ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
«Ակօս»ի շրջանակներուն համար վաղեմի բարեկամ մըն է Անթուան Ակուճեան, որ 3 Յունիս ուրբաթ օր Երեւան, Նորարար Փորձառական Արուեստի Կեդրոնի մէջ իր գործերով ներկայացաւ Հայաստանի հանդիսատեսին։
Ակուճեան դէպի Արեւմտեան Հայաստան կատարած աշխատանքային շրջագայութիւններու նախօրէին կ՚այցելէր «Ակօս»ի խմբագրատուն եւ իր ճամբորդութեան նախագծտ հիման վրայ մանրամասն բացատրութիւններ կը քաղէր թերթիս հայերէն էջերու աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանէ։ Սերովբեան անուններ կամ հասցէներ կը յանձարարէր, որոնք կրնային դիւրացնել ֆրանսահայ լուսանկարչի արշաւի բնոյթ ունեցող այս այցելութիւնները։ Մեծ ոգեւորութիւն կ՚ապրէինք Ակուճեանի վերադարձով։ Այս անգամ ան կը խօսէր իր ապրումներուն մասին։ Դժբախտաբար իսկոյն չէինք կրնար տեսնել իր աշխատանքի պտուղները։ Չէ որ Ակուճեան կը մերժէր լուսանկարչական թուայնացեալ սարքերը եւ կը նկարէր դասական ոճով, օգտուելով իր «Լայքա» գործիքէն։
3 Յունիսին Երեւանի մէջ ցուցադրուածները ահա այդ գործերն են, որոնք ինչպէս արուեստագէտը ինք ալ կը յայտնէ, իր մէջ թաղուած յիշողութեան Փանտորայի տուփէն դուրս եկած են։
Ակուճեան այս ցուցահանդէսը անուանած է «Լռութեան Ճիչը» խորագրով, որ կը բովանդակէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայ յիշողութեան հետքերը։
Ցուցահանդէսը կը ներկայացնեն՝ Պերնար Կանիմեանը եւ «Ազնաւուր» Հիմնադրամը՝ Նիկոլա եւ Քրիստինա Ազնաւուրներու հովանիի ներքեւ։
Ցուցահանդէսի գործընկերներ են Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը, «Հայաստանի Մանուկներ» հիմնադրամը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, «Կասկոն»ի թատրոնը, «Երազ» պարային համոյթը, «Մայ Ուէյ» եւ «Մուսկարի» ընկերութիւնները, «Արմենիա» հիմնադրամը։
Հայաստանի մէջ առաջին անգամ հանդիսատեսին ներկայացուող այս ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէր ֆրանսահայ արուեստագէտի 30էամեայ որոնումները եւ կ՚ընդգծէ հայկական յիշողութիւնը, որ Անթուան Ակուճեան ժառանգած է ցեղասպանութենէ փրկուած իր մեծ ծնողներէ։
«Լուսանկարչութիւնը կոտրեց իմ մէջ թաղուած յիշողութեան Փանտորայի տուփը։ Ծնած ըլլալով Ֆրանսա՝ սկսած եմ 30 տարի առաջ լոյսի որոնումներս կիսախաւարի մէջ՝ փորձելով պատկերներու մէջ ներդնել ցեղասպանութենէ մազապուրծ փրկուած տատիկներուս եւ պապիկներուս կտակած 1915 թուի մասին մշուշոտ պատմութիւնները» կ՚ըսէ Անթուան Ակուճեան։
«Լռութեան Ճիչը» ցուցահանդէսը կարելի է այցելել մինչեւ 3 Յուլիս։