչ կ՚արտօնէ որ կողքէն անցնինք սպրդինք, ո՛չ ալ ինք կը յառաջանայ։ Այս պայմաններու մէջ ընդդիմութիւնը փոխանակ այդ անպէտ վարորդին հետեւելու, պարտաւոր է նոր ուղիներ որոնելով յառաջանալու։ Այս ալ փոփոխութիւն կը պահանջէ։ Քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւնը քաջութիւնով, արիութեամբ կ՚իրականանայ։ Որքան ալ գիտելիքներ եւ փորձառութիւն ամբարած ըլլաք, եթէ քաջութիւն չ՚ունիք չէք կրնար փոփոխութիւն մեկնարկել։ Սովորական կաղապարներու մէջ քաղաքականութիւն մշակելով ոչ կարելի է կուսակցութիւնը եւ ոչ ալ հասարակական յարաբերութիւնները փոխել։ Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութիւնը գոյականները մէը կողմ դրած ընկալումներով քաղաքականութիւն մշակող կառոյց մըն է։ Յատկապէս ընտրութիւններու նախօրեակին ալաւելի կը շեշտադրէ այս եղանակը։ Ընդդիմութիւնը նոյնիսկ շատ ուժեղ եւ յստակ ծրագիրներ գոյացնէ, այդ ծրագիրները չի կրնար լայն զանգուածներու փոխանցել առանց կործանելու իշխանութեան ստեղծած ընկալումները։
Ընդդիմութեան գլխաւոր թերացումը հետեւեալն է՝ իշխանութիւնը այդ ընկալումները կ՚արտադրէ մէկ կեդրոնէն։ Իսկ ընդդիմութիւնը կը հարկադրուի բազում կեդրոններէ պատասխան հասցնելու։
Այս իրողութիւնը յաղթահարելու համար հարկաւոր է հասարակական ռազմավարութիւններ մշակել։
Հասարակական պատմելաոճ, մետիայի դէմ միասնական դիրք, միասնական կարգախօսներ, միջոցառումներ, լուծման նախագիծներ ու վերջապէս միասնական թեկնածու մը առաջադրելով ընդդիմութիւնը ընտրութիւններէն յաղթանակով դուրս կու գայ առնուազն 80-ի դէմ 20 համեմատութեամբ։
Ներկայ պայմաններու մէջ վեցեակի սեղանի եւ ՀՏՓ-ի շուրջ համախմբուած ընդդիմութեան միջեւ համագործակցութիւնը հաւանական չի թուիր։ Այս ընթացքի գլխաւոր պատճառը իշխանութեան արտադրած ընկալումներու դէմ վեցեակի քաջ ու համարձակ չ՚ըլլալն է։ Անշուշտ կարելի չէ բոլոր պատասխանատուութիւնը վեցեակին վերագրել։ ՀՏՓ եւս թերութիւններ եւ պատասխանատուութիւն ունի։ Առանց նախքան ասեղով մենք զմեզ խայթելու անօգուտ է սուր գամը ցանկացած ուրիշին մխրճել։
Ճիշդ է որ ՀՏՓ ճնշումներէն ամենածանր տուժած կուսակցութիւնն է։ Իր զանգուածը երկրի ամենաարհամարուած եւ հալածուած հատուածը կը ներկայացնէ։ Բանտերը ՀՏՓ-ցիներով լեցուն է։ Ընտրութիւններով ձեռքբերած հարիւրաւոր քաղաքապետարանները խլուած են եւ ընտրուած քաղաքապետներու փոխարէն պետական պաշտօնեաներ նշանակուած։ Համարեա ամէն օր տասնեակներով անդամները անօրէն կերպով կը ձերբակալուին։ Իր դէմ շատ մեծ մետիայի շրջափակում մը կը գործադրուի։ Կուսակցութիւնը փակելու ուղղեալ դատավարութիւնը ընթացքի մէջ է։ Ի դէմ այս բոլորին ՀՏՓ ուժգին դիմադրուդեամբ յաջողած է աննկուն մնալ։ Այս առումով հրաշք մըն ան եւ այդ յատկութիւնը կը պարտի իր աշխոյժ, նուիրեալ, քաջ զանգուածին՝ այսինքն ժողովուրդին։
