Գրող, լրագրող, բանաստեղծ եւ «Արեւելք» կայքի հիմնադիր Սագօ Արեան երկուշաբթի օր իր որդւոյն հետ այցելեց «Ակօս»ի խմբագրատուն։
Ունեցանք ջերմ ու բարեկամական հարցազրոյց, որմէ դրուագներ կը փոխանցենք մեր ընթերցողներուն։
ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
Լ.Ք.- Բարով եկած էք Պոլիս, բարի գալուստ «Ակօս»ի խմբագրատուն։ Գիտեմ՝ նախապէս բազմիցս այցելած էք քաղաքս, սա ձեր քանիերո՞րդ այցելութիւնն է։
Ս.Ա.- 2011-էն սկսեալ այս իմ տասներորդ այցելութիւնն է Պոլիս։
Լ.Ք.- Այցելութեան նպատակը զբօսաշրջակա՞ն է, թէ ոչ աշխատանքային։
Ս.Ա.- Մտադիր էի ուսումնասիրել թէ քաղաքական ի՞նչ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան վերջին տասը տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ մէջ։ Նման ուսումնասիրութիւն մը յաւելեալ պրպտումներու եւ ճիգի կը կարօտէր։ Քանի որ մենք այսօր, մանաւանդ Արցախի պատերազմէն ետք թրքական թեմայով քիչ մը աւելի զգոյշ ենք ընդհանրապէս, ուզեցի գրել Պոլսահայ համայնքին մասին։ Ուզեցի որ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ մարդիկ Պոլսահայութիւնը ճանչնան։
Գիտես՝ Պոլսոյ մասին մարդիկ վերապահումներ ունին, նախապաշարումներ ունին, չեն ճանչնար պոլսահայութիւնը ընդհանրապէս։ Այդ պատճառաւ ըսի, ես պէտք է այնպիսի աշխատութիւն մը տանիմ, որ մարդիկ ճանչնան թէ այսօր Պոլիսը ապրող օրկան մըն է մեր հայութեան մեծ ծառին մէջ։
Այնպէս չէ որ Պոլիսը միայն անցեալ է, կամ միայն յիշատակ է, յիշողութիւն է…։ Այլ Պոլիսը այսօր ապրող շնչող մարմին մըն է, իր հայութեամբ, իր կառոյցներով ու մարդոցմով։ Արեւմտահայ տեսակ մը կայ որ, միայն Պոլսոյ մէջ է։ Նաեւ անշուշտ այդ բոլորի հետ միասին ես հարազատութիւն մը կը զգամ Պոլսոյ հանդէպ։
Անոր համար որոշեցի այդ ուղղութեամբ տանիլ իրերը, ընթացքները եւ ինչպէս ըսի քիչ առաջ, քանի տասը տարուայ հատուածը յատկանշական էր։ Չեմ կրնար ըսել, որ Պոլիսը ես լաւ կը ճանչնամ, բայց գէշ-աղէկ կը ճանչնամ պոլսահայութիւնը։ Որպէս լրագրող աշխատանքիս բերումով, մանաւանդ գիտէք՝ այս վերջին հինգ տարին, Պոլիսը օրակարգ դարձաւ պատրիաքի ընտրութեան ճանապարհով։ Հայստանի մէջ մարդիկ յաճախ կը հարցնեն «Դուք Պոլսահա՞յ էք» ըսելով։ Ո՛չ, կ՚ըսեմ, ես Պոլսահայ չեմ։ Բայց Պոլիսը եւ Պէյրութը իրար ամբողջացնող քաղաքներ են։ Այստեղ ուրիշ տեսակի հարազատութիւն մը կը զգամ, քան ինչ որ կը զգամ Երեւանի մէջ, կամ ուրիշ տեղ ուր որ հայկական կեանք կայ։
