Մոլիէրի «Թարթիւֆ» պիէսի բեմադրութիւնը Ատանայէն վերջ Մերիսնի մէջ ալ արգիլուեցաւ հասարակական անվտանգութեան պատրուակով։
Սոյն բեմադրութիւնը նախապէս ալ 5 Դեկտեմբեր 2021-ին Մարտինի մէջ արգիլուած էր։
Ամիտայի թատրոնը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հիւրախաղերու ծրագիրը մշակած էինք 5 Յունիսին Ատանայի եւ 6 Յունիսին ալ Մերսինի մէջ «Թարթիւֆ»ը բեմադրելու համար։ Նախապէս երկու քաղաքներու մէջ ալ թատերասրահ վարձելու համար դիմում կատարեցինք Ատանայի եւ Մերսինի քաղքապետարաններուն։ Երկու քաղաքապետարաններու մշակութային գործերու պաշտօնակատարները նման անհրաժեշտութիւն մը չըլլալով հանդերձ կուսակալութիւններէ թոյլտուութիւն պահանջեցին։ Կատարեցինք պահանջուած դիմումները եւ սակայն երկու կուսակալութիւններն ալ անպատեհ գտան Մոլիէրի քրտերէն ներկայացումը։ Մանաւանդ Մերսինի մէջ ժխտական պատասխանը ստացանք բեմադրութենէն 20 ժամ առաջ, կիրակի գիշեր ժամը 23.00-ին։ Նման վերաբերմունք կ՚ապացուցէ թէ չեղարկելու այս որոշումները բոլորովին կ՚ամայական են։ Մտահոգ ենք տեսնելով թէ քրտերէնով կատարուած արուեստի դէմ այս արգելքները հետզհգտէ յարատեւ կը դառնան» ըսուած է Ամիտայի թատրոնի այս մասին կատարած յայտարարութեան մէջ։