ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ,
ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Հայ Հիմնարկներու միութեան՝ ԷՐՎԱՊ-ի առաջին նիստը տեղի ունեցաւ 6 Յունիս երկուշաբթի օր Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի սրահին մէջ։ Համավարակի պատճառաւ աւելի քան երկու տարիէ ի վեր չէր կայանար ԷՐՎԱՊ-ի ժողովները, որոնք անցեալին ունէին ամսական հերթականութեան բնոյթ։
Երկուշաբթի օրուայ ժողովին նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեան։ Օրակարգի գլխաւոր նիւթն էր ինը տարիէ ի վեր չկայացող համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւնները։ Պատրիարք սրբազանի խօսքերով այս բացթողումը մօտեցած է իր աւարտին եւ կ՚ակնկալուի թէ սոյն տարուայ ընթացքին կայանան համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւններու ընտրութիւնները։
Իսկ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ընտրութեան համար կը նախատեսուի 2023 թուականը։ Յայտնի չէ թէ ո՞ր պայմաններու բերումով հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ընտրութիւնը անջատուած է ամբողջէն։
Պատրիարք սրբազանը պարզեց նաեւ ընտրութիւններու մասնակցելու դրութեան մասին փոքրամասնութեան տարբեր համայնքներու ակնկալութիւնները։ «Յոյն համայքնը կը պահանջէ որ ընտրութիւնը կայանայ նահանգային բնոյթով եւ քաղաքի բոլոր յոյն հայրենակիցները քուէարկեն բոլոր հաստատութիւններու համար» ըսաւ պատրիարքը։
Նշենք որ երկրի յոյն համայնքը ամենաշատ հիմնարկներ ունենալով հանդէպ ամենանուազ բնակչութիւն ունեցողն է։ Ասոր փոխարէն ասորիներ կը պահանջեն թէ հիմնարկներու վարչութիւնները ընտրուին թաղ առ թաղ, գիւղ առ գիւղ։ Անոնց այս պահանջը կը համապատասխանէ նախորդ դրութեան, որուն դէմ առարկութիւններու հետեւանքով անհրաժեշտութիւն դարձած էր նոր կանոնագրի մը ձեւաւորումը։ Դիտելով Պոլսոյ թաղերէ ներս հայ բնակչութեան ժամանակի ընթացքին ապրած տեղափոխութիւնները, հայոց պահանջն է ընտրատարածքը հաւաքել ամբողջ Պոլսոյ մաշտաբով։ «Մեզի համար ձեռնտու է նաեւ մեր հիմնարկները դասաւորել չորս ընտրատարածքի մէջ, բայց բոլորովին անընդունելի է տարանջատուած ընտրութեան համակարգը»։
Պատրիարք սրբազանի այս հաստատումի ետին կարելի է դիտել պոլսահայ համայնքի յատուկ հակասութիւնները։ Որոշ թաղեր համարեա բոլորովին հայաթափ եղած են։ Ուրեմն անիմաստ է այդ թաղի եկեղեցին մատակարարելու համար թաղեցիներու թեկնածութիւն պահանջել։ Բայց կան այնպիսի թաղեր, որոնք նօսրացած բնակչութիւնով հանդերձ ունին եկամտաբեր կալուածներ, որուն փոխարէն թաղեցիներով հարուստ, բայց կալուածներով աղքատ այլ թաղեր։ Ճիշդ ալ հոս է որ կը ծագի կարծիքաներու բախումը։
Սահակ սրբազան անդրադարձաւ նաեւ կրթական համակարգի դժուարութիւններուն։ Պատրիարքը յայտնեց թէ, ինք անձամբ դէմ է դպրոց փակելու առաջարկներուն մանաւանդ երբ նման առաջարկներ կը հնչեն ընտրութիւններու ընդառաջ։ Նաեւ օրակարգի եկաւ յառաջիկայ ընտրութիւններու ընթացքին իրենց թեկնածութիւնը առաջադրելու նպատակ ունեցողներուն համար հաստատութիւններու ելմտային տուեալները ներկայացնող տեղեկագրի մը պատրաստութեան նիւթը։
Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր «Ակօս»ին կատարած յայտարարութիւններու ընթացքին տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնները։ «Ժողովը արդիւնաւէտ էր։ Մէկտեղուեցանք 32 հիմնարկներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Օրակարգի գլխաւոր նիւթը առկախուած ընտրութիւններն էին։ Պատրիարք սրբազանը ներկայացուց ընտրատարածքներու վերաբերեալ նախագիծը։ Նախագծի համաձայն Ոսկեղջիւրի արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածները, Ասիական ափը եւ գաւառի եկեղեցիները չորս անջատ ընտրատարածքներ ըլլալով կը ներկայանան։ Մինչ այդ Սուրբ փրկիչ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու դարձեալ անդրադարձաւ դպրոցները միացնելու խնդրին, դիտել տալով թէ հաւանական երկրաշարժի մը դէմ դպրոցի շէնքերու ամրացման համար նախատեսուած գումարները քառապատկուած են»։