Այս էր գլխաւոր նպատակը Պոլիս գալուս։ Տեսնենք հիմա պիտի յաջողի՞մ, դժուար է պատասխանը։ Պոլսահայ կեանքը բազմազան է ու բազմաշերտ։ Շատ հուներ կան, շատ խնդիրներ կան, շատ պատուհաններ…։ Ես պիտի փորձեմ սկիզբ մը դնել։ Որովհետեւ մանաւանդ սփիւռքի մէջ զգացած եմ որ Պոլսոյ հանդէպ տարբեր վերաբերմունք մը կայ։ Մարդիկ չեն գիտեր եւ առաւել եւս ճիգ ալ չեն վատներ ճանչնալու համար։ Պոլիսը միայն Սահակ Պատրիարքը չէ, կամ Մեսրոպ Պատրիարքը չէր։ Ինծի համար այս քաղաքը բնորոշողը հայ մարդն է, ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ մարդը։
Լ.Ք.- Իսկ դուք Թուրքիոյ տարբեր քաղաքները շրջա՞ծ էք։
Ս.Ա.-Աշխատանքային պատճառներով եղած եմ Անգարա։ Այնտեղ երեք հայ երեսփոխաններու հետ հարցազրոյց կատարած եմ։ Շատ կարճ այցելութիւն մըն էր։ Բաւական տարբեր են երկու քաղաքները իրարմէ։ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքը շրջելու, երբեմնի հայկական գաւառները տեսնելու մեծ փափաք ունիմ, բայց ցարդ չէ իրականացած։
Այս երկու տարիներուն մեր կեանքը տակնուվրայ եկաւ։ Նախ Քովիտը, յետոյ պատերազմը մեր ուղղութիւնները նոյնիսկ խառնեցին։
Երբեմն իմ ներքին ձայնս կ՚ըսէր. «Մենք հիմա ի՞նչ հարցի մէջ ենք եւ դուն եկած ես Պոլիս գիրք մը գրելու համար»։ Ապսիւրտ է եթէ նայիս։ Բայց եթէ լրագրողի ակնոցով դիտես, պիտի ըսես որ ճիշդը այդ է, ամէն մարդ իր գործով պիտի զբաղի։ Վերջապէս կեանքը պիտի շարունակուի։ Մենք չենք կրնար ֆութ սթօփ ընել եւ իմ ճիգս է որ մեր հայութիւնը նեցուկ ըլլալէն անդին նախ ճանչնայ իր տարրերը։ Պոլիսը միայն Հրանդ Տինքի դատը չէ։ Պոլիսը միայն ձեր ցաւը չէ։ Այստեղի կեանքն է, որ կայ։ Այսօր ես կը քալէի Պոլսոյ փողոցին մէջ, շատ հաճելի անակնկալ մըն էր, երբ հանդիպեցայ մարդու մը, որ ձեռքը հայերէն թերթ կը բռնէր։ Մօտեցայ եւ ներկայացայ ըսելով թէ այդ թերթի գրողներէն եմ։ Թրքերէնով պատասխանեց թէ ինք հայերէն չ՚իմանար եւ թերթը գնած է վարպետին համար։ Զուարթ զրոյց մըն էր ինծի համար, թուրքի հետ խօսելու եղանակ մը կամ թէ։ Առնուազն կեանքը տեսնել էր։ Եւ ես կը կարեւորեմ այս մէկը։
Լ.Ք.- Լիբանանահայ մը ըլլալով հայրենադարձած էք Երեւան։ Ինչո՞ւ Հայաստան գաղթեցիք, ուր մօտ անցեալին պատերազմ ապրեցաք։ Իբրեւ լրագրող ի՞նչ զգացումներ ունիք։
Ս.Ա.- 2012-ին Լիբանանի մէջ արդէն տնտեսական ճգնաժամը սկած էր աճիլ։ Ինչպէս շատ ու շատ ուրիշներ, մենք ալ կը մտածէինք գաղթելու մասին։ Մանաւանդ անոնք, ներառեալ ես, որ բախտը ունեցած ենք Հայաստանէն կին մը ունենալու, միշտ մեր միտքին ծայրն էր, լուռ համաձայնութիւն մը կար, Անոյշը եւ ես միշտ իրարու կ՚ըսէինք որ. «Տեղ մը, օր մը պիտի գայ եւ մենք պիտի երթանք»։