Սակայն ՀՏՓ-ի մատնուած այս զրկանքները պատրուակ մը չեն կրնար համարուիլ քաղաքական որոշումները կայացնելու մասին զգացական վերաբերումի։ Եթէ Թուրքիոյ մէջ փոփոխութիւն պիտի պահանջենք, պէտք է քաջութիւնը ունենանք այդ փոփոխութիւնը մեզմով սկսելու։ Ապա թէ ոչ, թէկուզ իրաւացի ըլլանք, չենք կրնար համոզիչ դառնալ։ Երբ մեր զգացումներոն հանդէպ յարգանք կը պահանջենք, պարտաւոր ենք ուրիշներու զգացումները յարգելու։ Սոյն զգայնութիւններու սահմանը բնութագրուած է ժողովրդավարական հասարակած արժանիքներով։ Ոչ ոք տարբեր զգայնութիւնները հասարակած արժանիք ըլլալով պարտադրելու իրաւունք ունի։ Եթէ ընդդիմութեան միւս շերտերէն քիւրտերու դէմ հասկացողութիւն պիտի պահանջենք մենք ալ որպէս ՀՏՓ, պարտինք Թուրքիոյ հանդէպ համապատասխան հասկացողութիւն ցուցաբերել։ Առանց արտօնելու որ ընկճուածութիւնը մեզ բարկութեան հոգեբանութեան մատնէ, ինքնավստահութեամբ պէտք է գրկենք բովանդակ Թուրքիան։
ՀՏՓ-ի նախորդ կիրակի զանգուածային մասնակցութեամբ եւ մեծ ոգեւորութեամբ իրականացած 5-րդ հերթական համագումարը այս փոփոխութեան համար շատ կարեւոր առիթ եւ ենթագետին պատրաստած է։ Պէտք է ամենահասկնալի կերպով բովանդակ Թուրքիոյ պատմենք թէ մենք ալ գիտենք որ քաղաքականութիւնը եւ բռնութիւնը միատեղ չեն ըլլար։ Բոլոր խնդիրներու լուծումները կը որոնեքն Թուրքիոյ ամբողջութեան մէջ։ Կ՚աշխատինք պատուաւոր խաղաղութեան մը հասնելու համար։
Այսպէսով տնտեսութեան, միջազգային քաղաքականութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, հողագործութեան, արդարութեան նման հիմնական նիւթերու շուրջ Թուրքիոյ համար լուծումներ առաջարկող մեր քաղաքականութիւնը աւելի հեշտութեամբ կրնանք ներկայացնել։ Եթէ այս ընթացքին մէջ յաջողինք դիւրաւ կը յաղթահարենք նաեւ իշխանութեան արտադրած ընկալումները։ Նաեւ անխուսափելի կը դառնայ ամբողջ ընդդիմութեան ժողովրդավարութեան ի նպաստ համագործակցութիւնը։ Եթէ մեր այս քայլերէն ետք ընդդիմութիւնը շարունակէ ընկալումներուն անձնատուր ըլլալ, ահա այդ ժամանակ մենք ալ իրաւունք կ՚ունենանք սուր գամով զիրենք խայթելու։ Այս արդիւնքին համար բաւարար է ոչ սկզբունքներէն, բայց վախերէն ու սովորութիւններէն ձերբազատուիլ։
Ինչպէս որ ըսի, փոփոխութիւնը քաջութիւն կը պահանջէ։ Հիմա այդ քաջութիւնը ցուցաբերելու, փոփոխութիւնը մեզմով մեկնարկելու ճիշդ ժամանակն է։ Վստահ եղէք որ շարունակութիւնը կու գայ շարուած տոմինոյի քարերու նման։ Հասարակութիւնը բոլորս կը պարտադրէ փոփոխութեան համար եւ այսպիսով քայլ մը եւս մօտեցած կ՚ըլլանք ժողովրդավարութեան։
Փոփոխութիւնը հիմա մեկնարկելու է, որպէսզի ընտրութիւններէ ետք ուժգին կերպով շարունակուի։