Մեր նախորդ թիւերուն մէջ ալ անդրադարձած էինք զանազան իշխանութիւններու երգի դէմ բերած արգելքներուն։ Վերջերս իրերայաջորդ կերպով չեղեալ համարուած էին զանազան համերգներ, որոնց տոմսերը օրեր առաջուց հրապարակ ելած եւ սպառած էին։ Այժմ 1134 երաժիշտներ, երգիչ, երգահան կամ խօսքերու հեղինակ երաժշտական որոլորտի բազմաթիւ գործիչներ միասնական յայտարարութիւնով մը պախարակած են այս արգելքները։ Անոնք իրենց հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշած են թէ կարելի չէ երգ ու երաժշտութիւնը արգիլել, քանի որ կարելի չէ սուգը, ընդվզումը, կարօտը, յոյսը եւ ոգեւորութիւնը արգիլել։ «Մեծապէս կը սխալիք եթէ կարծէք թէ ձեր ուժը կը բաւէ արուեստը լռեցնելու։ Ունիք այդ կարողութիւնը եւ կրնաք վերջին պահուն չեղարկել այս կամ, այն համերգը։ Բայց պէտք չէ մոռնալ թէ վերջ ի վերջոյ դուք կ՚երթաք, իսկ արուեստը կը մնայ»։
Այս յայտարարութեան տակ ստորագրող անուններու մէջ կը հանդիպինք երկրի կարեւորագոյն կատարողներուն կամ երգահաններուն, որոնք այժմէն իսկ դասականացած արուեստագէտներ կը համարուին։