Տասը տարի Լիբանան ապրեցանք, երկու երախայ ունեցանք եւ կուշտ էինք այս քաղաքէն։ Ինծի համար միշտ մեծ երազ էր, որ ես բացի անկէ որ բանաստեղծութիւն գրեմ, նաեւ ասպարէզս լրագրութիւն ըլլայ։ Քանի լրագրութեան դրամ շահելու կամ կեանք շահելու ձեւը, նաեւ Անոյշը այդ ոլորտէն կու գար եւ մենք ալ ըսինք որ «Երթանք»։ Երթանք, բայց ի՞նչ պիտի ընենք։ Մեր շուրջինները կ՚ըսէին. «Պիտի երթաս հոն ի՞նչ պիտի ընես»։ Գիտէինք որ Հայաստանի մէջ տնտեսական պայմանները փայլուն չէն եւ մինչեւ հիմա ալ փայլուն չեն։ Բայց գէշ-աղէկ կարողացանք այդ տասը տարուայ մէջ շնորհիւ աշխատասիրութեան եւ թերթերու թղթակցիլ եւ հեռուստակայանէն պզտիկ երեւում մը ունենալ ու այսպէսով մեր կեանքը վաստակիլ։ Անշուշտ պայմանները իտէալական չեն, բայց ճիշդ էի այդ իմաստով որ Լիբանանի մէջ իրավիճակը շատ աւելի վատացաւ։ Նոյնիսկ լսումներ կան որ այսօր Թուրքիայէն Լիբանան դեղ կը ղրկեն։ Հետեւաբար մենք ի՞նչ պիտի ընէինք այդ վիճակներու մէջ։ Ճիշդ է, մենք անհատական գործ ունէինք, բայց այդ գործերը այդքան փայլուն չէին։ Այսօր կը տեսնենք որ տնտեսական տագնապը ոչ միայն կ՚աճի, այլ ցաւով կ՚ըսեմ մինչեւ հիմա Լիբանանի համար լաւ լուծումներու հեռանկար մը չ՚երեւիր։
Բայց այնտեղ արեւելք է եւ այնպէս տեղ մըն է որ արեւելքը եւ արեւմուտքը կը հանդիպին իրարու, չես գիտեր օրը ի՞նչ կը բերէ։ Իմ ծննդավայրս է, շատ սիրելի տեղ է։ Ես դժուար կտրուեցայ։ Մինչեւ հիմա այդ կարօտը կայ։ Բայց կը կարծեմ որ ճիշդ քայլ ըրինք, ինչպէս վերջին տարիներուն Սուրիայէն, նոյնպէս ալ Լիբանանէն հայեր հաստատուեցան Հայաստան։
Գալով պատերազմին, նախ ըսեմ որ պատերազմը պէտք չէր։ Մենք ամէն ինչ պէտք է ընէինք խուսափելու համար այս պատերազմէն։ Այն պատճառով որ Հայաստանի ոչ միայն այսօրուայ, այլ ընդհանրապէս բոլոր ղեկավարութիւնները ցաւալիօրէն չեն ճանչցած Հայաստանի կարողութիւններու չափը։
Այսինքն այս տարածքաշրջանին մէջ ընթացող խաղերուն, քաղաքական պայքարներուն մէջ Հայաստանը ի՞նչ կշիռ ունի։ Քանի՞ քիլօկրամ կը կշռէ այս մեծ կշիռքին մէջ։ Այդ կշիռքին մէկ նժարը եթէ ըսենք Ռուսաստանն է, միւս նժարը Թուրքիան է։ Մենք կը խօսինք հարաւային Կովկասի մասին, բայց չենք ընկալած։ Լուրջի չենք առած եւ անոր համար ալ սխալ ձեւով գնաց ամէն ինչ։ Իշխանութիւնները անկեղծ չէին Հայաստանի ժողովուրդին հետ, մեր հետ։ Ամէն օր կ՚ըսէին. «Մենք պիտի յաղթենք, մենք պիտի յաղթենք…»։ Երբ դուն ամէն օր զոհ կու