«Արմէնփրէս».- Հայաստան կը գտնուի ամերիկահայ ականաւոր գիտնական, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր, մասնիկային կենսաբան եւ ջղաբան, փրոֆեսէօր Արտեմ Փաթափութեան, որ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Ընդհանուր ժողովի 9 Յունիսի որոշումով ընտրուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ պատուաւոր անդամ։
Փաթափութեան 14 Յունիսին այցելեց Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանի ուղեղի հիմնարար հետազօտութիւններու գիտակրթական «Քոբրէյն» կեդրոնը, ուր գիտնականը տնկեց այն բոյսի հատիկը, որմէ ստացած է յայտնի մասնիկը։ Տեղի ունեցաւ նաեւ Գիտական խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին գիտնականը ընտրուեցաւ բժշկական համալսարանի պատուաւոր դոկտոր։
Կեդրոնին մէջ շրջագայելէ ետք, Փաթափութեան ԵՊԲՀի կարմիր դահլիճին մէջ հանդէս եկաւ «How do you feel? The molecules that sense touch» նիւթով դասախօսութեամբ։
«Հայաստան գտնուելուս պատճառներէն մէկը այն է, որ նաեւ ծանօթանամ Հայաստանի գիտութեան ոլորտին մէջ զարգացումներուն. կ՚ակնկալեմ նոր համագործակցութեան հիմքը դնել։ Կառավարութիւնը կը փորձէ աւելցնել ֆինանսաւորումը գիտութեան եւ հետազօտութեան յատկացուած, ինչ որ ոլորտի զարգացման համար առաջին կարեւոր քայլերէն է։ Կը յուսամ, որ երիտասարդ ուսանողները, տեսնելով իմ օրինակը՝ կը ձգտին աւելի լաւ արդիւնքներու», յայտնեց ան։