ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Բնական երեւոյթ է, իւրաքանչիւր նոր զարգացում իր հետ կը ներկայացնէ ալ աւելի նոր հորիզոններ։ Այսպէս պատահեցաւ, երբ լոյս տեսաւ Էլիֆ Աթալայի խմբագրած հատորը, որ իրականութեան մէջ երկարապատում զրոյց մըն էր մեզի հետ, որ կ՚ընդանար հեղինակի հարցումներուն շրջանակին մէջ։
Գիրքը լոյս տեսնելով անմիջական ընկերական շրջանակներէ լսեցի առարկութիւններ, այս կամ այն երեւոյթին հանդէպ նուազ անդրադարձած ըլլալու մասին։ Ճիշդ էին այդ դիտողութիւնները, որոնք զիս մղեցին յաւելեալ յուշագրութիւններու։ Այժմ սկսած եմ թուղթ յանձնել այնպիսի ապրումներ, որոնք նաեւ ձեւաւորած են իմ ինքնութիւնը։
Համոզուած եմ որ այդ յուշագրութիւններու մէջ պիտի տողանցեն բազմաթիւ անուններ, որոնք ոչ միայն ինծի, այլ պոլսահայ ընկերային ապրումներու ականատես եղած լայն զանգուածի մը համար ալ ծանօթ են եւ հետեւաբար ուշադրութեան արժանի։
Այդ պատումները պիտի հիւսուին նախ Կեդրոնական Վարժարանի եւ ապա Կեդրոնական Սանուց Միութեան անմիջական շրջանակին ներքոյ։ Ովքեր, ինչ տեսակ ազդեցութիւն ունեցան մեր ինքնութեան ձեւաւորման մէջ։ Ինչպիսի միջավայրներ եւ ինչպիսի տպաւորութիւններ ձեւաւորեցին մեր ինքնութիւնը։ Այս հարցումները եւ անոնց եկած պատասխանները, եթէ սահմանուած ըլլային բոլորովին անհատական յիշատակներու ձեւաչափին մէջ, չէի յանդգներ այս բոլորը ընթերցողին հետ կիսուելու։ Բայց համոզուած եմ որ անցած այդ ճանապարհը իմաստ պիտի ունենայ նման ոդիսականով մը յառաջացած լայն շրջանակի մը համար։ Արդարեւ անձնական օրագրի մը էջերը թերթելէ աւելի նշանակութիւն պիտի ունենայ այս բոլորը, որոնց հետ պիտի ծանօթանաք «Ակօս»ի յաջորդ համարէն սկսելով։ Յուսամ թէ հաճելի ընթերցում մը պիտի ըլլայ բոլորտս համար։