տաս, կ՚արիւնահոսիս, կը փորձես ճար մը գտնել։ Երբ որ քիթը կ՚արիւնի մարդուն, իր կօշիկով չի զբաղուիր։ Նախ կ՚ուզէ քիթի արիւնը կեցնել, յետոյ կօշիկին կապը կը կապէ։ Մենք այդպէս չ՚ըրինք։ Ընդհակառակը աւելի հէյճանի եկանք եւ մեր վարչապետը կարծեց թէ ինչպէս ինքնաշարժներուն տակը պառկելով ցոյցեր ղեկավարեց եւ յաջողութեան հասաւ, պատերազմն ալ այնպէս պիտի շահէր։ Ես կ՚ըսեմ, գիտնալով թէ ծանր է խօսքս, իշխանութիւնները շատ աւելի կոպիտ վարուեցան մեր երիտասարդներուն հետ, քան թշնամին։ Թշնամին գիտես որ պիտի կրակէ։ Եւ գիտես թէ այնտեղ կրակ կայ, չես ուզեր չէ՞ քու զաւակդ ղրկել այդ կրակին մէջ։ Գուցէ եւ բան մը պէտք կ՚ըլլայ մէկ հոգին կը զոհես, բայց ամէնը իրաւունք չ՚ունիս զոհելու։ Թերեւս իրենք ալ շուարած էին։ Եւ այդ ցաւը մինչեւ հիմա կը շարունակուի։ Իմ կինս Սիւնիքէն կու գայ։ Իր գիւղէն դասընկերներ կորսնցուց։ Մարդիկ որ ես ճանչցած եմ։ Ես ալ նոյնպէս ընկերներ կորսնցուցի։ Առաւօտը երբ կ՚արթննայի, չէի ուզեր որ հեռախօսս նայիմ, որովհետեւ ամէն օր այսինչ տեղը կը ռմբակոծուի, այսինչ տեղ մարտեր կ՚ընդանանի նման լուրերով լեցուն էր։ Չէի ուզեր անկողինէն դուրս գալ։ Այդքան ծանր հոգեկանվիճակ մըն է, որ դեռ կը շարուանկուի։ Բայց նաեւ կեանքը պիտի շարունակուի։ Հետեւաբար այս վիճակներուն մէջ էինք պատերազմի ծանր օրերուն։
Լ.Ք.- Հիմա քիչ մըն ալ լաւ բաներ խօսինք։ Դուք բանաստեղծ էք եւ բանաստեղծութիւններու գիրքեր ունիք։ Քանի՞ հատ են, եւ ո՞ւր տպուած։
Ս.Ա.- Երկու գիրք ունիմ հրատարակուած, առաջինը «Տարտամ Տողեր» 1997-ին, Պէյրութ տպուած է, եւ երկրորդը 2000 թուականին տպուած է դարձեալ Պէյրութ, որու խորագիրն է՝ «Կանայի Հարսանիք»։ Բանաստեղծութեան հանդէպ ոչ թէ սէրս պակսեցաւ, այլ կեանքի իրավիճակը ուրիշ էր։ Այն ատեն ամէն վայրկեան ես կը սիրէի բանաստեղծութեան հետ ըլլալ, բանաստեղծութիւն գրել, բանաստեղծութիւն կարդալ, բանաստեղծութեամբ ապրիլ, բանաստեղծութեամբ սիրել…։ Հիմա փոխուեցաւ եւ շատ մը պարագաներուն եղած է անշուշտ որ մարդիկ 20-էն 25-ը շատ կատաղի գրամոլ ըլլալու չափ գրեն, յետոյ այսպէս ալիքներ կու գան ու կ՚երթան։ Անշուշտ կը սիրեմ բանաստեղծութիւնը, բայց հիմա լրագրութիւնը այդքան մէջս է, որ այդ բանաստեղծութիւնը երկրորդ ծրագիր եղած է։ Կը գրեմ յաճախ, անշուշտ աւելի ցանցառ։ Կը տպուին ամսագիրներուն մէջ, որոնցմէ վերջինն էր «Փաթիլ»ը։
Հայաստանի մէջ ընդհանրապէս արեւմտահայերէն բանաստեղծութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն մը չկայ։
