Մեզ յղկող միջավայրի մասին (Բ)
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Արա Ղուպէսէրեանի հետ սերնդակից անուններէն մէկն ալ Զաւէն Պաքըրճըն էր։ Ան եւս ունէր այդ տարիներու յատուկ արդի սարքերու հանդէպ հետաքրքրութիւն։ Բայց մեզ ալաւելի հետաքրքրողը անոր լուսանկարչական արուեստի ու թեքնիքի տիրապետելու ունակութիւնն էր։ Մեր անվերջանալի հարցումները յամբերութեամբ պատասխանող Զաւէն վերջապէս որոշեց միութեան երդիքին տակ լուսանկարչական դասընթացք մը կազմակերպել։ 10-15 երիտասարդներ մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցանք Զաւէնի դասընթացքներուն։ Իրմէ սորվեցանք լուսանկարչական գործիքին յատկութիւնները։ Լրացուցիչ բացատրութիւններ տուաւ ֆիլմերու լոյսի հանդէպ զգայնութեան մասին, որոնք կը բնորոշուէին ASA կամ DIN չափանիշներով։ Հետաքրքական էր թէ դասընթացքի մասնակիցներէս ոչ մէկս ունէինք լուսանկարչական գործիք։ Մեր հաշուոյն լուրջ, բայց իրականին մէջ աննշան խնայողութիւններով ապահովեցինք սովետական արտադրութիւնով «Լուպիթել-2» կամ «Սմենա-Սիմպոլ» լուսանկարչական գործիքներ, որոնք այդ տարիներուն ամենաաժաններն էին։ Դասընթացքի հետեւողներէն Սարգիս Պահարօղլու իբրեւ արհեստ եւ ապրուստի միջոց որդեգրեց արհեստավարժ լուսանկարչութիւնը, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Պահարօղլու նախքան Ամերիկա գաղթել որոշ ժամանակ աշխատեցաւ նաեւ անուանի լուսանկարիչ Արա Կիւլերի աշխատանոցը։
Լուսանկարչութիւնը իբրեւ ընտրելի դասընթացք տեղ գտաւ նաեւ Կեդրոնական Վարժարանի մէջ։ Դպրոցի դասընթացքներուն հետեւողներէն մէկն էր Մկրտիչ Արծիւեան, որ դպրոցական տարիներէն դարձաւ ֆոթոժուրնալիստ եւ այսօր ալ իր այդ նախասիրութեամբ կը շարունակէ վաւերականացնել Պոլսահայ ընկերային կեանքը։
Զաւէնի հետ մեր վերջին հանդիպումը կայացաւ 2020 թուականի Յունուար ամսուն Ուաշինկթընի իր բնակարանը։ Մեր սիրելի ընկերը թողած էր ատաղձագործական արտադրութիւններ ընող ընկերութեան մէջ իր բազմամեայ աշխատանքը եւ թոշակառու դարձած, բայց չէր հրաժարած իր երիտասարդական նախասիրութենէն։ Տան պարտեզին մէջ տեղադրած էր աստղադիտակ մը, որու ագուցած լուսանկարչական գործիքով կը նկարէր երկնակամարի գիշերուայ պատկերը։ Խաւարի սեւ ֆոնին վրայ աստղերը կը պլպլային տարբեր գոյներով։ Մեզի համար շատ ուրախալի էր տեսնել թէ Զաւէնը ինչպէս կը ոգեւորուէր այդ նկարները ձեռքբերելով։ Այդ պահուն կը վերյիշէի թէ Կեդրոնական Միութեան դասընթացքներուն ան պատմած էր լուսինը նկարելու դժուարութիւնները։ «Գիշերուայ մութին լոյսի անբաւարարութեան պատճառաւ ստիպուած ես փոզը երկար պահելու, բայց այս անգամ ալ երկիրը շրջելուն համար կը կորսնցնես լուսնի բոլորաձեւ երեւոյթը»։ Անցնող մօտ 60 տարիները բազմաթիւ նորութիւններու կողքին դիւրացուցած էին նաեւ մութին մէջ նկարելու առիթները։
