ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
Պոլսահայ թատերական կեանքի նուիրեալ գործիչներէն Պօղոս Չալկըճեան մեծարուեցաւ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան շքանշանով։ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած շքանշանի տուուչութեան միջոցառումին արհիապատիւ Լեւոն Արք. Զէքիեանի շքանշանը զետեղեց մեծարեալի լամբակին։ Տուուչութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան, Մշակոյթի Նախարարութեան Տեղակալ Ահմետ Միսպահ Տեմիրճան եւ հրաւիրեալներու հոծ բազմութիւն մը։
Օրուան հանդիսավարներն էին Թամար Մանկասար եւ Նաթալի Մինասեան։ Տուչութեան առթիւ ելոյթ ունեցաւ Պէյօղլուի նախկին քաղաքապետ եւ այժմ Մշակոյթի Նախարարութեան Տեղակալ Ահմետ Միսպահ Տեմիրճան։ Ան դրուատեց Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի արդի հայ թատրոնին մէջ ունեցած ներդրումը եւ յարատեւութիւն մաղթեց իր անունով շքանշանի տուուչութեան համար։
Մեծարեալին կենսագրութիւնը կարճամեթրաժ շարժանկարի մը ձեւաչափով ներկայացուեցաւ հանդիսատեսին։ Ապա ելոյթ ունեցաւ Պօղոս Չալկըճեանի քոյրը, ինք եւս միութենական թատրոնի ուխտաւոր Պերճուհի Պէրպէրեան։
Պերճուհի Պէրպէրեան սրտախօսիկ նախադասութիւններով բնութագրեց իր կրտսեր եղբօր հանդէպ տածած հոգատարութիւնը, այդ զգացումը վերագրելով մայրական գուրգուրանքի։
Ելոյթով մը հանդէս եկաւ նաեւ «Քոչ» Համալսարանի բաղդատական գրականութեան դասախօս Տոքթող Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու։ Ան Պատմեց Պօղոս Չալկըճեանի հետ Ֆըրաթ Կիւլլիւի միջոցաւ ծանօթանալու ոդիսականը։ Տոքթոր Ուսլու նշեց թէ 2010-էն սկսեալ Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին հայկական թատրոնի հետ հետաքրքիր շրջանակ մը գոյացած է։ Այդ շրջանակը իր գիտելիքներով զարգացնելու գործին մէջ անփոխարինելի է Պօղոս Չալկըճեանի վաստակը։ «Պօղոս Չալկըճեան հայ թատրոնի մեծ աւանդութեան կենդանի յուշարձանն է։ Այս հողերը մեծ կարիքը ունին նման գործիչներու»։
Արտայայտուեցաւ նաեւ անցեալին Պօղոս Չալկըճեանի հետ թատերական աշխատութիւններ տարած եւ Կեդրոնական Վարժարանի Սաներու Միութեան վարչութեան մէջ աշխատակցած Մուրատ Ճաւաք։ Ճաւաք իր անհատական փորձառութենէն մեկնելով վկայեց թէ Չալկըճեան բազմաթիւ երիտասարդներու ներառած է թատրոնի եւ բեմի հանդէպ սէր եւ գիտութիւն։ Ապա բեմ բարձրացաւ Վիյանայէն ժամանած դուդուկահար Արամ Իփեքճիեան եւ թմբկահար Պուրակ Մեսրոպեանի ընկերակցութեամբ ներկայացուց գողտրիկ ունկնդրութիւն մը։
Պողազիչի Համալսարանի բեմական արուեստներու բաժնի գործիչ Ֆըրաթ Կիւլլիւ եւս անդրադարձաւ մեծարեալին ուսանողներու, հետազօտողներու, պաշտօնակիցներու եւ ընկերներու հետ մշակած մտերիմ յարբերութիւններուն։ Ան այս առթիւ գնահատեց Հրանդ Տինք Հիմնարկի եւ Թատրոնի Հիմնարկի համատեղ ջանքերով իրականացած Յակոբ Այվազ ցուցահանդէսի համար անոր բերած մասնակցութեան։ Ապա ելոյթ ունեցաւ Նէսիմ Օգատիա Իսրայէլ, որ յղացած էր Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան շքանշանը այս տարի Պօղոս Չալկըճեանի նուիրելու գաղափարը։
Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ Լուսաւորիչ Երգչախումբը Կոմիտաս Վարդապետի, Բարսէղ Կանաչեանի եւ Քրիստափոր Գարամուրզայի գործերէն բաղկացող համառօտ համերգ մը սարքեց։
Գերապայծառ Զէքիեան շքանշանի տուուչութեան պահուն շեշտեց թէ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի շքանշանով կը պարգեւատրուին ոչ միայն հայ մշակոյթի ծառայողները, այլ երկրին մշակոյթին ալ կարեւոր ներդրում բերողները։
Միջոցառումը աւարտին հասաւ Պօղոս Չալկըճեանի երախտիքի խօսքերով։