Լ.Ք.- Ինչպէս որ հասկցանք, Պոլսոյ գաղութի մասին գիրք մը պատրաստելու նպատակ ունիք։ Սկա՞ծ էք գիրքի համար աշխատելու։
Ս.Ա.-Այո, արդէն մէկ շաբաթ է, որ Պոլիս եմ։ Ցաւօք շուտ պիտի վերադառնամ։ Մօտաւորապէս 20 հարցազրոյց կրցայ ընել։ Շատերը գրաւոր պիտի շարունակուին։ Այսինքն 25-էն 30 հարցազրոյց։
Գիրքը պիտի ըլլայ ներկայացուցչական, այսինքն տարբեր խաւերու անդամներ պիտի ըլլան մէջը։ Կրօնական, ազգային, կրթական, ընկերային, սովորական պարզ մարդոց հետ ալ խօսած եմ։ Կ՚ուզեմ որ այդ գիրքը հիմք ըլլայ, որ այսօրուայ Պոլսոյ կեանքը արտացոլացնէ։ Ի՞նչ են դժուարութիւնները, ի՞նչ խնդիրներ ունի պոլսոհայը, ի՞նչ ըսել է այսօր 2022-ին Թուրքիոյ մէջ որպէս հայ ապրիլ, ի՞նչ են հարցերը, որոնք ամէն օր կը բախին, կը զարնուին ձեզի եւ ամենակարեւորը ինքնութիւնը։ Ձեր ինքնութիւնը որ իմ ալ ինքնութիւնն է։ Ինչո՞ւ այս գիրքը, որովհետեւ ասիկա 100 տարի ետք վերադարձ մըն է՝ ինչպէս այն ֆիլմը, որուն ես մասնակից եղայ, որ կը կոչուի. «Կօշիկներս Պոլիս ձգեցի»։ Ատիկա վերադարձ մըն էր գրողի մը, որ 100 տարի ետք կու գայ եւ այն թրքերէնը որ ես կը խօսիմ ճամբան։ Շատեր կը զարմանան, այսպէս կը նային.«Դուն ո՞ւրկէ ես» կ՚ըսեն։ Ես կ՚ըսեմ գաւառէն եմ։ Բայց կարծես լեզուս պահարանի մը մէջ մոռցած էի, ինչպէս հագուստ մը որ պահարանի մը մէջ պահած էի եւ հիմա եկայ եւ այդ հագուստը հագայ ու կը քալեմ ձեր մէջ։ Կը նային թէ հագուստիս տեսակը ուրիշ է, տարբեր է, բայց հարազատ է։ Այդ կապն է, այդ կամուրջն է եւ ինչպէս ըսի, կ՚ուզեմ որ այս գաղութը սիրենք։ Ասիկա մեր վերջին պատուհանն է Թուրքիոյ վրայ բացուած։ Եթէ մենք մեր գոյութիւնը, մեր իմաստը այս տարածքի վրայ պիտի շարունակենք որպէս հայեր, նաեւ պիտի հասկնանք որ այստեղ պատմութիւն մը կայ, որ չենք կրնար ջնջել։ Չենք կրնար մոռնալ եւ ամենակարեւորը այս բոլորին մէջ մենք պիտի գուրգուրանք այս համայնքին։ Պիտի սիրենք այս համայնքը։ Որովհետեւ մեր անցեալն ալ կայ հոս։ Իսկ եթէ մենք այդ անցեալը կ՚ուզենք ապրեցնել, Այնթապի, Քիլիսի, Պիրէճիկի, Ուրֆայի, Տիգրանակերտի, Պոլսոյ, Սկիւտարի մեր տուներու բանալիները պէտք չէ կորսնցնենք։ Այդ բանալիները պէտք է պահենք։ Այս օրինակը Ռոպըրթ Ֆիսքէն սորված եմ։ Ան յօդուած մը գրած է պաղէստինցիներու մասին, որ մինչեւ հիմա բռնագաղթուած են, դուրս դրուած են, բայց իրենց մօտ կը պահեն երբեմնի տուներնուն բանալիները։ Մենք հայերս այս է որ պէտք է սորվինք։ Շատ դիւրին է Ամերիկա ապրիլ եւ Թուրքիան քննադատել, պոլսահայերը քննադատել եւ ամէն ինչ քննադատել։ Բայց մենք պարտաւոր ենք պահպանելու։ Պարտաւոր ենք կառուցելու։ Մեզի համար Թուրքիոյ բնաջնջումը տեսութիւն մը պիտի չ՚ըլլայ։ Մենք ատիկա պիտի չ՚ուզենք։ Պիտի ուզենք ապրիլ, գոյատեւել եւ բարգաւաճիլ՝ որ ամենակարեւորն է։