Սերտողութեան պահեր
միութեան մէջ
Վերեւ նշած էինք Մկրտիչ Արծիւեանի անունը։ Ուրեմն սերտողութեան պահերու նիւթն ալ բանանք իր խօսքերով. «1973-ին, երբ առաջին անգամ մուտք գործեցի Կեդրոնական, ուսման տարեշրջանի աւարտին տկար նիշեր ունէի։ Այդ ժամանակ մենք Օրթագիւղ կը բնակէինք։ Այդ ամառ ամէն օր Կեդրոնական Սանուց Միութիւն եկայ եւ հոն պատրաստուեցայ լրացուցիչ քննութիւններուն։ Սեպտեմբերին քննութիւնները յաջողած էի եւ անցած յաջորդ դասարան»։
Երիտասարդաց յանձնախումբէն Յովաննէս Գուլաք (Աւետիքեան) եւ Կարապետ Քարաքայա (Տաքեսեան) կը պաշտօնավարէին նաեւ Կեդրոնական Վարժարան։ Աշակերտութեան հետ շարունակ շփման մէջ ըլլալով այդ երկուքն է, որ կազմակերպեցին սերտողութեան պահերը։ Աշակերտութիւնը դպրոցէն արձակուելով կը փութար միութիւն եւ այնտեղ հերթապահ համալսարանականներու հսկողութեան տակ կ՚ամբողջացնէր իրենցմէ պահանջուած տնային պարտականութիւնը։ Տակաւին ուսանողական տարիներէն միութեան հետ ապահովուած այդ շփումը պատճառ կը դառնար որ տղաք շրջանաւարտ ըլլալէ ետք ալ կապը պահեն միութենական աշխատութիւններու հետ։
Յովհաննէս Գուլաքը ունէր յաւելեալ մտահոգութիւններ։ Տրուած ըլլալով թէ Կեդրոնական այդ տարիներուն արական վարժարան էր, եւ Էսաեան իգական, Գուլաք կ՚ուզէր երկսեռ միջավայրի մը մէջ պատանիներուն համար ընկերային միջավայր գոյացնել։ Այսպէս յղացաւ բնութիւնը ճանչնալու ուղղուած միջոցառումներ կազմակերպելու գաղափարը։ Այս գաղափարը կեանքի կոչելու համար ալ դիմեց իր պաշտօնակիցին՝ Էսաեան Վարժարանի բնագիտութեան ուսուչցուհի Ժանէթ Ալթունին։ Այդ երկուքի համագործակցութեամբ եւ միութեան Երիտսարադաց Յանձնախումբի կազմակերպչութեամբ կատարուեցան բնութիւնը ճանչնալու ուղղեալ արշաւներ, դէպի Պելկրատի անտառներ կամ ձմրան եղանակին բոլորովին ամայացած Մեծ Կղզիի անտառները։ Այդ արշաւները շուտով տուին ակնկալուած արդիւնքը եւ գոյացաւ երիտասարդներու միջեւ որոշ մտերմութիւն։ Այլեւս ոչ Էսաեանի աղջիկները եւ ոչ ալ Կեդրոնականի տղաքը իրարու հետ խօսած պահուն կը կարմրէին ամօթխածութեամբ։ Քանի որ Երիտասարդաց Յանձնախումբը կազմակերպիչն էր այս միջոցառումներուն, մենք եւս կ՚ընկերակցէինք տղոց, բաժնելով անոնց ուրախ տրամադրութիւնը։
Գուլաք առաջնորդ կ՚ըլլար եւ աշակերտներուն կը բացատրէր շերեփուկներու, մողեսներու կամ միջատներու բնութեան մասին։ Անսպառ օրինակներով լեցուն էր միջավայրը։ Անշուշտ որ խինդ ու կատակն ալ անբաժան էր այդ գիտական հետազօտութիւններու պահուն։ Երբ այս տողերը կը գրեմ, կը յիշեմ նաեւ անուններ, որոնք դրոշմուած են յիշողութեանս մէջ իրենց ուրոյն յատկութիւններով։ Այդ տարիներուն ինչպէս այսօր ալ է, երիտասարդներու գլխաւոր մտատանջութիւնն էր համալսարանի մտից