ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Նախորդ հինգշաբթի երեկոյ համայն պոլսահայութեան համար մեծ նշանակութիւն ունեցող օր մը ըլլալով կարելի է բնութագրել, քանի որ այդ օր երկու անջատ վայելք հանդիպած էին նոյն երդիկին տակ։ Այդ հանդիպման առաջին նշանակութիւնն էր Սեւ Ծովեայ Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան հիմնադրութեան 20-ամեակի նշումը եւ երկրորդն էր Հայաստանի երաժշտական առաջնատար ներկայացուցիչներէն Կոմիտաս Քառեակի հոյակապ համերգը։
Կոմիտաս Քառեակը իր երաժշտական բարձր կատարումով մէկ դար է, որ կը պանծացնէ գլխաւորութեամբ Կոմիտաս Վարդապետի, հայ երաժշտութեան ամենակարեւոր նմոյշները։
Միջոցառումը մեկնարկեց շնորհալի երկու հաղորդավարներու՝ Գարոլին Մամիկոնեանի եւ Սարօ Պենկլիեանի ողջոյնի խօսքերով։ Անոնք իրենց եռալեզու ուղերձներով հայերէն, անգլերէն եւ թրքերէնով ողջունեցին ներկայները եւ ապա ելոյթ ունենալու համար բեմ հրաւիրեցին ՍԾՏՀ կազմակերպութենէ ներս Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը։ Ապա ելոյթ ունեցաւ ՍԾՏՀԿ ընդհանուր քարտուղար դեսպան Լազար Քոմանէսքու եւ Կարգադիր Յանձնախումբի անունով ալ «Ժամանակ» թերթի խմբագրապետ Արա Գօչունեան։
Այս ելոյթներէն ետք կատարուեցաւ յուշանուէրներու տուուչութիւն մը։ Այստեղ տողանցեցին պոլսահայ համայնքի ծանօթ հասարական գործիչներ կամ բարերարներ, որոնցմէ մէկ մասը արդէն ծանօթ են, այս գրասենեակի հիմնադրութեան օրերէն սկսեալ իրենց նուիրեալ աջակցութեամբ։ Օրինակի համար, երբ Տիգրան Ալթուն բեմ կը հրաւիրուէր, որպէս երախտիքի արտայայտութիւն, յուշանուէր մը ստանալու համար, այս կազմակերպութեան հիմնադրութեան օրերուն ծանօթ շատեր իսկոյն կը յիշէին թէ Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը աշխատանքի սկսած էր նոյն ինքն Տիգրան Ալթունի սեփական գրասենեակին մէջ, իրեն տրամադրուած սենեակով մը։
Նոյնպէս Սամսոն Էօզարարատ հիմնադրութեան այդ առաջին օրերուն կարեւոր ներդրում ունեցած էր։ Սակայն մեծարեալներուն մէջ կային այնպիսի անձինք, որոնք դիտումնաւոր կերպով հեռաւորութիւն պահած էին այս հաստատութեան հանդէպ եւ սակայն նոյնպէս կը տողանցէին բեմին վրայ հետզհետէ պոլսահայ միջոցառումներու կիզակէտը դարձած փլաքեթի տուուչութեան իրենց ներկայութիւնը բերելու համար։
Իսկապէս ձանձրացուցիչ էր յայտագրի այս հատուածը, որ կը տեւէր մօտաւորապէս 1,5 ժամ։ Սակայն այդ ձանձրացուցիչ սպասումին յաջորդողը կատարեալ վայելք մըն էր բոլորին համար շնորհիւ Կոմիտաս Քառեակի։
Սակայն այստեղ դարձեալ կար մանրամասնութիւն մը, որն էր պատուական փառաւոր անցեալ մը ունեցող խումբին անուան կցուած «ազգային» ածականը։ Ըստ երեւոյթի յետ սովետական շրջանի մոլուցքներէն մէկն ալ տեղի-անտեղի գործածուած «ազգային» մակդիրն է։ Յիշենք որ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիեան ալ այս նոյն շրջանին վերանուանուեցաւ «Ազգային Ակադեմիա» կոչումով։
Սակայն այս տողերէն անջատաբար նշենք որ Կոմիտաս Քառեակը իր կատարողական բարձր մակարդակով հիանալի ապրումներ մատուցեց Տեպիւսիի, Կոմիտասի, Մասսնէի, Ասլամազեանի եւ Յարութիւնեանի ստեղծագործութիւններով։
Քառեակը կը բաղկանար հետեւեալ երաժիշտներէն՝ առաջին ջութակ Էտուարդ Թադէոսեան, երկրորդ ջութակ Սիւզի Երէցեան, ալտ Ալեքսանտր Կոսեմեան եւ թաւջութակ Անճելա Սարգսեան։
Մասսնէի «Մտորումներ» յօրինումին մէջ դաշնակահարուի Սելին Կիւլիւն կ՚ընկերակցէր ջութակահար Էտուարդ Թադէոսեանի։ Իսկ Յարութիւնեանի «Սասունցիներու Պար» ստեղծագործութեան մէջ ալ դաշնակահարուհի Մելինա Սեճիկեան Գույումճու կը նուագակցէր քառեակին։
Յոբելենական բնոյթով այս միջոցառման համար հրատարակուած էր եռալեզու գրքոյկ մը, որու բովանդակութեան մէջ կը նկատենք Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեանի, ՍԾՏՀԿ Հայաստանի ներկայացուցիչ Սակահ Սարգսեանի, ՍԾՏՀԿ Ընդհանուր Քարտուղար Լազար Քոմանէսքուի, Արա Գօչունեանի սրտի խօսքերը, Կոմիտաս Վարդապետի եւ Կոմիտաս Քառեակի ու նաեւ կազմակերպութեան անցած տարիներու մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ։
Բծախնդիր աշխատանքով մը հանդիսատեսին ներկայացող այս եզակի համերգի միակ թերութիւնը շուրջ 1,5 ժամ տեւող եւ շատ անգամ ալ եռալեզու կրկնութիւններով ընթացող հատուածն էր, որ թերեւս ալ անխուսափելի էր նկատի ունենալով հանդիսութեան դիւանագիտական բնոյթը։