Լ.Ք.- Ուսումնասիրական այս առաջին գիրքը միայն հայերէ՞ն պիտի տպուի եւ ե՞րբ։
Ս.Ա.- Այո, միայն հայերէն պիտի տպուի։ Ան կը պարունակէ հայերէն լեզուով հարցազրոյցներ եւ նաեւ յօդուածներ։
Ամենաուշը Սեպտեմբերին պէտք է լոյս տեսնէ։ Կը ծրագրեմ սոյն տարուայ Հոկտեմբեր ամսուն Պոլսոյ մէջ ընթերցողներուն ներկայացնել հայելիի մը բնոյթով այս աշխատութիւնը։
Լ.Ք.- Դուք Լիբանան ծնած էք։ Իսկ ձեր նախնիները Թուրքիոյ հետ կապ ունի՞ն։
Ս.Ա.- Այո։ Մայրիկիս ընտանիքը Ատանայէն է։ Հայրիկիս ընտանիքը Պիրեճիքէն։ Պիրեճիք Ուրֆայի կողքին պզտիկ գիւղ մըն է, ջրառատ, շատ գեղեցիկ։ Չեմ եղած, բայց կ՚ուզեմ ըլլալ։ Հայրս ծնած է Սուրիոյ կողմը, Ճերապլուս։ Մայիիկիս ընտանիքը, երբ Ատանայէն Պէյրութի նաւահանգիստ եկած են, նախ իջեւանած են Զահլէ գիւղաքաղաքը։ Մայրս հոն ծնած է։
Հօրենական կողմէ մեծ մայրիկս ճանչցած եմ։ Իմ թրքերէնի իմացութիւնս իրեն կը պարտիմ։ Թագուհի նենէս շատ աշխատասէր կին մըն էր եւ թրքախօս էր։ Միշտ կ՚ուզէր թոռնիկներուն լաւ բան մը ընել, լաւ ճաշեր եփել։ Հայրս եւ իր մայրը թրքերէն կը խօսէին իրենց միջեւ։ Հայրս շատ լաւ թրքերէն կը խօսէր եւ բացառիկ քրտերէն։ Ճերապլուսի մէջ իրենց հարեւանները քրտեր եղած են եւ մեծ հայրս ձէթի առեւտուրի լաւ գործ ունեցած է։ Մայրս ալ թրքերէն գիտէր, բայց քիչ մը Թագուհի նենէէս տարբեր էր։ Հայրս եւ մայրս մեզի հետ միշտ հայերէն խօսած են։ Մեր տան մէջ բնաւ թրքերէն չէ հնչած։
Լ.Ք.-Վերջին խօսք ըլլալով մեզի ի՞նչ կրնաք ըսել։
Ս.Ա.-Մեր ճաշերը, մեր երաժշտութիւնը… Այս բոլորը մեզի պատգամներ են։ Ինչպէս ըսի, եթէ մենք կ՚ուզենք ապրիլ այս շրջանի մէջ, պիտի հասկնանք թէ ո՞վ է մեր շուրջը։ Ճիշդ է որ մեզի հանդէպ մեղքեր գործուած են, բայց ճամբայ մը պիտի գտնենք։ Ինչպէս Հրանդ Տինքը կ՚ըսէր, ջուրը իր ճամբան կը գտնէ, մենք ալ ապրելու ճամբայ մը պիտի գտնենք։ Այսքան տարի է որ Հայստանն եմ, նման ատելութիւն չէր եղած Թուրքիոյ հանդէպ։ «Առանց թուրքի Հայաստան» կ՚ըսեն։ Կը հասկնամ, ծանր ժամանակներ են, մենք վիրաւոր ենք։ Բայց թուրքի հանդէպ ատելութիւնը օգուտ մը չի տար, տեղ մը չի տանիր մեզ։ Ատելութիւնը նախ վնաս է մեզի։ Ես չեմ ըսեր որ սիրենք, սիրաբանինք։ Բայց այս ատելութիւնը մեզի վնաս է։ Մենք նաեւ ուրիշ ձեւով, ուրիշ տեսանկիւնէ պէտք է նայինք խնդիրներուն։