քննութիւններու յաջողելու խնդիրը։ Այդ առումով ալ անսպառ հարցումներով կը դիմէին Արթին Էսքիհանճըին։ Ան նախ աւարտած էր Իսթանպուլի Համալսարանի Ուսողութեան Բաժինը եւ ապա կրկին յաջողելով մտից քննութիւնները, այս անգամ ալ Իսթանպուլի Թեքնիկ Համալսարանի Թուաբանական Ճարտարագիտութեան Բաժինը։ Այդ բնութեան արշաւներու ընթացքին Էսքիհանճը չէր դրսեւորեր շերեփուկներու լողալու եղանակին կամ միջատներու շարժումներու հանդէպ հետաքրքրութիւն, այլ կ՚ընտրէր վայր մը, ուր մեկուսանալով կը փորձէր կարդալ իր հետ բերած գիրքը։Այդ ընթերցումը յաճախ կը խանքարուէր երիտասարդներու հարցումներով, որոնց կը պատասխանէր յատուկ լրջութեամբ, որ մեծ գոհունակութիւն կը պարգեւէր տղոց։
Արթին Էսքիհանճը ապա որդեգրեց ուսուցչական ասպարէզը եւ շատ երկար տարիներ թուաբանութիւն դասաւանդեց Սահակեան Վարժարանի մէջ։
Յովհաննէս Գուլաքի եւ Կարապետ Գարագայայի արտերկիր մեկնելէն ետք դպրոցի եւ միութեան միջեւ կապը խզուելով հետզհետէ վերացաւ նաեւ սերտողութեան պահերը միութենէ ներս։
1970-ական տարեթիւերու առաջին կէսին Երիտասարդաց Յանձնախումբի գործունէութիւնը մեծ աշխուժութիւն բերած էր միութեան առօրեային։ Բնաւ կասկած չկայ որ այդ աշխուժութեան մէջ բաժին ունէր շրջանի վարչութեան երիտասարդներու հանդէպ վստահութիւնը։ Երբ հասանք նոյն 1970-ական տարեթիւերու երկրորդ կէսին վարչութիւնը գրեթէ բոլորովին փոխուած էր եւ սակայն վարչութեան հետ միասին փոխուած էր հասկացողութիւններն ալ։ Բժիշկ Արման Չաքըրի գլխաւորած նոր վարչութիւնը դասընկերներու համախմբում մըն էր նաեւ։ Սերունդ մը՝ որ ետ մնացած էր երկրի համալսարաններէ ներս տիրող յեղափոխական հոսանքներէն։ Անշուշտ որ այդ յեղափոխական հոսանքը ուղղակիօրէն ոչ մէկ առնչութիւն ունէր միութենական աշխատութիւններու հետ։ Բայց տրուած ըլլալով թէ ընկերային կեանքի մէջ անհատներու կազմութիւնը եւ մերձեցումները մեծ նշանակութիւն ունին, այդ ալ իր հետ կը բերէ համապատասխան ոգին։ Ասատուր Չիլինկիր, Բժիշկ Վարդավառ Սորկոս, Թելեմակ Լոքմակէօզեան, Պարոյր Պոստան, Մկրտիչ Սեթեան, Բժիշկ Վարդգէս Պէյլերեան, Յարութիւն Էպէօղլու եւ այլ անուններէ բաղկացած վարչութիւնը կարծես սանուց միութիւնը դիտեց դէպի խնամակալութեան տանող սանդուխի առաջին աստիճաններ ըլլալով։
Արդարեւ մէկ կամ երկու շրջան ետք, այդ կազմը գրեթէ ամբողջւթեամբ ստանձնեց Ղալաթիոյ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Վարժարանի խնամակալութեան պաշտօնը։ Մինչ այդ վրայ հասած էր 12 Սեպտեմբեր 1980-ի զինուորական յեղափոխութիւնը, որ իբրեւ առաջին քայլ արգիլեց երկրի տարածքին գործող բոլոր միութիւնները։ Այս չորս տարուան արգիլեալ շրջանը բաւականին սուղ ազդեց ո՛չ միայն Կեդրոնականին, այլ պոլսահայոց մշակութային կեանքը ձեւաւորող բոլոր միութիւններուն վրայ։