Ինչպէս աշխարհի բոլոր ժողովուրդները, հայեր եւս ունին իրենց իւրայատոկ խնդիրները։ Բնական երեւոյթ է ժողովուրդի մը իր երկրին մէջ ապրիլը։ Հայը ունի տարբեր յատկութիւն։ Աշխարհասփիւռ հայութեան միայն մէկ երրորդն է որ կ՚ապրի հայրենի երկրի՝ Հայաստանի մէջ։ Այս մէկը, որքան ալ ունենայ դրական յատկութիւններ, հիմնականին բացասական երեւոյթ մըն է, որ հայ ժողովուրդին կը պարտադրէ յատուկ մարտահրաւէրներ։
Վերջին հարիւր տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդի դիմաց ծառացած գլխաւոր խնդիրն է հայապահպանումը։ Մինչեւ Ի. դարու սկիզբը, հայը չունէր նման մտահոգութիւն։ Կեանքը, հոգ չէ թէ բազում դժուարութիւններով, իր բնական հոսքը կ՚ապրէր հայրենի երկրի վրայ։ Ցեղասպանութիւնը ընդհատեց այդ հոսքը։ Աշխարհացրիւ հայութեան համար կեանքի իմաստը սերունդներու տեւողութեամբ բարգաւաճելու փոխարէն, գոյութիւնը պահելու համար մարտնչելու վերածուեցաւ։
Գերմարդկային ջանք կը պահանջէր օտարութեան մէջ ազգը միաւորելու այդ արշաւը։ Մեր նախնիները յաջողեցան նման դժուարին գործը գլուխ հանել։ Բազում օրինակներով գիտենք թէ քանի մը տասնեակ ընտանիքի մէկտեղումը բաւարար եղած է օտար քաղաքի մը մէջ հայկական եկեղեցի մը կառուցելու համար։ Եկեղեցին լրացնողն էր դպրոցը, որ նոյնպէս գոյացաւ խիստ սահմանափակ միջոցներու ձեռքբերումով։ Յաջորդեց մամուլը, գրատպութիւնը եւ ընկերային կեանքի յարատեւութեան ծառայող այլ մարմիններու կազմութիւնը։
Հայը պատմական փորձով գիտէ գոյապայքարի իմաստով եկեղեցւոյ նշանակութիւնը։ Ան էր որ իշխանութենէ զուրկ ազգը դարերու տեւողութեամբ համակեց իր առաջնորդութեամբ։ ԻԱ դարուն հայ անհատը դարձեալ նոյն ակնկալութիւնը ունի եկեղեցիէն, քանի որ նախորդ դարու ընթացքին հիմնուած պետականութեան երեք փորձերն ալ չեն կրցած փոխարինել եկեղեցւոյ այդ առաքելութիւնը։
Այս օրերուս ծաւալող եկեղեցիէ ներս հայախօսութեան վերաբերեալ բանավէճի ետին ահա այս իրողութիւնն է որ կայ։ Շատեր բնականաբար դպրոցի զուգահեռ եկեղեցին ալ կը դիտեն հայերէնի գլխաւոր ամրոցը ըլլալով։ Այս տեսանկիւնով անընդունելի է հայերէնէ զատ ոեւէ լեզուի գործածութիւնը թէ հայ դպրոցի եւ թէ հայ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ։
Անդին, ազգային գիտակցութենէ զուրկ հոգեւորականը իր ծառայութեան մէջ կը գերադասէ քրիստոնէութեան քարոզչութիւնը, անկախ լեզուական նախանձախնդրութենէ։ Կրօնի քարոզչութիւնը միանշանակ նախապատուութիւն կրնայ ըլլալ աշխարհի ցանկացած կրօնաւորի համար, բայց ոչ հայ, ի մասնաւորի գոյամարտ մղող սփիւռքահայ հոգեւորականի։
Նոյնը կարելի է ըսել դպրոցի օրինակով։ Հայ ուսուցիչը եւս ծանրաբեռնուած է կրկնակի առաքելութեամբ։ Չի կրնար լոկ գիտութիւն դաստիարակելով բաւարարուիլ։ Իրմէ ակնկալուածը հայեցի ուսումն է, հայոց մայրենիով դասաւանդուած։
Պարտինք խոստովանիլ որ լրջօրէն նահանջած ենք երկու բնագաւառի մէջ ալ։
Ազգին ակնկալութիւնները կը գերազանցեն մերօրեայ հոգեւորականաց, ուսուցչաց եւ հասարակական գործիչներու կարողութիւններու սահմանները։
pakrates@yahoo.com