ԳԱՅՈՒՇ ՉԱԼԸՔՄԱՆ ԿԱՎՐԻԼՈՖ
Մօտաւորապէս մէկ դարու հեռաւորութեամբ երկու անուններ՝ Ռիկաս եւ Փարամազ նոյն նպատակի համար նման կոչերով հանդէս եկան։ Երկուքն ալ խնդիր ունէին բռնատիրութեան հետ։ Անջատողականներ չէին, երկրի ժողովուրդները տարանջատելու փոխարէն կը ձգտէին տարբեր ազգութիւնները դասակարգային գիտակցութեան մը մէջ մէկտեղելու։ Տակաւին համայնավար անուանումը հանրածանօթ չէր դարձած, երբ Ռիկաս Ֆրանսական մեծ յեղրափոխութենէ ազդուելով հաւասարութեան եւ բարեկամութեան հիմքերու վրայ Օսմանեան երկրէ ներս ալ ժողովրդավարական յեղաշրջում մը իրականացնել կը ջանար։ Այդ հեռանկարով սահմանադրութեան նախագիծ մը պատրաստող Ռիկաս ազգային ինքնութիւնը կամ կրօնի տարբերութիւնները անտեսող հաւասար քաղաքացիութեան մը առաջարկը կը ներկայացնէր։ Աւելի քան 100 տարի ետք «Երանի յաջողէր» կ՚ըսենք Փառամազի առաջարկած Դաշնակցանկան Անատոլիայի մը գաղափարին։ «Մեր պահանջածը հաւասարութիւն է։ Ազգայնականներ չենք։ Կ՚առաջարկենք հայ, թուրք, քիւրտ, ալեւի, լազ, եզդի, ասորի, արաբ, ղպտիներու համակեցութիւնը։ Որպէս յեղափոխական կը հաւատամ այս նպատակին։ Կը պահանջենք թէ երկրի բոլորո ժողովուրդները իրենց ազատ կամքով ընտրեն երկրի վարիչները։ Այս բանը կը ցանկանք յանուն Հայաստանի ամբողջ բնակչութեան եւ Օսմանեան Պետութեան բոլոր ժողովուրդներուն»։
Նկատած էք թէ որքան ուշագրաւ է այս երկու յեղափոխականի գերազգային մերձեցումը։ Այսօր Թուրքիոյ մէջ իբրեւ ձախակողմեան կամ ընկերվարական ներկայացողներու մեծամասնութիւնը Քեմալական եւ ազգայնական դրդումներով դիտումնաւոր կերպով կը քօղարկեն պատմութեան այս հատուածը։ Քատիր Աքըն «Քօղարկուած Պատմութեան Հետքերով» անուն գիրքով ահա կը ներկայացնէ այս քօղարկուած պատմութիւնը։ Ան նախապէս ալ «Հայ Յեղափոխական Փառամազը» անուն գիրքով ընթերցողներու լայն զանգուածի մը ծանօթացուցած էր Թուրքիոյ պաշօտանական պատմութեան տեսութեան կողմէ անջատողական հայ ազգայանականներ ըլլալով նկարագրուած Հնչակեան կուսակցութեան այս առաջատար գործիչը։
Քատիր Աքըն այս ուսումնասիրութիւնով կը հրապարակէ Օսմանեան Կայսութեան մէջ համայնավար գաղափարախօսութիւններու ձեւաւորումը Նոյնիսկ քիչ մը աւելի խորը իջնելով ԺԸ դարէն յոյն յեղափոխական Ռիկասով մեկնարկող եւ 1908-ի սահմանադրութեան երկարող Մարքսական գաղափարախօսութեան պատմութիւնը։
«Քօղարկուած Պատմութեան Հետքերով» հատորը լոյս տեսած էր նախորդ տարուայ ամառուայ ամիսներուն։ Գիրքը շուտով արժանացաւ երկրորդ տպագրութեան։ «Տիփնոթ» հրատարակութեան մատենաշարէն լոյս տեսնող այս 390 էջանի ուսումնասիրութիւնը կը բացուի հեղինակի ներածականով, որուն կը յաջորդէ Էրթուղրուլ Քիւրքչիւի գրի առած նախաբանը։ Առաջին բաժնին մէջ կ՚ուսումնասիրուի կայսրութեան անկման շրջանին զուգահեռ ընթացող արեւմտայնացման եւ արդիականացման հոսանքները։ Յոյն յեղափոխական Ռիկասի հեղինակած սահմանադրութեան օրուայ թագաւոր Սելիմ Գ.-ի կողմէ մերժուելուն եւ նոյն սուլթանի հրամանով սպանութենէն աւելի քան կէս դար ետք հայոց սահմանադրութեան ընդունելութիւն գտնելը։
Ապա կ՚անցնինք գիրքի երկրորդ բաժինը եւ առաջին բաժնի ենթապատկերին վրայ այս անգամ կը տեսնենք Կայսրութեան առաջին սահմանադրութենէն՝ «Քանունը Էսասի»էն ձանձրացած Խորհրդարանը լուծած Կարմիր Սուլթան ածականով ծանօթ Համիտ Բ.-ի շրջանը։ Սուլթանի վախերով անտանելի դարձած քաղաքական ճնշումներու տակ նոր միտքերու, նոր գաղափարներու ծիլարձակման շրջանն ենք։ Երիտ Թուրքերը կը մէկտեղուին կուսակցութեան մը շուրջ եւ անդին արդէն կը գործեն ՍԴՀԿ եւ ՀՅԴ։ Զանգուածային բողոքի ցոյցեր, ժողովրդական դիմադրութիւն, հայ ֆետայիական միաւորումներ ու վերջապէս Իթթնհատ եւ Թերաքքի, այսինքն միացում եւ զարգացում կուսակցութեան հիմնադրութիւնը այս երկրորդ բաժնի նիւթերն են։
Հատորի երրորդ եււ վերջին բաժնի մէջ սահմանադրութեան հռչակումը, Խորհրդարանի վերաբացումը եւ զինեալ ապստամբութենէ հրաժարող Հնչակեան եւ Դաշնակեան ֆետայիներու իրենց կուսակցութեան եւ նոյնիսկ Իթթիհատականներու ցանկերէն Խորհրդարան մուտք գործելը այս երրորդ բաժնին նիւթերն են։ Հոն նաեւ կ՚արծարծուին քաղաքական կուսակցութիւններու յարաբերութիւնները, բացի հայերէ, յոյն եւ հրեայ ընկերվարականներու աշխատութիւնները եւ Օսմանեան ընկերվարական կուսակցութեան հիմնադրութիւնը։ Այս հատուածի հետաքրքրական պատումներէն մէկն ալ Խորհրդարանի համայնավար պատգամաւորներէն Համբարձում Պոյաճեան, Վարդգէս Սերենկիւլեան, Վահան Փափազեան եւ Տիմիթրի Վլահոֆի իրենց միջեւ կազմած խմբակցութիւնն է։ Այս խմբակը բանուորներու իրաւունքներու, հարկահաւաքման կանոններու արդարացման, հողի սեփականութիւնը դասաւորելու, Պետական Գանձի կրթութեան եւ ուսման համար բարելաւման, կնոջ իրաւուքներու եւ զինծառայութեան օրէնքի նման նիւթերու մէջ յաճախ ամպիոն բարձրանալով այս նիւթերէն անտեղեակ պատգամաւորները իրենց ելոյթներով իրազեկ դարձուցած են։ Քանի կը խօսինք կնոջ իրաւունքներու մասին պարտիմ նշել թէ այս Խորհրդարանին մէջ ոչ մէկ կին եղած է։ Դարձեալ այս բաժնի մէջ կը կարդանք իշխանութիւնը նուաճող Իթթիհատականներու, յեղափոխութիւնով գահընկէց ըրած Կարմիր Սուլթանի ռազմավարութիւնները նոյնութեամբ իւրացնելու եւ գործադրելու երեւոյթները։
Մինչեւ երրորդ բաժին «Երանի»ներով ընթացող ընթերցումը այս բաժնին մէջ բաւականին ցնցիչ կերպով զուգահեռներ կը գոյացնէ այսօրուայ քաղաքական անցուդարձներու հետ։ Արդէն պատմագիտութեան կարեւոր յատկանիշներէն մէկն ալ ներկայի խնդիրները ընկալելու եւ լուծումներ գտնելու համար անցեալի օրինակները ուսումնասիրելու միջոց մը չէ՞։ Եւ ճիշդ ալ այդ պատճառաւ չէ՞ որ պատմութան որոշ զարգացումները դիտումնաւոր կերպով կ՚անտեսուին ու կը քօղարկուին։
Այս լուրջ ուսումնասիրութեան հեղինակը Քատիր Աքըն 26 Օգոստոս 2021-ին «Կազեթէ Տուվար» թերթին թղթակցին հետ զրոյցի պահուն կ՚ըսէ թէ «Երկար ատենէ ի վեր անդրադարձած եմ թէ Թուրքիոյ ընկերվարական շարժումը խնդիր ունի գերազգայնութեան հետ։ Հանրապետութեան հիմնարկութեան տարիներուն շրջանարութեան դրուած զրպարտութիւն մըն է թէ հայ կուսակցութիւնները գործակցած են կայսերապաշտ ուժերու հետ։ Թուրք ընկերվարական շրջանակները այս զրպարտութիւնը իւրացուցին եւ թրքական ազգայնականութիւնը անտեսելով հայ քաղաքական շարժումները ազգայնականութիւնով մեղադրեցին։ Այս թերութիւնը մեր երկրի մէջ համայնավար պատմութեան եւ այդ գաղափարախօսութեան տարած հսկայ պայքարը անտեսելու պատճառ դարձաւ»։
Վերեւ ընդօրինակուած արտայայտութիւնները Քատիր Աքընի այս գիրքը պատրաստելու մղող գործօնն ալ կը պարզէ։
Ուրեմն մեզի կը մնայ հեղինակը շնորհաւորել, գիրքի հրատարակութեան համար աշխատող բոլորին երախտագիտութիւն յայտնել եւ ընթերցողներու ուշադրութիւնը այս կարեւոր ստեղծագործութեան հրաւիրել։